Կառավարութեան երէկուան անակնկալ նիստի լոյսին տակ, նախանցեալ օրուայ նիստը խափանած թոշակառու զինուորականները երէկ իսկոյն փողոց իջան եւ փորձեցին փակել վարչապետարանէն վերադարձող նախարարներուն ճամբաները, մինչ Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներ կրակ հրահրեցին Միքաթիի բնակարանին առջեւ եւ փակեցին այնտեղ առաջնորդող ճամբան: Թոշակառու զինուորականներու համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութին մը, որուն մէջ դատապարտեց գործող կառավարութեան նման նիստի գումարումը, սուտ համարելով իրենց իրաւունքները գոհացնելու մասին Միքաթիի պնդումները: