Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱՆ Կ’ԱՋԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԻՆ

September 18, 2024
in Միջազգային
0
ՖՐԱՆՍԱՆ Կ’ԱՋԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԻՆ

 

Ֆրանսան կ’աջակցի Հայաստանի վարչապետին առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:

Այս մասին ըսաւ Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարար Սթեֆան Սեժուրնէն, Երեւանի մէջ իր հայ գործընկերոջ հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին:

«Մենք մեծապէս կ’աջակցինք Հայաստանի վարչապետին առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին: Հայաստանը շատ կարեւոր դեր կրնայ խաղալ Ասիոյ եւ Եւրոպայի հաղորդակցութեան համար՝ յարգելով իւրաքանչիւրին ինքնիշխանութիւնը»,-ըսաւ ան:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարները իրենց հանդիպման ընթացքին խօսած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մասին:

«ֆրանսան կ’աջակցի պայմանագրի ստորագրման, որ արդար ու կայուն խաղաղութիւն պիտի հաստատէ՝ յարգելով երկու երկիրներուն ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը: Սա Ալմա-աթայի մէջ 1991-ին ստորագրուած փաստաթուղթին ամբողջ իմաստն է: Փրակի մէջ եւս քաղաքական հանրութեան այս նոյն գաղափարը ներկայացուած է 2022-ին»,- ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը՝ կարեւորելով խաղաղութեան հաստատումը:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին՝ ան ըսաւ, որ 30 Օգոստոսին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը ճիշդ ուղղութեամբ կ’երթայ: Ֆրանիան կ’աջակցի այդ գործընթացին՝ հիմնուելով ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն:

«Հարաւային Կովկասը պէտք է դառնայ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան շրջան մը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ զարգացնելու առեւտուրը, Հայաստանն ալ պիտի բարգաւաճի»,- նշեց Սեժուրնէն:

Ան ընդգծեց, որ Հայաստանը, Ֆրանսան, միջազգային հանրութիւնը խաղաղութիւն կը փափաքին:

«Քանի որ Ատրպէյճանը շուտով պիտի հիւրընկալէ COP29-ը, անոր պատասխանատուութիւնն է ցոյց տալ, որ անկեղծօրէն կը փափաքի հասնիլ այդ խաղաղութեան նախքան COP29-ը: Կը կարծեմ՝ պէտք է կարենալ շատ արագ յառաջ երթալ այս թեմային ուղղութեամբ»,- ըսաւ Սեժուրնէն:

Share63Tweet39
Previous Post

ՍԴՀԿ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԱՐՄԱՇ ԵՊՍ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՄՕՏ

Next Post

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Next Post
ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.