Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԵԹԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔ ՈՒՆԵՆԱՅ, ՄԵՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՂՆ ԻՍԿ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒԻՆ». ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ

September 12, 2024
in Հայաստան
0
«ԵԹԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔ ՈՒՆԵՆԱՅ, ՄԵՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՂՆ ԻՍԿ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒԻՆ».  ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ

 

Հայաստանն ու Թուրքիան կրնան լուծել բոլոր խնդիրները եւ լիովին կարգաւորել յարաբերութիւնները նոյնիսկ վաղը, եթէ թրքական իշխանութիւնը քաղաքական կամք դրսեւորէ։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած՝ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համագումարին ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ Ազգային ժողովի փոխխօսնակ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան։

«Իրականութեան մէջ Հայաստանի բոլոր կառավարութիւնները 1991 թուականէն՝ մեր երկրի անկախացումէն ի վեր, երբեւէ պատմութիւնը չեն դրած Թուրքիոյ հետ բանակցային գործընթացի մէջ, մենք միշտ պատրաստ եղած ենք բանալու սահմանները եւ հաստատելու դիւանագիտական յարաբերութիւններ, եւ եթէ մեր թուրք հարեւանները քաղաքական կամք դրսեւորեն, ապա կրնանք լիովին կարգաւորել յարաբերութիւնները նոյնիսկ վաղը»,- ըսած է ան։

Չնայած ընդհանուր սահմանին՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ չկան դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ 1993 թուականէն Թուրքիան փակած է Հայաստանի հետ սահմանը։

2021 թուականին Թուրքիան եւ Հայաստանը կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակած են. Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչն է Սերտար Քըլըչը, իսկ Հայաստանինը՝ Ռուբէն Ռուբինեանը։

Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 2022 թուականի Յունուար 14-ին Մոսկուայի մէջ, երկրորդը՝ 2022 թուականի Փետրուար 24-ին Վիեննայի մէջ, երրորդը՝ 2022 թուականի Մայիս 3-ին, իսկ չորրորդը՝ 2022 թուականի Յուլիս 1-ին, Վիեննայի մէջ։

5-րդ հանդիպումը Մարկարա սահմանային կէտին վրայ կայացած է 2024 թուականի Յուլիս 30-ին։

Share62Tweet39
Previous Post

ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԻ ՀԱՐՑԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵԿՆԱՐԿԵՆ ՄՈՒՏՔԻ ԱՐՏՕՆԱԳՐԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵԿՆԱՐԿԵՆ ՄՈՒՏՔԻ ԱՐՏՕՆԱԳՐԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵԿՆԱՐԿԵՆ ՄՈՒՏՔԻ ԱՐՏՕՆԱԳՐԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.