Ելեւմտական հարցերով խորհրդարանական մնայուն յանձնաժողովի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ յանձնաժողովը վաւերացուցած է հնարաւորութեան պարագային դրոշմաթուղթերու ելեկտրոնային տարբերակը գործածելու սկզբունքը: «Այժմ կարելի է մեքենագրուած պետական բոլոր փաստաթուղթերուն կցել ելեկտրոնային կնիք, դրոշմաթուղթ որոնելու փոխարէն», ըսաւ Քանաան: Անոր համաձայն, առաջարկը մշակուած է եւ պիտի փոխանցուի Ելեւմուտքի նախարարութիւն՝ համապատասխան աշխատանքները իրականացնելու եւ ապա վերջնական վաւերացումի համար: