Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆ ՎԵՐՍՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ

September 13, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԻԲԱՆԱՆ ՎԵՐՍՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ

 

ՄԵԾԱՇՈՒՔ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԺԱՆԻ ՅԱՐԳԱՆՔ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅ»ԻՆ

Լիբանան երէկ ապրեցաւ պատմական եւ եզակի օր մը ի տես Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան նախկին արժանընտիր կաթողիկոս- պատրիարք, կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի անփուտ մարմնին պաշտօնական ընդունելութեան: Ախալցխայի ծնունդ հայ հոգեւորականին ծառայական գլխաւոր դաշտը կազմած էր Լիբանանը, ի մասնաւորի հայ կաթողիկէ եկեղեցին եւ ժողովուրդը առհասարակ: Ան սիրոյ, համեստութեան, արդարութեան, թունդ հաւատքի, ներողամտութեան խորհրդանիշ եղած է: 1946-ին ան կը դառնայ տիտղոսաւոր կարտինալ: 1955-ին իր անձին հանդէպ յատուկ համակրանքն ու յարգանքը արժանացուցած են զինք այդ օրերու Հռոմի Պիոս ԺԲ. քահանայապետին կողմէ արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագրի կազմուած յանձնախումբի նախագահ նշանակման: Հռոմի ժողովուրդին կողմէ ճանչցուած էր «Կարմիր պապ», նկատի ունենալով իր պաշտօնը: Անոր վախճանումէն յիսուներեք տարի ետք, Հայ կաթողիկէ համայնքի նախկին երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. Ղապրոյեան պատրիարքը, որ ականատես վկան դարձած է Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի վախճանումէն երեք օր ետք անոր քրտնաթոր մարմնին եւ փորձած է սրբել անոր քրտինքը, խնդրած է բանալ Աղաճանեանի գերեզմանը: Ապա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. այժմու կաթողիկոս-պատրիարքին փափաքով  բացուեցաւ կարտինալին գերեզմանը, որ կը գտնուէր Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մատրան դամբարանին մէջ: Կարտինալին մարմինը մնացած էր նոյնը՝ անփուտ, եւ խնդրած են Վատիկանէն, յատկապէս Ֆրանչիսկոս պապէն, անոր երանացման ու ապա սրբադասման կարգերուն: «Աստուծոյ ծառայ» կարտինալ Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 28 Հոկտեմբեր 2022-ին, իսկ 23 Փետրուար 2024-ին աւարտած էր անփուտ մարմնին կանոնական հետազօտութիւնը եւ վաւերականութիւնը: Առ այդ մարմինը փոխադրուեցաւ Լիբանան՝ սպասելով անոր սուրբ հռչակման:

«Երէկուան կաթողիկոսը, վաղուան սուրբը» խորագրեալ եկեղեցական այս եզակի արարողութիւնը հեռասփռուեցաւ լիբանանեան բոլոր հեռատեսիլի կայաններէն: «Աստուծոյ ծառայ» կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի մարմնի հանդիսաւոր ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ՝ Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2024-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ, նախագահութեամբ Գրիգոր Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի բոլոր համայնքապետերուն, քաղաքական, կուսակցական վերնախաւին, որոնց կարգին՝ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, իբրեւ խորհրդանիշ ազգային միասնութեան եւ հաւատքի: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վաւերագրական ֆիլմ մը ցուցադրուեցաւ կարտինալ Աղաճանեանի կեանքին մասին: Սոյն ընդունելութեան իրենց յաւուր պատշաճի խօսքերը արտասանեցին Գրիգոր Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը, մարոնիներու Պըշարա Ռահի պատրիարքը եւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, որոնք ընդգծեցին Աղաճանեանի համերաշխ նկարագիրը, ծառայական կեանքը, եղբայրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ աղքատին եւ տնանկին կարեկից ըլլալը: Լիբանանեան բանակի նուագախումբը այս առիթով հնչեցուց հայկական եւ լիբանանեան-ազգային երաժշտական կտորներ, պանծացնելով Աղաճանեանի յիշատակը:

Հանդիսաւոր ընդունելութենէն ետք կարտինալ Աղաճանեանի աճիւնները բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներու ուսամբարձ հանդիսաւոր թափօրով ամփոփուեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կառուցուած նորակառոյց շիրիմին մէջ:

 

Share63Tweet40
Previous Post

ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԿՆԻՔ ՈՐԴԵԳՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

Next Post

ՊՈՐԵԼԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Next Post
ՊՈՐԵԼԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՊՈՐԵԼԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.