Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱԼԱՆԹ. «ՄԻԱԿ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՌԱԶՄԱԿԱՆ Է»

September 18, 2024
in Միջազգային
0
ԿԱԼԱՆԹ. «ՄԻԱԿ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՌԱԶՄԱԿԱՆ Է»

 

 

Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Ամուս Հոքշթայն տեսակցեցաւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ՝ քննարկելու Կազայի պատերազմն ու տարածաշրջանային զարգացումները: Կալանթ ամերիկացի պատուիրակին յայտնեց, թէ «հիւսիսային շրջանէն տեղահանուած բնակիչները տուն վերադարձնելու միակ միջոցը ռազմական է»: Կալանթի համաձայն, լիբանանեան ճակատին լարուածութիւնը մեղմելու դիւանագիտական միջոցները կը սպառին, նկատի առնելով որ Հըզպալլա սահմանային դրութիւնը կ’առնչէ Կազայի եւ Համասի հետ: Իսկ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Հոքշթայնին յայտնեց, որ «հիւսիսի մէջ իրավիճակը այսպէս կարելի չէ շարունակուի եւ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի տեղահանուած բնակիչները վերադառնան իրենց տուները»: Վարչապետը շեշտեց, որ քաղաքացիները չեն կրնար հիւսիս վերադառնալ, եթէ ապահովական դրութեան արմատական փոփոխութիւն չըլլայ: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, Ուաշինկթընի պատուիրակը ահազանգած է, թէ Լիբանանի դէմ լայնածաւալ պատերազմի շղթայազերծումը ոչ միայն տուն պիտի չվերադարձնէ Կազայի գերիները, այլ նոր խնդիրներ պիտի յառաջացնէ Թել Աւիւի կառավարութեան առջեւ:

Share62Tweet39
Previous Post

 ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՌԻԱՏ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԿՈՂՔԻՆ Է

Next Post
ՌԻԱՏ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԿՈՂՔԻՆ Է

ՌԻԱՏ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԿՈՂՔԻՆ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.