Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի այցելեց մարոնիներու պատրիարքական ամառանոց՝ Տիման, ուր տեսակցեցաւ պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալին հետ: Պուխարի շեշտեց, որ Ռիատ միշտ կը կանգնի Լիբանանի կողքին եւ պատրաստ է անոր աջակցելու՝ յաղթահարելու սուր ճգնաժամը: Զրուցակիցները քննարկեցին Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգակողմ յանձնախումբին նորագոյն խորհրդակցութիւնները եւ ֆրանսացի պատուիրակին Լիբանան այցելութենէն սպասուած զարգացումերը: Ռահի եւ Պուխարի խօսեցան նաեւ Կազայի մէջ ընթացող պատերազմին եւ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան մասին: