Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ ՎՐԱՅ, ԱՄՆ ԿՐՆԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ ԵՒ ՈՐՈՇԻՉ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱԼ»

September 13, 2024
in Հայաստան
0
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ ՎՐԱՅ, ԱՄՆ ԿՐՆԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ ԵՒ ՈՐՈՇԻՉ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱԼ»

ԱՄՆ ՀԵԼՍԻՆՔԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

ԱՄՆ գոնկրէսականներն ու ծերակուտականները մասնակցած են Հելսինքեան յանձնաժողովի՝ Հայաստանին վերաբերող լսումներուն, որոնց շրջանակին մէջ ողջունած են Հայաստանի արտաքին քաղաքական շրջադարձը դէպի Արեւմուտք:

Լսումները նպատակ ունեցած են ուրուագծել ուղիներ, որոնցով Միացեալ Նահանգները եւ գոնկրէսը կրնան աջակցել Հայաստանին՝ շարունակելու իր ժողովրդավարական ուղին, ապահովելու ինքնիշխանութիւնը, վերջնականապէս հաստատելու խաղաղութիւն եւ կարգաւորելու յարաբերութիւններն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, ինչպէս նաեւ զսպելու Ռուսաստանի՝ տարածաշրջանին մէջ գերիշխելու ջանքերը:

«Հայաստանը կանգնած է ճակատագրական խաչմերուկի վրայ: Միացեալ Նահանգները կրնայ բացառիկ եւ որոշիչ դերակատարում ունենալ Հայաստանի՝ խաղաղ, ժողովրդավար, կայուն, ապակայունացնող տարրերէ զերծ ապագային աջակցելու հարցով»,- ըսած է Հելսինքեան յանձնաժողովի նախագահ Ճօ Ուիլսընը:

Ան ընդգծած է, որ այսօր Հայաստանը կը բախի նոր մարտահրաւէրներու, սակայն երկրին ներուժը հնարաւոր է կեանքի կոչել միայն Արեւմուտքի հետ իրական համարկման միջոցով՝ խորացնելով կապերը Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի, անոնց դաշնակիցներուն հետ:

«Հայաստանը խիզախ քայլեր ձեռնարկած է` պաշտպանելու անկախութիւնը եւ ինքզինք հեռացնելու Փութինի ազդեցութենէն: Այս որոշումները հեշտ չեն տրուած, յատկապէս տարածաշրջանին մէջ, ուր Փութինի ազդեցութիւնը ամէնուր է: Մոսկուան անընդհատ ցոյց տուած է, որ կը նախընտրէ Հայաստանն ու անոր հարեւանները տեսնել հակամարտութեան մէջ: Այս ռազմավարութիւնը նախատեսուած է Ռուսաստանի գերիշխանութիւնը պահպանելու համար»,- շարունակած է Ուիլսըն:

Ըստ անոր՝ Ռուսաստանը կ’ուզէ վերստեղծել ԽՍՀՄ-ը, սակայն հայ ժողովուրդը այլ բան կ’ուզէ:

«Անոնք կ’ուզեն խաղաղութիւն, ժողովրդավարութիւն, դուրսէն միջամտութենէ զերծ ապագայ… այստեղ ԱՄՆ-ն պէտք է որոշիչ դերակատարում ունենայ: Մենք պէտք է այնտեղ ըլլանք՝ աջակցելու Հայաստանին ժողովրդավարութեան կառուցման հարցով, շտկելու տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակը»,- ըսած է Հելսինքեան յանձնաժողովի նախագահը:

Այս լսումներուն նախորդած էր Հելսինքեան յանձնաժողովի անդամ օրէնսդիրներուն Յուլիսին կայացած ճանաչողական այցը Հայաստան, որուն ընթացքին անոնք արձանագրած են Հայաստանի անկայուն ռազմավարական իրավիճակը, բայց միեւնոյն ժամանակ անոր դիմացկունութիւնը, տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան օրինակ ծառայելը եւ հասարակական-քաղաքական համախոհութիւնը՝ յօգուտ եւրոպական ապագայի:

Share65Tweet41
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԷՆ «ATAGS» ՀՐԵՏԱՆԱՅԻՆ ԿԱՅԱՆՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԽՄԲԱՔԱՆԱԿ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Next Post

ՓԱԼՈՆ. «ԱՄՆ ՄԶԳ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Next Post
ՓԱԼՈՆ. «ԱՄՆ ՄԶԳ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»

ՓԱԼՈՆ. «ԱՄՆ ՄԶԳ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.