ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆ (8-10 անձի)
- 2 հատ «մանկա»՝ կեղւուած եւ շերտուած
- 2-2 1/2 գաւաթ ալիւր (all purpose flour)
- 1 հաւկիթի դեղնուց
- 1 գաւաթ կարագ՝ սենեակի ջերմութեամբ
- 3/4 – 1 գաւաթ փոշի շաքար
- Պտղունց մը փոշի վանիլ
ՔՐԷՄ ԲԱԹԻՍԻԷՐ
2 գաւաթ կաթ
1 լեմոնի կեղեւ
1/2 գաւաթ շաքար
1/4 գաւաթ նշայ (cornflour)
3 հաւկիթ
Պտղունց մը փոշի վանիլ
1 ապուրի դգալ կարագ
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Դնել ալիւրը, հաւկիթի դեղնուցը, փոշի շաքարը եւ «վանիլ»ը ելեկտրամեքենային մէջ եւ զարնել մինչեւ որ խմորը հաւաքուի մեքենային մէկ անկիւնը եւ գունդի վերածուի։ Խմորը մեքենային մէկ անկիւնը չհաւաքուելու պարագային, առաւել եւս կարագ կարելի է աւելցնել։
Հանել խմորը, փաթթել զայն բարակ «նայլըն»ով եւ դնել սառնարանին մէջ 1/2 – 1 ժամ:
Հանել սառնարանէն, ալիւր ցանել կտոր մը «նայլըն»ի վրայ, վրան բանալ խմորը, պատրաստել կլորաձեւ խմոր մը եւ փոխադրել զայն 28 սմ. չափով «թարթ»ի կաղապարի մէջ։ Պատառաքաղով ծակծկել խմորին յատակը եւ պահել սառցարանը (freezer) 1 ժամ:
Նախապէս տաքցնել փուռը 350°F/180°C = թիւ 4 ջերմութեամբ, դնել կտոր մը խոհանոցի յատուկ թուղթ (parchment paper) խմորին վրայ, լեցնել 3-4 գաւաթ սիսեռ կամ լուբիայ որպէսզի ծանրութիւն ըլլայ խմորին վրայ եւ եփել մինչեւ որ կողմերը սկսին վարդագոյն դառնալ։
Զգուշութեամբ հանել սիսեռը կամ լուբիան եւ թուղթը խմորին վրայէն ու շարունակել եփել 10 վայրկեան եւս մինչեւ որ «թարթ»ին մէջտեղը եփի։
Հանել «թարթ»ը փուռէն եւ մէկդի ձգել որ ամբողջովին պաղի։
Պատրաստել «քրէմ բաթիսիէր»ը։
ՔՐԷՄԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Տաքցնել կաթը պոյտին մէջ (քասէրօլ) լեմոնի կեղեւին հետ մինչեւ որ եռալ սկսի, ապա մարել կրակը եւ հանել լեմոնին կեղեւը ու ձգել կաթը որ գաղջ դառնալ:
Այլ խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնել շաքարը, նշան եւ հաւկիթը ստանալու համար սահուն ամբողջութիւն մը:
Աստիճանաբար այս խառնուրդին վրայ աւելցնել գաղջ կաթը եւ թել զարնելիքով խառնել որպէսզի գունդեր չկազմուին:
Դնել ստացուած խառնուրդը պոյտին մէջ եւ եփել միջակ կրակի վրայ մինչեւ որ
խառնուրդը թանձրանայ եւ պղպջակներ կազմուին։ Այս խառնուրդը շարունակ խառնել որպէսզի խառնուրդը պոյտին յատակը չփակի, ապա աւելցնել կարագը:
Պարպել «քրէմ բաթիսիէր»ը տափակ ամանի մը մէջ, ծածկել բարակ «նայլըն»ով եւ մէկդի ձգել որ պաղի:
Տարածել քրէմը թարթի պաղ պատեանին վրայ, զարդարել կեղւուած «մանկօ»ի շերտերով (2 մանկօ): Ջնարակել (glaze) «թարթ»ին մակերեսը թափանցիկ ջնարակով եւ պահել սառնարանին մէջ մինչեւ հիւրասիրելիք ժամանակը։
ԾԱՆՕԹ. Վարդ կազմելու համար, սկսիլ կեդրոնէն ու «մանկա»ի շերտերը փաթթել «սիկարէթ»ի նման, երկրորդ եւ երրորդ շերտերը պէտք է որ կեդրոնին մօտը ըլլան, շարունակել այսպէս աւելի խոշոր թերթիկներ կազմել: • Պտուղով «թարթ»երը կը ջնարակուին 2 պատճառով, առաջինը` որպէսզի պտուղներուն գոյնը չփոխուի, սառնարանի պաղութեան եւ կեղւուած ըլլալնուն պատճառով։ Երկրորդը` որպէսզի աւելի գեղեցիկ տեսք ունենայ եւ փայլուն ու համեղ ըլլայ: • Ջնարակը (glaze), ֆրանսերէնով mirroire, կը պատրաստուի պտուղներու հիւթով, խնձորի, տանձի եւ սերկեւիլի կուտերով ու կը կոչուի «բեքթին»: • Կարելի է անգոյն եւ գունաւոր ջնարակ գնել շուկայէն (փնտռել կարկանդակի պատրաստութեան համար գործածուող նիւթերու դարանին վրայ, կամ անուշավաճառներու մօտ):