Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

September 18, 2024
in Միջազգային
0
ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

 

Պրիւքսէլի քաղաքապետարանի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մեծանուն երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-րդ տարեդարձին առիթով համերգ, որուն յաջորդեց հանդիսաւոր ընդունելութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձին։

Միջոցառման ներկայ էին Պելճիքայի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, պատգամաւորներ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, Եւրոպական յանձնաժողովի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ եւ այլք։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պելճիքայի Թագաւորու-թեան մէջ դեսպան, Եւրոպական միութեան մէջ ՀՀ ներկայացուցչութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեանը։ Ան զուգահեռներ կատարեց հայ ժողովուրդի անցած ճանապարհին եւ  Ազնա-ւուրի կեանքին միջեւ՝ նշելով, որ ներկայիս մեծանուն հայ երգիչի ընտանիքին՝ Հայաստանի մէջ բնակելու հանգամանքը խորհրդանշական է։ Այս փաստը կը վկայէ, որ հայ ժողովուրդին հայրենիքի որոնումը աւարտած է, եւ 33 տարի առաջ Հայաս-տանը վերագտած է իր անկախութիւնը եւ դարձած՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան լիիրաւ ինքնիշխան անդամ։

Ողջոյնի խօսքին յաջորդեց «Ազնաւուր 100» խորագրով համերգը, որմէ յետոյ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձին նուիրուած ընդունելութիւն

Share63Tweet39
Previous Post

ՖՐԱՆՍԱՆ Կ’ԱՋԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԻՆ

Next Post

ԵՐԵՒԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ՎԻԶԱՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍՑՆԵԼ 2-3 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Next Post
ԵՐԵՒԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ՎԻԶԱՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍՑՆԵԼ 2-3 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

ԵՐԵՒԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ՎԻԶԱՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍՑՆԵԼ 2-3 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.