Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի մէջ գործող բոլոր մասնաճիւղերն ալ իրենց անուանումները ստացած են հայ ազգային-ազատագրական շարժման մէջ մեծ ներդրում ունեցած հնչակեան ղեկավարներու, հնչակեան ֆետայիներու կամ կուսակցական հանրածանօթ գործիչներու անուններէն: Բացառութիւն կը կազմէ «Տաւրոս» մասնաճիւղը, որ հիմնուած է 30-ական թուականներու սկիզբը եւ առ այսօր կը գործէ Պուրճ Համուտի մէջ:
Բացառութիւն ըսինք, այն յստակ իրողութեամբ, որ Տաւրոս անունը իր մէջ կը բովանդակէ ամբողջ Հայկական լեռնաշխարհը՝ Կիլիկիոյ Դրունք կիրճէն մինչեւ Պոտան գետը, ընդգրկելով Իշխանասար, Սիմսար, Մարութա եւ Վարագայ լեռներուն գագաթները, Խարբերդի, Բալուի, Մուշի շրջանները, Հաճնոյ եւ Զէյթունի բարձրաւանդակները, Մալաթիոյ լեռնաշղթաները, Արղեւիի, Սիմսարի, Պիթլիսի, Սասնայ, Խութի լեռնաշղթաները, Ընձաքիարս, Ռշտունեաց, Շատախի լեռնաշղթաները, հիւսիսէն երկարելով դէպի Խարբերդ, Պալու, Ճապաղջուր, Մուշ, հասնելով մինչեւ Վանայ լճի սահմանները:
1800-ական թուականներու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկիզբը, այս 650 քիլոմեթր երկայնքով եւ 100 քիլոմեթր լայնքով աշխարհագրական ընդարձակ շրջանը պատուհաս դարձած էր Օսմանեան վարչակարգին համար, իր հայ ֆետայական եւ ազատագրական-յեղափոխական շարժումներով: Այնտե՛ղ, Տաւրոսեան լեռներուն վրայ ծնունդ առաւ ու աշխարհի ազատատենչ ժողովուրդներուն վարակիչ ըլլալու կոչուեցաւ հայ ֆետայական եւ ազատագրական-յեղափոխական ինքնաբուխ շարժումները: Օսմանեան բռնատիրական վարչաձեւին եւ քեմալականներուն դէմ ծայր տուած ալեկոծումները ծնունդ տուին ստուարաթիւ հերոսական կերպարներու, գաղափարանուէր ֆետայիներու, նուիրեալ յեղափոխականներու որոնք կախաղանի մահապատիժն անգամ անտեսելով պայքարեցան հայութեան ընդհանրական երազներուն իրականացման համար:
Ուստի պատահական չէ, որ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանին մէջ գործող մասնաճիւղերէն մին անուանուէր Սրբազան առաքելութեան ճամբան որդեգրած եւ հայ ազատագրական պայքարի էջերը պատուով զարդարած Հոյլին որդեգրած աշխարհագրական տարածութեան անունով՝ ՏԱՒՐՈՍ:
Տաւրոս անուան բացատրութիւնը:
Տաւրոս անունը յառաջ եկած է յունական «Ταύρος» (Taurus) բառէն, որ կը նշանակէ «ցուլ»: Հին ժամանակ յոյները սովորաբար աշխարհագրական շրջանները կը յիշատակէին կենդանիներու, առասպելներու կամ այլ անուանումներով: Ի դէպ Լուսին մոլորակին վրայ ալ լեռնաշղթայ մը գիտնականներուն կողմէ անուանուած է Taurus (Տաւրոս):
Թերթեր:
«ՏԱՒՐՈՍ», քաղաքական, տնտեսական, հասարակական օրաթերթ։ Եղած է Հնչակեան կուսակցութեան Կիլիկիոյ շրջանի պաշտօնաթերթ եւ լոյս տեսած է 1919-1920 թուականներուն, Ատանայի մէջ։ Արտօնատէրն էր Ֆէրուզ Խանզադեանը։ Իսկ խմբագիրները՝ Անդրանիկ Կէօնճեան, Վահան Ժամկոչեան, Սեդրակ Շահէն, Արիս Գալֆայեան, Մարգար Ձագիկեան, Սարգիս Տխրունի։
Անդրադարձած է ժամանակի քաղաքական անցուդարձերուն, հայերու ինքնապաշտպանական մարտերուն, հանդէս եկած է քեմալականներու հայահալած քաղաքականութեան դէմ։
«ՏԱՒՐՈՍ»-ին յաջորդած է «ԱԶԱՏ ՏԱՒՐՈՍ» օրաթերթը։
«ԱԶԱՏ ՏԱՒՐՈՍ» – քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական օրաթերթ։ Հնչակեան կուսակցութեան Կիլիկիոյ շրջանի օրկան։ Լոյս տեսած է 1920-ին, Ատանայի մէջ։ Խմբագիրները՝ Ֆէրուզ Խանզադեան, Վահան Ժամկոչեան, Անդրանիկ Կէօնճեան։
Անդրադարձած է ժամանակի քաղաքական անցուդարձին, հանդէս եկած քեմալականներու հայահալած քաղաքականութեան դէմ, պատմած հայերու ինքնապաշտպանական մարտերուն մասին։
ՔԱՅԼԵՐԳ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՏԱՒՐՈՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ
Ողջոյն քեզ զինուոր, երդուեալ «Տաւրոս»եան
Անվեհեր մարտիկ, ընկերվարութեան՝
Փառք, պարծանք, պատիւ հանուր հայութեան,
Քաջարի պաշտպան եղբայրակցութեան:
Զինուոր ենք Հնչակ՝ Տաւրոս Միութեան,
Խորտակող լուծը անարդարութեան։ (Կրկներգ)
Տաւրոսի քաջե՛ր, խումբեր կազմեցէք,
Անարդարութեան հոգին ճզմեցէք,
Կաշկանդումի դէմ մարտի դիմեցէք,
Չար բռնակալին արիւնն թափեցէք:
Զինուոր ենք Հնչակ՝ Տաւրոս Միութեան,
Խորտակող լուծը անարդարութեան։
Պատրաստ, ընկերներ, բարեւի կենանք,
Սոցեալ բանակին շարքին միանանք,
Պայքարի ոգւով իրար մօտենանք,
Որ պատմութեան մէջ փառք ունենանք:
Զինուոր ենք Հնչակ՝ Տաւրոս Միութեան,
Խորտակող լուծը անարդարութեան։ (Կրկներգ)
(Կ’երգուի «Հեռաւոր Երկիր»ի եղանակով)
Կ․ ՏԱՒՐՈՍ