Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊՈՐԵԼԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

September 13, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՊՈՐԵԼԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

 

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին հաստատեց, որ Լիբանան պատերազմ չ’ուզեր, բայց իրաւունք ունի եւ ի վիճակի է պաշտպանել ինքզինք։

Պըրրի այս յայտարարութիւնը կատարեց Եւրոպական միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի հետ Այն Թինէի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ, ուր ներկայացուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր իրավիճակը՝ Կազայի եւ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շարունակական յարձակումները, ինչպէս նաեւ անոր ապահովական ու քաղաքական մարտահրաւէրները, որոնք կը խոչընդոտեն անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ։               Պըրրի մատնանշեց Պորելին, որ ան ականատես եղաւ իսրայէլեան ամբարտաւանութեան եւ ոտնձգութիւններուն Լիբանանի դէմ՝ հարաւային Լիբանանի Նաքուրա քաղաքի մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ուժերուն կատարած այցելութեան ժամանակ:               Ինչ կը վերաբերի ներքին քաղաքական իրավիճակին, խորհրդարանի նախագահը նկատեց, որ կառավարութիւնը կ’աշխատի սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններուն համապատասխան, յատկապէս նախագահական թափուր պաշտօնին ժամանակ, եւ «մենք ամենայն լրջութեամբ կ’աշխատինք աւելի քան մէկ տարի առաջ մեր առաջադրած նախաձեռնութիւնը իրականացնելու համար», ըսաւ ան։Ժոզեփ Պորել արտաքին գործոց նախարարութենէն մատնանշեց, որ Լիբանանի համար կան բացասական հետեւանքներ՝ կապուած Սուրիոյ ճգնաժամի եւ Կազայի պատերազմին հետ, եւ աւելցուց, որ պատերազմի թմբուկը չէ դադրած անցած Յունուարին Լիբանան իր այցելութենէն ի վեր։

Share63Tweet40
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆ ՎԵՐՍՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ

Next Post

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ՕԴԱՆԱՒԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ   

Next Post
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ՕԴԱՆԱՒԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ   

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ՕԴԱՆԱՒԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ   

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.