Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2024-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ընտրութիւնը: Ընտրական հոլովոյթի աւարտին, ՀՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Միսաք Նաճարեան ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին, իսկ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ ընկ. Լութֆիկ Կոտալազեան դարձաւ գանձապահ:
«Արարատ»-ի անունով կը շնորհաւորենք ընկերներ Նաճարեանն ու Կոտալազեանը, անոնց եւ հեծելարշաւի լիբանանեան ընտանիքին մաղթելով անխափան երթ, բարեբեր աշխատանք ու յարատեւ յաջողութիւն՝ հեծելարշաւի մարզաձեւը Լիբանանի մէջ նոր բարձունքներու բարձրացնելու յոյսով: