Երէկ Պաթումի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներու 11-րդ եռակողմ հանդիպման։ Այս մասին յայտարարեց Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Աւելի վաղ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին կը նախատեսուի երկկողմ եւ եռակողմ ձեւաչափերով քննարկել համատեղ ռազմական համագործակցութեան նոր հեռանկարներ, տարածաշրջանային անվտանգութիւնը, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։