Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ COP29-ԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ Կ’ԸՆԷ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ՆԱԵՒ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐԸ

September 12, 2024
in Միջազգային
0
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ COP29-ԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ Կ’ԸՆԷ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ՆԱԵՒ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐԸ

 

Ատրպէյճանի մէջ Նոյեմբերին կայանալիք ՄԱԿ-ի Կլիմայի հարցերով գագաթաժողովին (COP29) ընդառաջ՝ ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պեն Քարտին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, ուր Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ որոշակի զիջումներու երթալու:

«COP29-ի նման մեծ միջազգային համաժողովի հիւրընկալումը պէտք է ուղեկցուի պատասխանատուութեամբ եւ ակնկալիքով, որ ընդունող երկիրները թոյլ կու տան տեղեկատուութեան եւ հարցերու անկեղծ քննարկում, ինչ որ կը պահանջէ խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան ճանաչում: Ատրպէյճանը ատիկա չէ ըրած»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

«Եթէ Ատրպէյճանը կը ձգտի կայուն յարաբերութիւններ հաստատելու եւրատլանտեան համայնքին հետ, ես կոչ կ’ընեմ նախագահ Ալիեւին ազատ արձակելու իր կառավարութեան կողմէ անարդարացիօրէն բանտարկուածները, այդ շարքին՝ հայ կալանաւորները եւ բնապահպանները, որոնք Չովտարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման վատ աշխատանքային փորձի եւ շրջակայ միջավայրի վրայ վնասակար ազդեցութիւններու դէմ խաղաղ ցոյցեր իրականացուցած են»,- յայտնած է ԱՄՆ ծերակուտականը՝ շարունակելով․ «Նոյեմբերին կայանալիք COP29-ին ընդառաջ ես Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ընեմ ցոյց տալու իր նուիրուածութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան»։

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵԿՆԱՐԿԵՆ ՄՈՒՏՔԻ ԱՐՏՕՆԱԳՐԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՈՒԵՖԱ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՈՒԵՖԱ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՈՒԵՖԱ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.