Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԵՒՍ ԿԸ ԳԻՏԱԿՑԻՆ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ՇԱՀԱՒԷՏ Է»․ Կ’ԸՍԷ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ

September 12, 2024
in Հայաստան
0
«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԵՒՍ ԿԸ ԳԻՏԱԿՑԻՆ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ՇԱՀԱՒԷՏ Է»․  Կ’ԸՍԷ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ

 

Թուրքիո խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Կարօ Փայլանի բնորոշմամբ՝ Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող թրքական բնակավայրերուն մէջ բնակիչները կ’ուզեն, որ սահմանը բացուի, քանի որ կը հասկնան, որ այդ իրենց համար ձեռնտու է։

Կարօ Փայլանը նման կարծիք յայտնեց՝ խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններուն միջեւ սահմանի հնարաւոր բացման վերաբերեալ։

«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին գտնուող թրքական քաղաքներն ու բնակավայրերը շատ աղքատ են։ Հետեւաբար, այդ քաղաքները կը սպասեն, որ հայ-թրքական սահմանը բացուի, քանի որ այդ իրենց ձեռնտու է։ Թուրքիոյ ներսը այլ տեղերու մէջ եւս կը հասկնան, որ սահմաններու բացումը օգտակար պիտի ըլլայ, եւ այդ առումով որոշակի ճնշում կայ Էրտողանի վրայ»,- ըսաւ Փայլան՝ յաւելելով, որ Թուրքիոյ նախագահը կը հաշուարկէ, թէ ո՞ր տարբերակը իր համար աւելի շահաւէտ է․ եթէ սահմանի բացման պարագային շահերը կորուստներէն շատ են, ապա ան կը բանայ սահմանը, իսկ եթէ կորուստները աւելի շատ են, քան օգուտները, ապա սահմանը չի բանար»։

Փայլան ըսաւ, որ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Էրտողանը կողմնակից էր հայ-թրքական սահմանի բացման, բայց հիմա, դժբախտաբար, այդպէս չէ։ «Արեւմուտքի երկիրները կը փորձեն Էրտողանը համոզել, որ սահմանները բացուին, իսկ կառուցուելիք ճանապարհները եւ հաղորդակցային ուղիները օգտագործուին տարածաշրջանային երկիրներու կողմէ»,- ըսաւ ան։

Փայլան նշեց․ «Հիմա, դժբախտաբար, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բնականոն չեն։ Երկու կողմերն ալ խնդիրներ ունին, Թուրքիան Յունաստանի հետ ալ խնդիրներ ունի, բայց անոնց սահմանները բաց են, առեւտուր կայ անոնց միջեւ, զբօսաշրջիկներու հոսք կայ, ունին նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Անշուշտ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ խնդիրները պիտի չաւարտին, սակայն նախ պէտք է սահմանները բացուին եւ յետոյ կողմերը սկսին այդ խնդիրները լուծել»։

Անոր դիտարկմամբ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու առումով շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ հաշուի առնելով նաեւ այն, որ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը բանալի կը հանդիսանայ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման տեսանկիւնէն։

Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հաւանականութեան մասին՝ Փայլան նշեց․ «Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ծաւալապաշտ է, որովհետեւ ան՝ որպէս մենատիրական երկրի ղեկավար, կը մտածէ՝ եթէ խաղաղութիւն հաստատէ Հայաստանի հետ, անկէ յետոյ կը կորսնցնէ իր թշնամին՝ ի դէմս Հայաստանի։ Սա Ալիեւի ամենամեծ վախն է, քանի որ խաղաղութեան հաստատումէն եւ ժողովուրդներու միջեւ շփումներէն յետոյ ատրպէյճանցիները իրեն պիտի հարցնեն, թէ ինչո՞ւ հայերը կը հարստանան, իսկ իրենք այդքան աղքատ կ’ապրին»։

Share63Tweet40
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ 18 ՏԱՐԵԿԱՆԸ ՉԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՑԱԾ ԱՆՁԵՐ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԱՄՈՒՍՆԱՆԱԼ

Next Post

«ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ՀՀ-ԵՄ ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ»․ ՍԻՅԱՐԹՕ

Next Post
«ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ՀՀ-ԵՄ ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ»․ ՍԻՅԱՐԹՕ

«ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ՀՀ-ԵՄ ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ»․ ՍԻՅԱՐԹՕ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.