1963-ի Յունիսի 3-ին կը վախճանի Յովհաննէս ԻԳ. պապը։ Երբ միեւնոյն տարուան Յունիս 19-ին Կարտինալներու դռնփակ ժողովը կը գումարուէր ընտրելու համար նոր պապը, Կարտինալ Աղաճանեան տիրացած էր այնպիսի համբաւի մը, որ միջազգային հանրային կարծիքը զինք կը նկատէր Յովհաննէս ԻԳ.ի յաջորդութեան ամէնէն հաւանական թեկնածուն։ Աշխարհ հիասթափութեամբ եւ զարմանքով դիմաւորեց ընտրութեան արդիւնքը։ Ինչպէս նկատել կու տար հայազգի Կարտինալը, յայտնապէս, «աշխարհը տակաւին պատրաստ չէր ոչ-իտալացի պապ ունենալու»։ Պատմութիւնը օր մը կը բացայայտէ անշուշտ ճշմարտացիութիւնը Հայ Ծիրանաւորին պապ ընտրութեան արգելք հանդիսացող անհիմն պատրուակներու մասին։ Այս պատրուակներուն մէջ առանցքային դեր կը տրուէր Աղաճանեանի քրոջ՝ Էլիզապէթին հետ հանդիպումին։
Նորընտիր պապը Պօղոս Զ. հայ Ծիրանաւորը կը նշանակէ առաջին Ատենավար Վատիկանի Բ. Ժողովին, որուն բացումը տեղի կ’ունենար 1963-ի Սեպտեմբեր 30-ին, Կարտինալ Աղաճանեանին կողմէ արտասանուած այնպիսի մեծափառ ճառով մը, որ պատմական նկատուեցաւ:
1964-ի Նոյեմբեր 26-ին Կարտինալ Աղաճանեան Պոմպէյի մէջ կը նախագահէ Սուրբ Հաղորդութեան Համաշխարհային Համագումարին։ Իսկ 31 Յուլիս 1969-ին կ’ուղեկցի պապին, Ափրիկէ շրջագայութեան ընթացքին։
Ն.Ս. Պօղոս Զ.ի գնահատագիր նամակը Կարտինալ Աղաճանեանին
Տարի մը ետք, 19 Հոկտեմբեր 1970-ին, Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալ Աղաճանեանին կը յղէ հետեւեալ գնահատագիր նամակը․
«Ծանրագոյն իրադարձութիւնները եւ խոր փոխակերպումները աշխարհի մէջ իրարու յաջորդեցին այս վերջին ժամանակներուն, առանց խնայելու այն աշխարհամասերը, ուր Եկեղեցին մտադիր է գործադրել իր առաքելական գործունէութիւնը։ Եթէ այսօր կ’ուրախանանք այդ աշխարհամասերուն մէջ քրիստոնէական միշտ աւելի կենսունակ ու ժրաջան ներկայութեամբ, եթէ կը հիանանք առաքելագործ աշխատանքի յարաճուն կենսունակութեամբ, ասիկա մեծ մասամբ պարտական ենք այն արդիւնաւէտ եւ իմաստուն ցուցմունքներուն, որոնք տրուած են Մեր այնքա՜ն վաստակաշատ Հաւատքի Տարածման Ժողովին կողմէ (որուն նախագահն էր Կարտինալ Աղաճանեան)։
«Եւ պարտական ենք, ի մասնաւորի, հեռատեսութեան անոր, որ մինչեւ օրս ղեկավարած է այդ կառոյցին գործունէութիւնը,- կ’ուզեմ ընդգծել ասիկա` գիտնալով հանդերձ որ կը վիրաւորենք Ձեր քաջ յայտնի համեստութիւնը,- անոր որուն ղեկավարութեամբ այս Սուրբ Ժողովը այսօր վերանորոգ հոգիով կը դիմագրաւէ ո՛չ սակաւաթիւ եւ դժուարին առաջադրանքները, որոնք այս յետժողովական ժամանակներուն կը պարտադրուին Եկեղեցւոյ առաքելական գործունէութեան։ Բարիքի այդքա՜ն հարստութիւնը, որ ծլարձակած է Ձեր բոցավառ ջերմեռանդութենէն, կը փաստէ որ որքա՜ն Աստուծոյ կողմէ օրհնուած են իր լաւ ու հաւատարիմ ծառային ջանքերը։ Եւ Մենք ալ սրտանց կը մաղթենք Ձեզի որ ասիկա կարենայ փոխակերպուիլ սփոփանքի եւ սուրբ հոգեզուարթութեան մշտնջենաւոր աղբիւրի՝ ապագայի համար»:
Պատմական ողջագուրումը Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ
Ափրիկէէն վերադարձին, Ծիրանաւոր Հայրապետին առողջական վիճակը կը վատթարանայ։ Այս շրջանին կը զուգադիպի Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին պաշտօնական այցելութիւնը Պօղոս Զ․ պապին, 8 Մայիս 1970-ին։ Յաջորդ օրը, երբ Սիքստեան Մատրան մէջ Պօղոս Զ. եւ Վազգէն Ա․ կ’ողջագուրուին, անոնց կողքին է նաեւ Կարտինալ Աղաճանեան, որ իր կարգին կ’ողջագուրուի Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ։ Ասիկա կ’ըլլայ Կարտինալ Աղաճանեանին վերջին հրապարակային արարքը։ Անկէ ետք, անոր առողջական վիճակը անկողնին կը քամէ տիեզերահռչակ Հայ Ծիրանաւորը։
1971-ի Մարտ 31-ին, Պօղոս Զ. անակնկալօրէն անձամբ այցի կու գայ անոր, Լեւոնեան Վարժարան, եւ «քանի որ Դուք Ինծի այցելութեան չէք գար» ըսելով կը մօտենայ անոր եւ կը համբուրէ ճակատէն։ Աղաճանեանի ծննդեան հարիւրամեակի մեծաշուք հանդիսութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Քասլիքի Սուրբ Հոգի Համալսարանի ամփիթատրոնին մէջ, երջանկայիշատակ Ներսէս Եպիսկ. Սէթեան իր արտասանած խօսքին մէջ կատարեց հետեւեալ վկայութիւնը. «Հիւանդ Ծիրանաւորին այցելողները այս արտայայտութիւնը կու տային. Վսեմաշուքը սուրբ անձնաւորութիւն մըն էր։ Անոր մահէն ետք ալ շատեր կ’ըսէին. Սուրբ մը ունինք երկինքի մէջ. ան մեզի համար կ’աղօթէ»:
Երբ Մայիս 16-ին Հայոց Ծիրանաւոր Հայրապետը իր հոգին կը յանձնէր Տիրոջ, հաւանաբար անոր ականջին կը հնչէր իր այնքան սիրած «Լեռներ Հայրենի» երգը։ Ափսոս որ այդ հայրենի լեռները տեսնելու բախտը զլացուեցաւ շնորհազարդ եւ ազգանուէր Հայրապետին, աշխարհահռչակ Հայուն, որ Պատրիարք ընտրութենէն ետք հրապարակած առաջին կոնդակին մէջ կը յայտարարէր. «Աստուծոյ առջեւ ուխտած ենք ցյեղումն արեան, յարգանք, սէր եւ ճշմարտութիւն մեր ժողովուրդին»։ Այդ ժողովուրդը, յանձին Հայ Ծիրանաւորին, տեսաւ ոչ միայն Պապական Աթոռին արժանաւոր գահակալ մը, այլ յաւէտ խաղաղութեան եւ արդարութեան դատին նուիրեալ սուրբ մը, Ճշմարիտ Ծառայ մը Աստուծոյ:
Սարգիս Նաճարեանի
«Երանացման ճանապարհին» գիրքէն
(Շարունակելի 5 եւ վերջ)