Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵԿՆԱՐԿԵՆ ՄՈՒՏՔԻ ԱՐՏՕՆԱԳՐԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

September 12, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵԿՆԱՐԿԵՆ ՄՈՒՏՔԻ ԱՐՏՕՆԱԳՐԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

 

ՀՀ կառավարութիւնը եւ Եւրոպական Յանձնաժողովը հանդէս եկած են համատեղ մամուլի հաղորդագրութեամբ՝ նշելով, որ  Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Յանձնաժողովի կողմէ յայտարարուեցաւ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը մեկնարկած է:

Այս գործընթացին նպատակն է աջակցիլ Հայաստանին՝ սահմանելու առանց մուտքի արտօնագրերու դէպի ԵՄ երկիրներ կարճաժամկէտ այցերու համար՝ արդիւնաւէտ կառավարուող շարժունակութեան եւ անվտանգութեան անհրաժեշտ պայմաններու ապահովմամբ:

Մուտքի արտօնագրերու շուրջ երկխօսութիւնը Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու աւելի լայն շրջանակի մէկ մասն է, որ զգալի յառաջընթաց արձանագրած է 2017 թուականին Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի (ՀԸԳՀ) ստորագրումէն ի վեր: Երկխօսութեան շրջանակներուն մէջ գործադրուող շարունակական ջանքերը պիտի աջակցին Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու համապարփակ օրակարգին, մասնաւորապէս՝ այն ոլորտներուն մէջ, որոնք առանցքային են ԵՄ երկիրներ առանց մուտքի արտօնագրերու ճամբորդելու համար, ինչպիսիք են՝ փաստաթուղթերու անվտանգութիւնը, սահմաններու եւ գաղթի կառավարումը, փտածութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Երկխօսութեան մեկնարկին համար հիմք հանդիսացած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ մուտքի արտօնագրերու տրամադրումը դիւրացնելու մասին», ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ առանց թոյլտուութեան բնակող անձերու յետընդունման մասին»  համաձայնագրերու յաջող իրականացումը, որուն շնորհիւ 2014 թուականի Յունուար 1-էն ճամբորդութեան ընթացակարգերը պարզեցուած են բազմաթիւ հայ քաղաքացիներու համար։ Ներկայիս ԵՄ բոլոր քաղաքացիները ազատուած են Հայաստան մուտքի արտօնագրի պահանջէն:

 

Share63Tweet39
Previous Post

«ԵԹԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔ ՈՒՆԵՆԱՅ, ՄԵՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՂՆ ԻՍԿ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒԻՆ». ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ

Next Post

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ COP29-ԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ Կ’ԸՆԷ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ՆԱԵՒ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐԸ

Next Post
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ COP29-ԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ Կ’ԸՆԷ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ՆԱԵՒ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐԸ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ COP29-ԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ Կ'ԸՆԷ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ՆԱԵՒ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.