Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

 ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

September 12, 2024
in Այլազան
0

 

11 Սեպտեմբեր 2024: Տարուան 255-րդ օրն է (նահանջ տարի)։

2024-ի աւարտին կը մնայ 111 օր։

 

Դէպքեր – Տօներ

2001 – Նիւ Եորքի առեւտուրի համաշխարհային կեդրոնի երկնաքեր երկու շէնքերը կը կործանուին ահաբեկչական յարձակումներու ենթարկուելով:

1922 – Երեւանի մէջ կը հաստատուի Կարսի պայմանագիրը:

1988 – էսթոներէնը կը յայտարարուի որպէս Էսթոնիոյ պետական լեզու:

2005 – Իսրայէլը ամբողջովին ու վերջնականօրէն ետ կը քաշուի Կազայէն:

2007 – Ռուսաստանը կը փորձարկէ «Բոլոր ռումբերուն հայրը» անունը ստացած ամենամեծ պայմանական զէնքը:

Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ «Նէյրուզի տօն»ը:

Փաքիստանի «Ազգային օր»ը:

Քաթալոնիոյ «Ազգային օր»ը:

 

Ծնունդներ

1965 – Պաշշար Հաֆէզի Ասատ, Սուրիոյ նախագահ 2000 թուականէն, Սուրիոյ Պաաս կուսակցութեան նախագահ։

1830 – Մեհմէտ Սայիտ փաշա, թուրք քաղաքական գործիչ։ Ինն անգամ նշանակուած է մեծ վեզիր։ 1908 թուականին ընդգրկուած է «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» («Իթթիհատ վէ Թերաքքի») կուսակցութեան կազմին մէջ եւ երեք անգամ գլխաւորած է «մեճլիս»ը։ 1910 թուականին հրատարակուած է «Սայիտ փաշայի յուշերը» եռահատոր գիրքը, ուր ուշագրաւ նիւթեր կան 1895 թուականի Սեպտեմբերին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հայերու խաղաղ ցոյցին, անոր մասնակիցներուն հետ ծրագրուած հաշուեյարդարին եւ Հայկական հարցին վերաբերեալ։

1846 – Աննա Գրիգորի Տոսթոյեւսքայա, ռուս գրող Ֆէոտըր Տոսթոյեւսքիի երկրորդ կինը։ Յայտնի է որպէս հրատարակչուհի եւ իր ամուսինին ստեղծագործական ժառանգութեան հրապարակիչ, մատենագիր եւ արժէքաւոր յուշերու հեղինակ:

1875 – Ինտրա (Տիրան Չրաքեան), հայ բանաստեղծ, քննադատ, փիլիսոփայ։

1918 – Մխիթար Մկրտիչի Ջրպաշեան, մաթեմատիկոս։ Բնագիտա-հանրահաշուական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս։

1933 – Վահան Առաքելի Պայպուրդեան, պատմաբան, արեւելագէտ, դիւանագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։

1945 – Ֆրանց Անթոն Պեքընպաուըր, գերմանացի նախկին արհեստավարժ ֆութպոլիստ, մարզիչ։ Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան։ Երկու անգամ արժանացած է Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչման։ Այնուհետեւ անցած է մարզչական աշխատանքի։ Իր ղեկավարութեամբ 1990-ին Գերմանիոյ ազգային խումբը դարձած է աշխարհի ախոյեան։

 

Մահեր

1778 – Եոհան Սեփասթիան Պախ, գերմանացի նկարիչ, Քարլ Ֆիլիփ Էմանուէլ Պախի որդին, մեծանուն երգահանին թոռն ու անուանակիցը։

1971 – Նիքիթա Սերկէյի Խրուշչով, ԽՄԿԿ Կեդրոնական gոմիտէի առաջին քարտուղար (1953–1964), ԽՍՀՄ Nախարարաց խորհուրդի նախագահ (1958–1964):

1996 – Լաթիֆա Զայաթ, եգիպտացի հասարակական գործիչ եւ գրող։ Յայտնի դարձած է իր «Բաց դուռ» վէպով, 1996 թուականին արժանանալով Նեժիպ Մահֆուզի մրցանակին:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՍՈՒՐԲԸ  

Next Post

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

Next Post
ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.