Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԷՆ «ATAGS» ՀՐԵՏԱՆԱՅԻՆ ԿԱՅԱՆՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԽՄԲԱՔԱՆԱԿ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

September 13, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԷՆ «ATAGS» ՀՐԵՏԱՆԱՅԻՆ ԿԱՅԱՆՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԽՄԲԱՔԱՆԱԿ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

 

 

Հայաստանի Հանրապետութիւնը հետաքրքրուած է Հնդկաստանէն յաւելեալ քանակութեամբ 155 մմ տրամաչափի «ATAGS» հրետանային կայանքներու ձեռքբերման հարցով:

Այս մասին յայտնած է Հնդկաստանի պաշտպանական հետազօտութիւններու եւ վերլուծութեան հիմնարկի գլխաւոր տնօրէն Սուտան Չինոյը։

«ATAGS-ները շատ մանեւրող կայանքներ են։ Անոնք արտադրուած են Հնդկաստանի մէջ եւ ունին մեծ յաջողութիւն։ Հայկական կողմը 6 նման սարք ձեռք բերած է եւ գոհ մնացած է գնումէն»,- ըսած է Սուտան Չինոյը՝ յիշեցնելով, որ Տելհին արդէն Երեւան առաքած է «Swathi» ռատիօտեղանքի համալիրներ, իսկ տուեալ գործարքին արժէքը կազմած է 40 միլիոն տոլար: Անոր գնահատմամբ՝ հնդկական Համազարկային կրակի համակարգերը աշխարհի մէջ լաւագոյններէն են եւ մեծ պահանջարկ ունին:

Հնդկաստանի պաշտպանական հետազօտութիւններու եւ վերլուծութեան հիմնարկի գլխաւոր տնօրէնը նաեւ յաւելած է, որ Հայաստանը հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է նաեւ մօտ 250 միլիոն տոլար արժողութեամբ «Pinaka» բազմափող հրթիռային կայանքներու նկատմամբ։

Չինոյը կը կարծէ, որ Հայաստանը նոյնպէս պաշտպանական արդիւնաբերութեան զարգացման ներուժ ունի, որ ներկայիս կեդրոնացած է սթարթափներու վրայ։

«Հայաստանի մէջ կը գործեն երեք այդպիսի ընկերութիւններ, ինչ որ քիչ չէ, եթէ հաշուի առնենք երկրին մասշտապներն ու բնակչութեան թիւը։ Հնդկաստանի մէջ կայ 120 այդպիսի ընկերութիւն: Այնպէս որ, ռազմական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ, Երեւանն ու Տելհին կրնան աշխոյժ համագործակցութիւն հաստատել», – ըսած է Չինոյը։

Աւելի վաղ, լրատուամիջոցները գրած էին, որ 155,5 միլիոն տոլարի կատարելագործուած քարշակուող հրետանային համակարգերը (ATAGS) Երեւանը պատուիրած է 2022 թուականին։ 155 մմ քարշակուող հաուպիցներու առաջին խմբաքանակը՝ բաղկացած 6 միաւորէ, մատակարարուած է 2023 թուականի Օգոստոսին։

Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն՝ 2024-2025 թուականներու ֆինանսական տարուան ընթացքին Հայաստանի կողմէ հնդկական արտադրութեան սպառազինութեան գնումներու ընդհանուր ծաւալը հասած է 600 միլիոն տոլարի։

Հայաստանը 2021 թուականէն սկսեալ Հնդկաստանէն ձեռք կը բերէ հրթիռներ, հրետանային համակարգեր, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ այլ զինատեսակներ։

Share65Tweet41
Previous Post

ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ

Next Post

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ ՎՐԱՅ, ԱՄՆ ԿՐՆԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ ԵՒ ՈՐՈՇԻՉ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱԼ»

Next Post
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ ՎՐԱՅ, ԱՄՆ ԿՐՆԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ ԵՒ ՈՐՈՇԻՉ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱԼ»

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ ՎՐԱՅ, ԱՄՆ ԿՐՆԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ ԵՒ ՈՐՈՇԻՉ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱԼ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.