Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ ՀԵՐՈՍ ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

September 12, 2024
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ  ՀԵՐՈՍ ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

 

(Պէտք է այնպէս ընել որ այս հերոսներուն սխրագործութիւնները օրինակ ծառայեն ներկայ երիտասարդութեան, ոչ թէ խօսքով, այլ՝ գործով: «Ա.»)

 

Մեղրեցի Վարդանը 2012-էն 2014 թուականներուն Վանաձորի մէջ ծառայած է որպէս ժամկէտային զինուոր: Ծառայութեան ժամանակ ծանօթացած է իր ապագայ կեանքի ընկերուհիին՝ Անահիտի հետ:

2014 թուականի ձմեռէն սկսեալ ան 3 տարի աշխատած է Մեղրիի զինուորական «կոմիսարիատ»ին մէջ: Որմէ ետք որպէս սպայ շարունակած է ծառայել Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրամասին մէջ:

2019 թուականի Մարտ ամսուն ամուսնացած է Անահիտի հետ եւ երկուքով մնացած են Մեղրիի մէջ՝ շարունակելու համար զինուորական ծառայութիւնը:

3 Հոկտեմբեր 2020-ին հրաման ստացած է թողել կրակային դիրքերը եւ տեղափոխուիլ Արցախի Ջրականի շրջանը: Նախ կը հասնի Իշխանաձոր, ապա Ջրական ու կը մասնակցի հրետանային մարտերուն: Սկիզբը բաւականին անսովոր կ’ըլլան Վարդանին համար, մարտկոցներու կրակոցներու ահաւոր աղմուկ եւ այլն, սակայն յետոյ ամէն ինչ սովորական կը դառնայ: Ցերեկը մեծ թիւով հրետանիի հարուածներ կը տեղացնեն թշնամիին, իսկ գիշերները կը պահեստաւորուին նոր ստացուած ռումբերով:

Պատերազմը, շատերուն նման, Վարդանին ու անոր հրամանատարութեամբ ծառայող զինուորներուն ստիպեց մարտական գործողութիւններուն մասնակցիլ առանց նախնական պատրաստութեան:

Եւ ահա, 10 Հոկտեմբերի գիշերը, մէկ մեքենայէն միւսը ռումբեր դատարկելու ժամանակ, թշնամիին անօդաչուէն նետուած հրթիռը իր աջ կողմէն զգալի ահաւոր պայթումով զինք գետին կը շպրտէ: Յաջորդ օր՝ 11 Հոկտեմբերին, աչքերը կը բանայ Գորիսի հիւանդանոցին մէջ: Շտապ կ’ենթարկուի թոքերու վիրահատութեան, որմէ ետք ուղղաթիռով կը փոխադրուի երեւան, ուր կը կատարուի ձեռքի վիրահատութիւնը: Բարեբախտաբար ողնաշարը անվնաս էր: Քանի մը օր վերակենդանացման բաժնին մէջ մնալէ ետք, հիւանդանոցէն կը փոխադրուի Զինուորի Տուն:

Առաջին 20 օրերը Վարդանին համար կ’ըլլան հոգեկան տագնապներու լարուած շրջան մը: «Երբ աչքերս կը գոցէի, կը կարծէի թէ տակաւին պատերազմի դաշտն եմ ու կռիւը ինծի համար կը շարունակուի», կ’ըսէ ան: «Զինուորի տան մէջ սկզբնական շրջանը կ’անցընէի պառկած վիճակի մէջ, սակայն հետզհետէ բարելաւուեցայ եւ սկսայ ինքնուրոյն նստիլ, ձերքերս շարժել, ճաշել, սայլակ քշել եւ այլն»:

Զինուորի տան մէջ Վարդան կը հետեւի տարբեր մասնագիտութիւններո՝ անգլերէն, համացանցի ծրագրաւորում, թիթեռներով համադրում իրականացնելու ճիւղին: Սակայն վերջ ի վերջոյ կը կեդրոնանայ վերջինին վրայ: Մինչեւ այսօր հերոս Վարդանեան քանի մը հոգիով կ’աշխատի եւ կը ստեղծագործէ այդ եկամտաբեր ճիւղին մէջ: Հետաքրքրական է, որ Զինուորի Տան կազմակերպութեամբ, ան կը հետեւի նաեւ սայլակներով պարարուեստին, իրենց ժամանակը հաճելի անցնելու նպատակով: Անոնք կ’ունենան նաեւ ելոյթներ: Յատկանշական է Երեւանի օփերայի բեմէն համերգային ելոյթը:

«Մարդը ունի վարժուելու բնաւորութիւն», կ’ըսէ արցախեան ազատամարտիկը, «ինչ կ’ուզէ թող ըլլայ, մարդս դէպքերուն պիտի վարժուի ժամանակի ընթացքին: Հասարակութիւնը երբեմն մեզի կը նայի մէկ մասը խղճահարութիւն ապրելով, մէկ մասը՝ հպարտութիւն, ուրիշներ իրենց կորսնցուցած հարազատները կը տեսնեն, մնացեալներուն ալ բան մը չի հետաքրքրեր: Պէտք է այդ հասարակութեան մէջ ապրիս ու այդ հայեացքներէն փորձէս չնեղուիլ», կ’եզրակացնէ ան:

 

Share64Tweet40
Previous Post

Աշխարհը դեռ պատրաստ չէ ոչ-իտալացի պապ ունենալու

Next Post

«ՏԱՒՐՈՍ»

Next Post
«ՏԱՒՐՈՍ»

«ՏԱՒՐՈՍ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.