Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻԻ ԴԱՌՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ ԹՈՇԱԿԱՌՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

September 12, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

 

 

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի վերջին պահուն հրապարակած հրաւէրով, գործող կառավարութիւնը երէկ յետմիջօրէի ժամը 3-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց անակնկալ նիստ մը՝ օր մը առաջ ցուցարարներու ճնշումին տակ յետաձգուած նիստին փոխարէն: Վարչապետի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է քաղաքացիներուն իրաւունքները եւ իրենք պիտի չհրաժարին երկիրը տնօրինելու պարտականութենէն: Նիստին ընթացքին Միքաթի վերստին շեշտեց հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութիւնը՝ վերաշխուժացնելու համար պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը: Միքաթիի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը մեկնաբանեց հանրային ոլորտի աշխատակիցներուն աշխատավարձերու յաւելումին հարցով վարչապետին ուղղուած ամբաստանութիւնները եւ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը մշակէ յաւելումներու ամբողջական ծրագիր մը, որ կը վերաբերի նաեւ գործող եւ թոշակառու զինուորականներուն: «Այժմ աշխատանք կը տարուի օրինագիծի սեւագրին մէջ ներառելու որոշ փոփոխութիւններ, որպէսզի ան ըլլայ բարեկարգչական», յայտարարեց Միքաթիի գրասենեակը՝ յիշեցնելով, որ կառավարութիւնը կը մտադրէ նաեւ ժամանակաւոր յատկացումներ տրամադրել հանրային պաշտօնեաներուն, մինչեւ մայր օրէնքի վերջնական վաւերացումը: Միքաթի զարմանալի որակելով դատապարտեց կազմակերպուած ցուցարարները, «որոնք կը շարժին թոշակառու զինուորականներուն իրաւունքները պաշտպանելու խորագրով, սակայն խորքին մէջ կը փորձեն յեղաշրջիլ պետութեան եւ հատատութիւններուն դէմ՝ անդամալուծելով երկիրը»:

Share63Tweet40
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԵՄ-ԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ՍԿՍԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ

Next Post

ԹՈՇԱԿԱՌՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՑԱՍՈՒՄ

Next Post
ԹՈՇԱԿԱՌՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՑԱՍՈՒՄ

ԹՈՇԱԿԱՌՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՑԱՍՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.