Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆՁԱՅՆ «ԿԸ ՍԻՐԵՄ ՔԵԶ» ԸՍՈՂ ՏՂԱՄԱՐԴԸ

September 14, 2024
in Այլազան
0
ԱՆՁԱՅՆ «ԿԸ ՍԻՐԵՄ ՔԵԶ» ԸՍՈՂ ՏՂԱՄԱՐԴԸ

 

          Քիչ են այն քաջ տղաքը, որոնք կը կտրեն տղամարդոց յատուկ լռութեան օրէնքը եւ բացայայտօրէն կ’արտայայտուին իրենց զգացումներուն մասին: Իսկ եթէ հետեւեալ նշաններէն որեւէ մէկը կատարեն, անոնք լռելեայն կ’արտայայտուին սէրը:

1- Կը նկատես որ սեւեռած է աչքերուդ մէջ.

Աչքերը մարդուն հոգիին հայելին են, ինչպէս նաեւ կրնան անոր սրտին մէջ գտնուող պատմութիւնը շաղակրատողները ըլլալ: Տղամարդիկ սիրահարի նայուածքով կը նային այն բոլորին, որոնց կը ցանկան, այդ պատճառով շատ անգամներ անոնք գաղտագողի նայուածքներով կը դիտեն իրենց սիրտը բաբախել տուող կին արարածին: Սիրող անձին նայուածքները երկու տեսակ են. գաղտնի նայուածքը (պէտք է զինք բռնես ճիշդ դէպքին պահուն), եւ երկրորդ՝ անխախտ նայուածքը, երբ իրենց հայեացքը կը սեւեռեն անձին վրայ, որովհետեւ տղաք շատ զգոյշ են երբ հարցը վերաբերի իրենց զգացումները ցուցաբերելու:

2- Իր խոհանոցը կ’օժտէ քու սիրած առարկաներովդ.

Ան իր սիրած աղջկան համար կ’ապահովէ անոր նախասիրած ուտելիքներն ու ըմպելիները: Այս կը նշանակէ, թէ այդ մանկամարդուհին անոր միտքէն կ’անցնի ամէնէն աննախատեսելի ռոմանթիք ձեւերով:

3- Քու ճաշակիդ կը հագնի.

Իր հանդերձակալին ղեկը կին արարածին յանձնելը ոչ մէկ այր մարդ յօժար կամքով կը կատարէ: Ոչ թէ որովհետեւ տղաքը շատ դժուարահաճ են իրենց արտաքին կերպարանքին նկատմամբ, այլ որովհետեւ անոնք հպարտ են իրենց լաւ վիճակով: Ամէն անգամ, որ տղամարդը թոյլ կու տայ կնկան ընտրել իր հագնելիքը, ան ձեւով մը դիտմամբ առիթ կու տայ անոր հակակշռելու հագուելիքի ընտրանքին, եւ այս բոլորը՝ որպէսզի իր սիրած անձը ուրախ տեսնէ:

4- Հանրութեան մէջ կողքիդ կը կանգնի.

          Երբ միասին տեղ մը գտնուիք, անոր կանգնած տեղը մեծ բան ցոյց կու տայ իր կեանքին մէջ քու զբաղեցուցած տեղիդ մասին: Երբ այր մարդ մը տակաւին վստահ չէ իր զգացումներէն, ան կամ քանի մը քայլ հեռու կը կանգնի խնդրոյ առարկայ կնոջմէն եւ կամ քանի մը քայլ առջեւ – երկու ապահով դիրքեր՝ իր թափառող աչքերը պահելու համար: Բայց եթէ ինկած է այդ կնկան սիրոյ թակարդին մէջ, ան կառչած պիտի մնայ առնական հիմնական բնազդին՝ շատ մօտ կը կանգնի այդ աղջկան, ցոյց տալու համար իր յանձնառութիւնը, իր աչքը ուղղակիօրէն սեւեռած պահելով այնտեղ՝ ուր կարելի կ’ըլլայ աղջկան տեսնել: Այդքան մօտ կանգնելով, առիթ կը ստեղծուի, որ որոշ դէպքերու բերմամբ անոնք պատահմամբ իրար դպնան կամ իրարու խօսքեր փսփսան, միեւնոյն ժամանակ այլ աղջիկներու հասկցնելով, թէ ինք հակում ունի այդ աղջկան կամ կնկան հանդէպ:

5- Չի նեղանար երբ իրեն եկած զանգին պատասխանես.

          Եթէ այր մարդ մը թոյլ տայ, որ իր սիրած անձը պատասխանէ իրեն եկած հեռախօսազանգերուն, այս կը նշանակէ թէ ան ոչինչ ունի քօղարկուած պահելու: Տղաքը ընդհանրապէս ամէն տեղեկութիւն չեն բաժնեկցիր, հետեւաբար, երբ տղամարդ մը արգելք չ’ըլլար որ իր սիրած անձը ստանձնէ իր հեռաձայնը, առիթ տուած կ’ըլլայ անոր որ իր մասին անձնական տեղեկութիւններ առնէ:

Բայց հարցը իր գաղտնիքներուն բաժնեկից դարձնելէն շատ աւելի անդին կ’անցնի: Այն տղամարդը, որ իրաւունք կու տայ կնկան իր բջիջային հեռաձայնին անձնականութեան մէջ թափանցելու, ան կարծես անոր կու տայ իր «թագաւորութեան» բանալին:

6- Այլ նշաններ.

          * Ընթրիքի ձեր ժամադրութեան քեզմէ առաջ կը հասնի ճաշարան:

* Կը յիշէ բարեկամուհիներուդ անունները (եւ ոչ միայն գեղեցիկ անձերուն):

* Իր մարզանքի ժամերէն քեզի հետ անցընելու կը տրամադրէ:

* Ընտանիքիդ մասին կը հարցնէ:

* Քեզի կը պատմէ գաղտնիք մը, որ մէկու մը չպատմելու խօսք տուած էր իր ամէնէն մօտիկ բարեկամին:

 

 

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ՝ «ՄԱՍԻՍ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԻ 75-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Next Post

ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒԴ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

Next Post
ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒԴ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒՆ  ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒԴ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.