Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր
Արհիապատիւ հայրեր
Հոգեւոր եղբայրներ, սրբակրօն քոյրեր եւ սիրելի ներկաներ
Միջերկրական ծովու գեղածիծաղ ափերուն ալիքները քնքշօրէն կ’ողողեն փիւնիկեան քաղաքակրթութեան օրրանը հանդիսացող մայրիներու երկիր Լիբանանի արեւմտեան սահմանները: 225 քմ. հիւսիսէն հարաւ ձգուող այս ափին անուանի եղած են պատմական շատ մը քաղաքներ, որոնց շարքին առափնեայ գիծին կեդրոնը` դէպի Միջերկրական ծոց բացած թերակղզիի մը վրայ կը տարածուի Պէյրութ մայրաքաղաքը, որ հազարամեակներէ ի վեր եղած է բազմաթիւ մշակոյթներու, լեզուներու եւ ժողովուրդներու սիրտը: Արդարեւ, կենդանի խճանկարի նման, ուր միահիւսուած են բազմազգ համայնքներու եւ կրօններու գոյները, Պէյրութ միշտ եղած է խաղաղ համակեցութեան, հանդուրժողականութեան ու տարբեր ազգերու, մշակոյթներու եւ դաւանանքներու պատկանող մարդիկը միաւորող ջերմ հիւրընկալութեան փայլուն խորհրդանիշ մը:
Ահաւասիկ այսպիսի բազմազգի համայնքանին, մշակութային եւ կրօնական միջավայրի մը երկնակամարին վրայ 1947 թուականի յունուարին ծնունդ կ’առնէ նոր աստղ մը, որ հայաշխարհին կը յայտնէ իր հոգեւոր-բարոյական, գրական-մշակութային, ազգային եւ կրօնական ինքնութիւնը «Մասիս» նուիրական անունով: Ան արդէն թեւակոխած է անխոնջ նուիրումի եւ արգասաբեր առաքելութեան պատկառելի տարիք մը, եւ այժմ` 75 տարի անց, ան կը փայլի աւելի քան երբեւէ` սփռելով հո ուսեղէն ճառագայթները մինչեւ հեռաւոր ապագայի հորիզոնները: Արդարեւ, «Մասիս» վաստակաշատ յոբելեար մըն է եւ իր շուրջբոլորը իրաւացիօրէն յարգանք կը պարտադրէ՝ նշելու համար այս կարեւոր իրադարձութիւնը:
«Մասիս» իր գոյառումը կը պարտի Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան ծիրա-նաւոր կաթողիկոս-պատրիարքի նախաձեռնութեան, որ արդէն 1946 թուականի վերջերը «Թուղթ շրջաբերականով» մը հայ կաթողիկէ բոլոր թեմակալ առաջնորդներուն, ուխտերուն, միաբանութիւններուն, հաստատութիւններուն, կղերին եւ ժողովուրդին կը յայտնէ, թէ «Յառաջիկայ 1 յունուարին հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը իր շաբաթաթերթը պիտի ունենայ «Մասիս» անունով: Այս մեծանուն հայը եւ Ընդհանրական կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայազգի կարտինալը քաջ կը գիտակցի նման շաբաթաթերթ մը ստեղծելու կենսական կարիքին` իր խնամքին յանձնուած հայ կաթողիկէ հօտին համար: Թէպէտ վաղուց արդէն գոյութիւն ունէր հայ կաթողիկէ պատկառելի մամուլ մը` «Բազմավէպ», «Եւրոպա», «Հանդէս ամսօրեայ», «Կաթողիկէ արձագանգ», «Ուսումնարան», «Աւետիք» եւ «Մխիթարեան ընտանիք» անուններով, սակայն եւ այնպէս կը պակսէր շաբաթաթերթ մը, որ ուղղուած պիտի ըլլար լրացնելու բոլորովին ուրիշ բաց մը: Ահաւասիկ այս փաստին կ’անդրադառնայ 1 յունուար 1947 թուականին «Մասիս»-ի անդրանիկ թիւին մէջ լոյս տեսած խմբագրականը.
«Այս տարի` Պէյրութահայ մամուլի համեմատաբար բազմաթիւ հրատարակութիւններու շարքին մէջ` նոր թերթ մըն է որ կ’երեւի ճիշդ կաղանդի առթիւ. ՄԱՍԻՍ: Ի՞նչ է ատոր նորութիւնը. նա կու գայ կարեւոր պէտք մը հոգալու, գոցելու զգալի բաց մը: Հայ կաթողիկէ համայնքը չունէր իր թերթը, որ խօսէր իրեն յատկապէս, որ բերէր ուղղակի իրեն` զինքը շահագրգռող լուրեր, ստոյգ, ճշգրիտ, վստահելի տեղեկութիւններ այն ամէն բանի շուրջ, որ պիտի ուզէր գիտնալ ատենին, տեղն ի տեղով, որ հաղորդակցութեան դնէր ոչ միայն իր ազգին, իր հայրենիքին, իր ալ սփիւռքի, այլ նաեւ աշխարհատարած կրօնակիցներու հետ, տար` ազգայինէն, քաղաքականէն զատ` կաթողիկէ աշխարհէ ալ լուրեր»:
«Մասիս» շաբաթաթերթի գոյառման առնչութեամբ նոյնքան խորիմաստ է այն կարգախօսը, որ ծիրանաւոր հայրապետը՝ իբրեւ մեկնարկ կու տայ նորածին թերթին` «Որպէս զէն` ճշմարտութիւն»: Ի՞նչ կը բնորոշէ այս կարգախօսը կամ ինչպիսի՞ պատգամ մը կ’ուզէ հաղորդել թերթին խոհուն հիմնադիրը ճշմարտութիւնը իբրեւ զէնք ունենալ նշանաբանով:
Մեծանուն հայրապետը ստոյգ ներշնչուած է Աստուածաշունչ մատեանի Սաղմոսաց գիրքէն եւ իր մտասեւեռումներուն նիւթ դարձուցած է անոր Ղ. (90-րդ) սաղմոսին 5-րդ համարը, ուր Դաւիթ մարգարէն գովաբանական սրտաբուխ օրհներգով Տիրոջ կը դիմէ ու կ’ըսէ.
«Որպէս զէն` շուրջ եղիցին զքեւ ճշմարտութիւն նորա» (Սղ. Ղ, 5):
Մակերեսային ընկալում մը ենթադրել պիտի տայ, թէ կարգախօսին «զէն» եւ «ճշմարտութիւն» բառակապակցութիւնները ակրեսիւ կամ յարձակողական, գուցէ որոշակի իմաստով չափազանցուած, նոյնիսկ թշնամական բնոյթ մը ունին, որ ի հարկէ միանգամայն հեռու է երջանկայիշատակ ծիրանաւորին դիտաւորութենէն:
Արդարեւ, Ղ. (90-րդ) սաղմոսը Տիրոջ պաշտպանութեան ու խնամքին հանդէպ ամբողջական վստահութեան հզօր խոստովանութիւն մըն է: Սաղմոսերգուն կը շեշտէ, որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքով ապրողները Անոր պաշտպանութեան տակ են, հետեւաբար պաշտպանուած են մարմինն ու հոգին խոցող, նոյնիսկ կեանքը խորտակող վտանգներէն: Ան զԱստուած կը նկարագրէ որպէս ապաստան եւ ամրոց, որ կը պաշտպանէ Իր հաւատացեալները բոլոր տեսակի չարիքներէն, ըլլան անոնք հիւանդութիւն, պատերազմներ թէ այլ սպառնալիքներ: Սաղմոսը կը հաղորդէ այն հոգեւոր պատգամը, որ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը կ’ընդգրկէ ամէն ինչ, եւ որ Տիրոջ հանդէպ վստահութիւնը ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն կը պարգեւէ, թէկուզ դժնդակ նեղութիւններու ժամանակ:
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր թարգմանիչ վարդապետները Հին կտակարանի Սաղ- մոսաց գիրքի Եօթանասնիցի յունարէն թարգմանութեան համապատասխան արտայայտութիւնը` «ὅπλῳ κυκλώσει σε ἡ ἀλήθεια αὐτοῦ» (Հօպլօ քիւքլօսէյ սէ հէ ալիթէա աութու) – «Որպէս զէն` շուրջ եղիցին զքեւ ճշմարտութիւն նորա», ոսկեղենիկ գրաբար հայերէնի բառացիօրէն ճիշդ փոխադրած են: Ի հարկէ, այստեղ խնդրոյ առարկան «զէն» կամ անոր յոգնակին` «զէնք» բառն է, որ այսօր միակողմանի իմաստ մը առնելով իբրեւ մահաբեր գործիք կը հասկցուի: Մինչդեռ մեր թարգմանիչ հայրերը «զէն» բառով միաժամանակ այլ հոմանիշ մը` պաշտպանութեան «վահան» հասկացութիւնը ընկալած են: Հետեւաբար աւելի ժամանակակից թարգմանութիւններ այս սաղմոսը այսպէս վերարտադրած են.
«Անոր ճշմարտութիւնը քու ասպարը [զրահանդերձը] ու վահանը պիտի ըլլայ»։
Սակայն ի՞նչ է ճշմարտութիւնը ծիրանաւոր հայրապետին համար բովանդակային այս կառոյցին մէջ: Իմաստասիրական մանուածապատ հասկացութիւններու համակա՞րգ մը, թէ՞ պարզ ըմբռնում մը, որ ճշմարտութիւն բառին դիմաց կը կարդանք իւրաքանչիւր բառարանի մէջ.
«Խօսքին կամ արտայայտութեան համապատասխանութիւնը այն նիւթին կամ իրականութեան հետ, որուն մասին ան եղած է»:
Քաջանուն աստուածաբան հայրապետին համար նման ընկալում մը խիստ սահմանափակ է: Անոր տրամախոհութիւնը կը հայի կրօնական խորապատկերներուն, ճշմարտութեան ընկալման աստուածային ոլորտին: Կրօնական ըմբըռնումին մէջ ճշմարտութիւնը յաճախ կը դիտուի իբրեւ աստուածային իրականութիւն կամ այն, որ համահունչ է Աստուծոյ կամքին եւ էութեան: Ան անփոփոխ է, բացարձակ, եւ կը գերազանցէ մարդկային ճանաչողութեան սահմանը: Շատ մը կրօններ ճշմարտութիւնը կ’ընկալեն իբրեւ աստուածային էութեան արտայայտութիւն, որ կը բացայայտուի աստուածային յայտնութիւններու, սուրբ գրութիւններու եւ բարոյական սկզբունքներու մէջ: Ճշմարտութիւնը կը ծառայէ իբրեւ բարիի եւ սրբութեան ուղեցոյց եւ էապէս կը հակադրուի կեղծիքին ու խաբէութեան: Յամենայնդէպս, քրիստոնեաներուս համար ճշմարտութիւնը «ի՞նչ» մը չէ, այլ «ո՞վ» է: Ո՞վ է ճշմարտութիւնը. Ան, «Որ յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան իջեալ ի յերկնից` մարմնացաւ, մարդացաւ, ծնաւ կատարելապէս ի Մարիամայ սրբոյ կուսէն` Հոգւովն Սրբով» (Նիկիական Հանգանակ), եւ ըսաւ. «Ե՛ս եմ ճանապարհն, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յով. ԺԴ, 6):
Վերոգրեալ ըսինք՝ «Մասիս» հայութեան համար նուիրական անուն մըն է, որ երանաշնորհ Աղաճանեան հայրապետը ստոյգ ինք ընտրած է եւ զայն իբրեւ ինքնութիւն ձօնած է հայ կաթողիկէ նորածին շաբաթաթերթին: Պէտք է նկատի ունենալ, որ ծիրանաւոր հայրապետը իր ծագումով սփիւռքահայ մը չէ, այլ ծնունդով հայրենի հողէն կու գայ: Ան իր էութեան մէջ կը կրէ ոչ միայն հայոց պատմութեան, այլեւ իր հայրենի ծննդավայրին կնիքը, որ Մեծ Հայքի Գուգարք նահանգի պատմական Ջաւախք գաւառի Ախալցխա քաղաքն է: Արդ, եթէ դառն ճակատագրի բերումով մենք` սփիւռքահայ դարձածներս, մեր հոգիին բոլոր թելերով ու զգացումներով կապուած կը զգանք հայ ժողովուրդի գոյութեան գերազանց խորհրդանիշ եւ հայոց պատմութեան մեծագոյն վկայ Մասիսին, ապա ան որքա՛ն էական ներկայութիւն մը պէտք է հանդիսանայ այն եկեղեցական բարձրաստիճան գործիչին կեանքին ու գործին համար, որ ուղղակի հայկական լեռ- նաշխարհէն կը սերի եւ որուն բարձրագոյն գագաթը մարդկային ցեղի օրրան աստուածաշնչական Արարատը կամ հայկական Մասիս սարը կը կազմէ:
Ասոր մեկնաբանութիւնը լաւագոյնս կը բացատրէ «Մասիս»-ի անդրանիկ թիւին խմբագրականը.
«Նա սակայն կու գայ հնագոյն ամուամբ մը, անուամբը լերան մը, որ աւելի երկինքի զուգահաղորդ է` քան երկրի «խանձարոյք համագոյից սեռի» (Ալիշան):
Վասնզի ըլլայ նա ուրարտական կոչումով Արարատ, ըլլայ արարչութեան թատերաբեմը առաջին, ըլլայ նախիջեւանը վերապրած մարդկութեան, է եւ պիտի մնայ յաւէտ յուշարձանը մեր բնագաւառին, որ Հայաստան կը կոչուի, որու ձեռին ալ ըլլայ` «Հայոց Մեծաց» արձան է նա աստուածակառոյց:
[…] Ահա այդ անուամբ` հայ կաթողիկէ համայնքը կ’ուզէ արձանացնել միաձոյլ կրօնք եւ հայրենիք, աստուածսիրութիւն եւ ազգասիրութիւն: Զիրար ամբողջացնող կէսեր են ասոնք, երկու սարերն են Մասեաց. կրօնք պիտի ըսէինք աւագ Մասիսը, հայրենիք` փոքր Մասիսը: Երկու սարերու յօդակապը նոյն սէրն է, որ Հայկազն կ’ընէ աստուածսիրութիւնը, որ կ’ա- ռինքնացնէ հայրենասիրութիւնը:
Մեր համայնքը չի կրնար բաժնել ու բաժնուած տեսնել Աստուած` հայրենիքէն, կրօնքը` ազգէն. առանց աւագ Մասիսին փոքրը լոկ մահարձան մը պիտի ըլլար հայոց, առանց փոքր Մասիսին` աւագը սառնեղէն բագին մը պիտի մնար»:
Առանց նսեմացնելու նորածագ շաբաթաթերթի առաջին խմբագիր Յարութիւն վրդ. Թէքէեանի գրական կարողութիւնները, հակած պիտի ըլլայի փորձուելու՝ ենթադրելով, որ վերոգրեալ հոգեցունց խօսքերը հոսած են նոյնիսկ ծիրանաւոր հայրապետին գրչէն կամ առնուազն անոնք շիթ առ շիթ զեղած են անոր համակ հայրենասիրութիւն տրոփող սրտէն:
«Մասիս»-ի առաջին խմբագրականը, որուն կ’անդրադառնանք, ընդսմին անթաքոյց կը յայտնէ իր առաքելութեան ուղին. «Այսպէս հայկաթողիկէ՝ Մասիսը իր տեսութիւններու, տեղեկութիւններու, ուսումնասիրութիւններու մէջ պիտի դնէ գրականին, պատմականին, բանասիրականին, գիտականի կողքին` կրօնականն ու բարոյագիտականն ալ. իրաւագիտականի կողքին` ընկերաբանականն ալ. օգտակարի կողքին` հաճոյականն ալ պիտի չանտեսէ. եւ այդ ամենուն մէջ պիտի դնէ յատկապէս շունչ մը կաթողիկէութեան, այսինքն ճշմարտութեան եւ արդարութեան»:
Ուշագրաւ է, որ «Մասիս» իր առաջին թիւին ճակատը կը զարդարէ Արարատեան դաշտավայրէն առնուած մեծ ու փոքր Մասիսներուն սպիտակափառ եւ արեգնաճեմ գագաթներուն լուսանկարով, որուն տադարաւոր
ադրէ՝ Աւետիք Իսահակեանի Արարատին ձօնուած «Ռավեննայում» բանաստեղծութիւնը: Այս քերթուածին մէջ արեւելահայ գրականութեան մեծագոյն բանաստղծներէն Իսահակեան կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին յաւերժութիւնը եւ Արարատը` իբրեւ այդ յաւերժութեան կրանիթեայ խորհրդանիշը. «Խորհուրդ մարդկան` կամքն Աստուծոյ»: Արդեօ՞ք «Մասիս» տարիներու հոլովոյթին մէջ կրցաւ անընդմէջ իրագործել իր առաջադրանքը: Մնա՞ց հաւատարիմ այն խոստումին, որ ան իր անդրանիկ խմբագրականին մէջ կու տար ոչ միայն հայ կաթողիկէ, այլ ընդհանրապէս իր հայ ընթերցողներուն, երբ կ’ըսէր.
«Մասիս պիտի ըլլայ շաբաթաթերթ, ուստի եւ պիտի ամփոփէ շաբթուան կարեւորագոյն լուրերը:
Պիտի ըլլայ ամէն յօդուածագիրներու գրչին տակ յարգադիր իշխանութիւններու, բծախնդիր բարքերու, նախանձախնդիր ճշմարտութեան, որ անողոք ալ է` որովհետեւ արդար է:
Ահա ինչ կը խոստանայ ըլլալ Մասիս. […] նոր թերթ, կաղանդչէք մը հայ կաթողիկէ համայնքին, համեստ կաղնադչէք մը համայն հայ ազգին»:
Բնականաբար արտաքին հանգամանքներ` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, երկիրը ընդարմացնող ծանրակշիռ ազդակներ` ըլլան անոնք քաղաքական թէ տնտեսական, իրենց բացասական անդրադարձը ունեցան «Մասիս»-ի նոյնաձեւ ու շարունակական հրատարակութեան վրայ: Սակայն մասիսականներ չվհատեցան. թէպէտ շաբաթաթերթը վերածուեցաւ ամսաթերթի, եղան ժամանակաւոր եւ ակամայ ընդհատումներ, բայց ի վերջոյ կարկաչահոս ու արգասաբեր առուակը հայ մամուլի սաղարթագեղ անդաստանին մէջ չցամքեցաւ, այլ վերագտաւ իր հունը` շրջանցելով իր դէմ ցցուած բոլոր թումբերն ու առապարները: Կրօնի, հաւատքի, գաղափարի, գրականութեան եւ ազգային-եկեղեցական առաքելութեան նուիրեալներ՝ Վարդան վրդ. Թէքէեան, Մեսրոպ վրդ. Թերզեան, Հրաչ Քաջարենց, Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, տիար Սարգիս Նաճարեան, Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, իսկ ներկայիս` Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, իրենց անձնդիր եւ երախտաշատ ներդրումը բերին «Մասիս»-ի 75-ամեայ առաքելաշաւիղ երթին` զայն հասցնելով այսօրուան պատկառելի յոբելեանին:
Սոյն իրադարձութեան կարեւորութիւնը նշելու միտումով, օրհնութեամբ եւ տնօրինումով Հոգեւոր տիրոջ` Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայել-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին,– մեզի կը ներկայացուի «Մասիս» պարբերաթերթի 75-ամեակին նուիրուած 304 էջեր պարունակող մեծղի «Յուշամատեան» մը: Առկան իրականացած է յօժարակամ նուիրատւութեամբը ազնիւ բարերարներու` Գրիգոր, Քրիսթին եւ Քերոբ Ճապուրեաններու, իրենց լուսակեաց ծնողաց` Քերոբ եւ Հայկուհի Ճապուրեաններու անթառամ յիշատակին, նաեւ վեհանձն օժանդակութեամբ Ժան Մինասեանի` ի յիշատակ իր լուսաբնակ ծնողաց` Պետրոս եւ Վեհամայր Ռոզա Մինասեանի:
«Հարկս` հարկաւորաց, պատիւս` արժանաւորաց», կ’ըսէ հին ասացուածք մը: Հետեւաբար փորձելով ամենեւին չվիրաւորել հոգեւոր եղբօրս` Հ. Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանին համեստութիւնը, պիտի ուզէի ոգեւին գնահատել զինք այն բացառիկ ներդրումին համար, որ ան խմբագրապետի իր նոր հանգամանքով իրականացուց այս կոթողային «Յուշամատեան»-ին ստեղծումը:
Վերոգրեալ յիշեցինք, որ «Մասիս»-ի 75-ամեակին նուիրուած այս «Յուշամատեան»-ը 304 էջերէ կազմուած է եւ կը պարունակէ 13 բաժին. «Խմբագրապետի գրչէն», «Օրհնանք», «Շնորհաւորանք», «Մասիսական», «Մասիս՚-ականներուն», «Կռանեանական», «Հայրախօսական», «Բարոյախօսական», «Եկեղեցա-պատմական», «Պատմագրական», «Կենսագրական», «Գրականագիտական» եւ «Մատենախօսական»: Այս խորագրերը որոշակի պատկերացում մը կու տան, որ ազգային-եկեղեցական պարբերաթերթի մը յոբելենական թիւը իր պարունակին մէջ կ’ընդգրկէ կարեւորագոյն նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք ստոյգ կը հետաքրքրեն մեր ընթերցասէր հասարակութիւնը:
«Յուշամատեան»-ը գեղեցիկ խմբագրականով մը ընթերցողը կը հրաւիրէ «Վարդահեղ արշալոյսով» օծուն դէպի «ներկայաշէն եւ ապագայակերտ» հորիզոններ, ապա հոյակապ վերլուծումներով կը ներկայացնէ «Մասիս»-ի անցած ուղին իր սկզբնաւորութենէն մինչեւ ներկան, այսինքն` 75 ձիգ տարիներու վրայ երկարող լուսասլաց գոյերթի մը պատմութիւնը: Ասոնց կը հետեւին Հոգեւոր տիրոջ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին շնորհած հայրապետական օրհնութեան գիրերը, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի ողջոյնի գիրը, Հայ կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցիներու վիճակաւոր առաջնորդներու, թեմերու, բարձրաստիճան հոգեւորականներու, լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու, անուանի մտաւորականներու երկու տասնեակ ուղերձները, որոնք անխտիր կ՚ողջունեն 75-ամեայ դափնեպսակ «Մասիս»-ը` իրենց անկեղծ գնահատականը եւ ջերմ շնորհաւորանքները յայտնելով անոր:
«Մասիսական» եւ «Մասիս»-ականներուն» խորագրերուն տակ կ’ամփոփուին բոլոր այն հայ կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարքները, որոնք հովանաւորած են «Մասիս»-ի հրատարակութիւնը, ապա բծախնդրութեամբ կը ներկայացուին պարբերաթերթին բոլոր խմբագրապետերն ու աշխատակիցները, նաեւ` ականաւոր գրողները, որոնք իրենց եկեղեցաշէն ու ազգանպաստ ուսումնասիրութիւններով, այլեւ ուսանելի յօդուածներով տարիներու հոլովոյթին մէջ «Մասիս»-ին տուած են բովանդակութիւն եւ որակ` նպաստելով անոր լուսաբաշխ վերելքին ու տարածումին, արդարեւ ոչ միայն հայ կաթողիկէ ընթերցողներու, այլ ազգային բոլոր շրջանակներէն ներս` առանց դաւանական խտիրի:
Եօթ յօդուած նուիրուած է հոգելոյս հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի անմեռ յիշատակին: Միջնադարուն Հայ եկեղեցւոյ երեւելի հայրերը իրենց անունին կից ստացած են եզակի մակդիր մը իրենց սրբութեան, իմաստութեան եւ գիտնականութեան համար` արժանապէս կոչուելով «եռամեծ» վարդապետներ: Երանաշնորհ հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեան իր ազգային-եկեղեցական, կրօնական-աստուածաբանական, գրական-լեզուական, գրականագիտական եւ հանրային- կրթական վաստակաշատ գործունէութեան, նաեւ մատենագրական հարուստ թողօնով ոչինչով պիտի թերանար բառին բուն իմաստով եւ իրաւամբ կոչուելու եռամեծ վարդապետ մը, եթէ երբեք հայ եկեղեցական իրականութեան մէջ նաեւ այսօր պահպանուած ըլլային այդ վանական «եռամեծութեան» եւ «եօթնալոյս» վարդապետութեան կրօնաբոյր աւանդոյթները:
«Յուշամատեան»-ին հայրախօսական բաժինը ունի զոյգ մը արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ նուիրուած 12 ապրիլ 2015-ին Հռոմի Սրբազան քահանայա-պետ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիին, իսկ յօդուած մըն ալ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վերաբերեալ:
«Յուշամատեան»-ին բարոյախօսական բաժինը չափածոյ ստեղծագործութեան բնոյթ կրող ուսանելի խրատականով մը կ՚անդրադառնայ քրիստոնէական կենցաղավարութեամբ ապրելու առաւելութիւններուն: Ասոր կը յաջորդէ յօդուած մը, որուն հանդիսաւոր խօսքին երանգը կը յիշեցնէ եկեղեցւոյ բեմէն հնչած քարոզ մը: Բովանդակութիւնը կ’անդրադառնայ Սուրբծննդեան տօնին ու կը հրաւիրէ ընթերցողը ճիշդ ընկալելու Բեթղեհէմի իրադարձութեան հոգեւոր իմաստը` զայն անաղարտ եւ հեռու պահելու համար նուէրներու փոխանակման եւ շուկայական առեւտուրներու մերօրեայ ժխոռէն: Յատկապէս ուշագրաւ է, որ այս ուղերձը ոչ թէ եկեղեցականի մը, այլ աշխարհականի մը գրիչէն կը հոսի, որ զայն արդարեւ աւելի գրաւիչ եւ համոզիչ կը դարձնէ թէ՛ իր բովանդակութեամբ եւ թէ Ս. Մսուրի խորհուրդէն թելադրուած հոգեւոր պատգամներով:
Անդրադառնալով «Յուշամատեան»-ին եկեղեցապատմական եւ պատմագրական բաժիններուն` նկատի առնուած են 18 գիտահետազօտական եւ տեղեկագրական յօդուածներ, որոնք ընթերցողին կը ներկայացնեն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ զանազան միաբանութիւններու, հաստատութիւններու, եկեղեցիներու եւ համայնքներու պատմութիւնը: Սոյնը մեր մտապատկերին վրայ կ’ուրուագծէ յստակ եւ գունեղ պատկեր մը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կաթողիկէութեան պատմական եւ անուրանալի ներկայութեան մասին: Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերաբերեալ անհերքելի վկայութիւններէ, կարեւոր ձեռքբերումներէ բացի, կարեւորագոյն ներդրումը այս հաստատութիւններուն, համայնքներուն եւ դպրոցներուն հայութեան մատուցած անգնահատելի ծառայութիւնն է ոչ միայն հայ սփիւռքի պատմական եւ ներկայ գաղթօճախներուն, այլեւ ոչ-պակաս` հայրենիքի տարածքին` Ջաւախք, Լոռի եւ Շիրակ գաւառներու զանազան գիւղերու` Սիզաւէտի, Ղազանչիի, Մեծ Սեպասարի, Բաւրայի, Փանիկի եւ այլ շրջաններուն մէջ։
Կենսագրական, գրականագիտական եւ մատենախօսական 11 ուշագրաւ յօդուածներու ծաղկաբոյլ մըն ալ կու գայ առաւել եւս հարստանցնելու «Յուշամատեան»-ին հասկագեղ ատոքը: Ան չի զլանար իր էջերուն մէջ լայն տեղ տրամադրել Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթի բազմերախտ գործիչներուն, որոնք առնչուած են «Մասիս»-ի առաքելութեան հետ, որպիսիք են` Գաբրիէլ ծ. վրդ. Գասպար, Սահակ եպս. Կոգեան, Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, Յովհաննէս վրդ. Օրջանեան, Վարդան եպս. Աշգարեան, ողբացեալք Յակոբ Բամպակեան, Հրաչ Քաջարենց, Ժիրայր Դանիէլեան, նաեւ այս շարքին կարգ մը ուրիշ լուսաբնակ երախտաւորներ:
Հայ եկեղեցին եւ մշակոյթը դարաւոր աւանդոյթ ունին ոգեկոչելու եւ մեծարելու անոնք, որոնք իրենց կեանքին նպատակն ու իմաստը չեն դարձուցած «Ոսկի հորթին» պաշտամունքը, այլ ի սակաւէ անտի զոր ունին նուիրաբերած են եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին: Այս հաւատազգեաց մարդիկ, որոնք այլեւս մեզի հետ չեն, «Յուշամատեան»-ի էջերուն ընդմէջէն կ՚արժանանան մասնաւոր գնահատականի: Արդարեւ, հանգուցեալի մը համար ի՞նչ է մեծագոյն գնահատականը, եթէ ոչ անոր անունին, կեանքին ու գործին յիշատակումը, զոր «Մասիս» կ’իրականացնէ գերազանցօրէն:
«Per aspera ad astra» հռոմէական հին ասացուածք մըն է, որ ստոյգ Սենեքայի կը վերագրուի: Այսինքն` «Դժուարութիւններու ճամբով դէպի աստղերը», այլապէս ազատ թարգմանութեամբ` «Աստղերուն կարելի է հասնիլ միայն դժուարութիւններու ճամբով»:
Արդարեւ, այսօր մենք կը գտնուինք «Մասիս» պարբերաթերթի պատմական նշանակալից մէկ փուլին մէջ: 75 տարի` երեք քառորդ դար, սոյնը իսկապէս առիթ մըն է հպարտանալու անցեալի ձեռքբերումներով: Այստեղ պարտք կը զգանք անհուն երախտագիտութեամբ յիշելու այն բազմաթիւ յանձնառու մարդիկը, որոնք իրենց անխոնջ աշխատանքով, հաւատքով ու նուիրումով հաստատած են այն ամուր հիմքը, որուն վրայ մենք սա պահուս կանգնած ենք:
Անշուշտ, թէեւ կարեւոր է յետադարձ հայեացքով գնահատել անցեալը, սակայն համոզուած եմ, որ աւելի´ կարեւոր է նայիլ դէպի ապագան: Քանզի «Մասիս»-ի իրական իմաստը եւ առաքելութիւնը կը բացայայտուի ոչ միայն այն փաստով, ինչ որ ան եղած է, այլեւ այն, թէ ան ի´նչ կրնայ ըլլալ հիմա եւ թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ ապագայի հեռանկարով:
Արդարեւ, հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ «Մասիս»-ի նման եկեղեցական պարբերաթերթ մը պէտք է շարունակէ հրատարակուիլ այսօր եւ ապագային, յատ- կապէս ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր անորոշութիւնը կ՚իշխէ, մարդկային յա- րաբերութիւններու մէջ ատելութեան ոգին կործանարար եւ անզուսպ ընթացք մը կ’առնէ, ժողովուրդներու միջեւ հակամարտութիւնները աւելի կը բազմանան, ընկերային-հասարակական եւ բարոյական կեանքի ցարդ գոյութիւն ունեցող ամբողջ արժեհամակարգը սրընթաց կը փոխուի: Մեր կեցուածքն ու պատասխանը այս հարցերուն հանդէպ պարզ է ու մեկին. «Մասիս» պէտք է հրատարակուի, ան պէտք է շարունակէ իր ազգային-եկեղեցական առաքելութիւնը յատկապէս այս տագնապալի ժամանակներուն, որովհետեւ ան այսօր եւ տակաւին վաղը աւելի քան երբեւէ պէտք է մեզի:
«Մասիս»-ը պարզապէս տեղեկատւութեան փոխանցման միջոց մը չէ: Ան լուսեղէն փարոս մըն է յաճախ փոթորկոտ ովկիանոսի մէջ: Ան կ’ուղղորդէ մարդիկը առանց դաւանական խտիրի` աւանդելով անոնց հաւատքի, համայնքային միասնականութեան, համախմբուածութեան, հաղորդակցութեան եւ յոյսի արժէքը:
«Մասիս»-ը երկխօսութեան, լուրջ մտածումներու եւ հոգեւոր մտորումներու տարածք է: Արդի աշխարհի մէջ, որ աւելի ու աւելի կը բնութագրուի գռեհկութեամբ, մակերեսայնութեամբ եւ արագընթաց անցողիկութեամբ, «Մասիս» իր կրօնաբոյր պատգամներով, բարոյախօսական ուղերձներով, իմաստալից յօդուածներով մեզի կը փոխանցէ մեր կեանքի իմաստին եւ հետապնդած անձնական թէ ազգային նպատակներուն վերաբերեալ խորք, կայունութիւն, տոհմիկ ինքնութիւն եւ պատկանելիութեան զօրեղ զգացում:
«Մասիս» յանձնառու պէտք է մնայ հասնելու նաեւ գալիք սերունդներուն` անոնց ցոյց տալու Նայիրեան հողէն սերած իրենց ցեղին ազնուական արմատները, միաժամանակ անոնց հոգիին եւ ապրումներու քուրային մէջ առթէ հայ ըլլալու հպարտութիւնը:
Ան պէտք է ձեւաւորել կարենայ երկխօսութիւն աւանդոյթի եւ ներկայի, անցեալի եւ ապագայի միջեւ` մնալով ամուր խարսխուած մեր հաւատքի արժէքներուն վրայ:
Վստահ եմ, որ «Մասիս» տակաւին տարիներ շարունակ պիտի հանդիսանայ ոգեշնչման անսպառ աղբիւր մը: Աղբիւր, որ ոչ միայն մեզի պիտի յիշեցնէ, թէ ո՛վ եղած ենք մենք, այլեւ առաջին հերթին ցոյց պիտի տայ, թէ ո՛վ կրնանք ըլլալ եւ դէպի ո՛ւր պիտի ուզենք երթալ` որպէս եկեղեցի, որպէս համայնք, որպէս դուստրերն ու որդիները համայնական ջրհեղեղէն ետք Մասեաց լանջերուն իջեւանած հայ ժողովուրդին:
«Մասիս» պարբերաթերթի 75-ամեակին նուիրուած այս «Յուշամատեան»-ը թող ըլլայ պատեհ առիթ մը մեզի ի խորոց սրտի յայտնելու մեր երախտագիտութիւնը ամէն բանէ առաջ անոր ծիրանաւոր հիմնադիրին` երանաշնորհ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին, խմբագիրներուն, հաւատարիմ ընթերցողներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են անոր իրականացման եւ զարգացման գործին մէջ: Թող բոլորս շարունակենք ոգեշնչուիլ այն իմաստութեամբ, խորութեամբ եւ գեղեցկութեամբ, որ «Մասիս» անմնացորդ առատաձեռնութեամբ կը հրամցնէ մեզի:
«Մասիս» պարբերաթերթի 75-ամեայ յոբելանին առթիւ անգամ մը եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Հոգեւոր տէրը՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայել-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրբակրօն հոգեւորականաց դասը, հոգեւոր եղբայրս` «Մասիս» պարբերաթերթի հմուտ խմբագրապետ հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը, մասիսականներու ժրաջան հոյլը, ինչպէս նաեւ այսօրուան նշանակալից տարեդարձին նուհոուած «Յուշամատեան»-ի մեհանձն բարերարները:
Բարեխօսութեամբ Ս. կոյս Մարիամ Աստուածամօր` թող մեր Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոս, նոր հրատարակութիւններու օրհնեալ եւ բազում տարիներ շնորհէ «հների մէջ` դու ալեհեր, նորերի մէջ` նոր ու ջահել» «Մասիս»-ին:
Պէյրութ, 8 սեպտեմբեր 2024 Ի Տօնի Ծննդեան Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի