Տարիները, այլեւ տասնամեակները կը սահին արագ-արագ, ու մենք` լիբանանահայերս, թերեւս անակնկալի կու գանք` տեսնելով որ մեր համայնքային ու կրթական հաստատութիւնները արդէն դարձեր են հարիւրամեայ, բոլորեր են իրենց գոյութեան առաջին դարաշրջանը…։
Դեռ երէկ էր կարծես` երբ անոնք կը նշէին իրենց 60-ամեակը կամ 75-ամեակը։ Ե՞րբ եւ ի՜նչ շուտ հասան հարիւրի սեմին…։
Այո՛, այդպէս է։ Լիբանանահայ հաստատութիւններէն շատեր արդէն դարահասակ դարձան լռիկ-մնջիկ, առանց որ մենք զգանք ատիկա։ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճը, Հայ Աւետարանական գոլէճը, Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղը եւ ուրիշներ բոլորեցին իրենց 100 տարին։ Այլ հիմնարկութիւններ շատ մօտեցան հարիւրին, ինչպէս «Ազդակ» օրաթերթը, Համազգայինի Ճեմարանը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»-ը…։
Այս շարքին, անցեալ տարի իր 100-ամեակը նշեց նաեւ Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանը։
Բուժարանի 100-ամեակին առթիւ հրատարակուած «Յուշամատեան»-ը (Պէյրութ, 2024, 142 էջ, տպարան «Զաւէն եւ որդիք», խմբագիր` Վարուժան Թէնպէլեան) ստացանք վերջերս ու զայն թղթատեցինք յուզումով։
Շուֆի շրջանի Ազունիէ գիւղին բարձունքին թառած Ազգ. Բուժարանի հսկայ շէնքը կու գայ 1938 թուականէն ու վերանորոգուած է բազմիցս։ Անիկա գերազանցապէս թոքախտանոց մը եղած է անցեալին (Մաամըլթէյնի ծովամերձ իր առաջին հիւանդատուներու շրջանէն սկսեալ), սակայն ժամանակի ընթացքին, «թոքախտ» կոչուած մահացու հիւանդութեան նահանջին ու վերացումին զուգահեռ` հետզհետէ վերածուած է թոքային ու կրծքային հիւանդութեանց արդի բուժարանի, համալիբանանեան առումով ու չափանիշով։ Կը յիշենք, որ այստեղ դարմանումի ենթարկուած ու կատարելապէս բուժուած էր սիրուած գրագէտ ու արձակագիր Վահրամ Մավեանն ալ…։
Մենք Ազունիէի Ազգ. Բուժարանին մէջ տեսնել ուզած ենք լիբանանահայոց երբեմնի բաղձացեալ ազգապատկան հիւանդանոցին մէկ մանրանկարը, կամ նախաքայլը։ Լիբանանի քաղաքական վերիվայրումները, սակայն, պատեհութիւն չեն տուած այդ երազանքին իրականացումին։
Միւս կողմէ, Ազգ. Բուժարանը միջյարանուանական գործակցութեան օրինակելի նմուշ մը հանդիսացեր է լիբանանահայոց համար, ճիշդ նմանողութեամբը Հալէպի Հայ Ծերանոցին, որ կը կառավարուի հայ երեք յարանուանութեանց կողմէ։
Ինչպէս ծանօթ է, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութիւնը, ձեռք-ձեռքի, իրաւատէրի ու սեփականատէրի հանգամանքով, համերաշխօրէն կը տնօրինեն բուժարանին բազմաճիւղ գործունէութիւնը, կը հոգան անոր կարիքները հաւասարապէս, խորհրդակցաբար կը վերահսկեն խնամակալութեան աշխատանքը, մանաւանդ որ բուժարանը հիմա այլեւս ունի ծերանոցի անջատ բաժանմունք մըն ալ ու ընդլայնած է աշխատանքի իր դաշտը։
Բուժարանը ունի իր բարերարնեըը, իր նուիրատու բարեկամ հիմնարկները։ Յիշենք Հայկական Բժշկական Հիմնադրամը (Ամերիկա), Կիւլպէնկեանը, Ճինիշեանը, Գարակէօզեանը, Բարեգործականը եւ անշուշտ ուրիշներ։ Կայ նաեւ պետական նպաստ։ Ժողովրդային շրջանակներու մէջ հին սերունդը կրնայ յիշել «Բուժարանի օր»-ուան տարեկան հանգանակութիւնները…։
Պէտք է յիշել նաեւ անհատ ծառայողները, մա՛նաւանդ բժիշկները, որոնց անունը ձեւով մը զուգորդուած է այս հաստատութեան.- Տոքթ. Յովսէփ Ենիգոմշեան, տոքթ. Տիգրան Սիւլահեան, տոքթ. Գարեգին Վարդապետեան, տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեան, տոքթ. Բաբգէն Մկրտիչեան, տոքթ. Մկրտիչ Պետրոսեան, տոքթ. Յովհաննէս Փափազեան, տոքթ. Սերոբ Տեմիրճեան, տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեան եւ ուրիշներ։
«Արարատ» յարգանքով կը յիշէ Ազունիէի Ազգ. Բուժարանին սատարած բոլո՜ր նուիրեալները, վարչականներ թէ առողջապահական կալուածի պաշտօնեաներ, որոնք հիւսեցին 100 տարուան վրայ երկարող հրաշալի պատմութիւն մը։ Պատմութիւն մը, որ սկսաւ Մաամըլթէյնի նախնական անշուք տնակներով ու յետոյ փոխակերպուեցաւ արդիաշունչ բազմայարկ բուժարանի…։