Խաչվերացի տօնին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթներով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիոկոս Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, այցելեց Այնճար, ուր իր հայրապետական հոգեշունչ պատգամը արտասանեց յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Շաբաթ գիշեր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ սեղի ունեցաւ նաեւ պատրաստուած մատաղի օրհնութիւն՝ ի յիշատակ 109 տարի առաջ տեղի ունեցած Մուսա Լեռան հերոսամարտի նահատակներուն եւ հերոսներուն:
Նշենք, որ Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակին եւ հերոսամարտի 109-ամեակին առիթներով անցնող օրերուն կազմակերպուեցան շարք մը հանդիսութիւններ եւ ձեռնարկներ: