Նախագահ Հաւատոյ Տարածման Սուրբ Ժողովին
18 Յունիս 1958-ին, Պիոս ԺԲ. պապը Հայ Ծիրանաւորը կը նշանակէ Հաւատոյ Տարածման Սուրբ Ժողովի փոխնախագահ։ Երկու տարի ետք, 15 Յուլիս 1960-ին, Պիոս ԺԲ.ի յաջորդին կողմէ կը նշանակուի նախագահ։ Միեւնոյն տարուան Դեկտեմբերին կը մեկնի Ֆիլիփիններ Յովհաննէս ԻԳ. պապը ներկայացնելու համար Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարին Մանիլայի մէջ։ 1959-ի Փետրուար 14-22, Սայկոնի մէջ կը նախագահէ Մարեմեան համագումարին։ Ապա կ՚անցնի Թայուան, Ֆորմոզա կղզին, կը հանդիպի նախագահ զօրավար Չան Քայ Չէքին։ Կ’այցելէ Քորէա, Ճափոն, Թայլանտ։
Սուրբ Աթոռին կողմէ իրեն յանձնուած պաշտօններուն ու առաքելութիւններուն ծանրութիւնը Հռոմ իր մշտական ներկայութիւնը անհրաժեշտ դարձուցած ըլլալով, կը ստիպուի վերադառնալ Պէյրութ` 1959-ի Յունիս 10-ին, իրեն Օգնական եպիսկոպոս նշանակելու համար գերապայծառ Պաթանեանը։
Տարի մը ետք, 1960-ի Սեպտեմբերին կ’այցելէ Հնդկաստան՝ նախագահելու համար երկրի եպիսկոպոսներու ժողովին եւ բացումը կատարելու Պոմպէյի Մեծ Նոր ընծայարանին։ Ան կ՚ընդունուի Հնդկաստանի նախագահին կողմէ։
1961-ի Յունուար 7-10, զինք կը տեսնենք Զուիցերիա՝ իր օրհնութիւնը տալու համար 200 քահանայ առաքեալներու մեկնումին։ Ապա, Իրլանտա` միեւնոյն տարուան Յունիս 7-ին։ 14 Սեպտեմբերին կը մեկնի Մատակասքար, ապա՝ Նայրոպի, ուր կը հիւանդանայ եւ կը ստիպուի վերադառնալ Հռոմ ապաքինման երկար շրջանի մը համար։
10 Ապրիլ 1962-ին Ծիրանաւոր Հայրապետը բացառիկ հաճոյքը կ՚ունենայ Հռոմի մէջ դիմաւորելու իր քոյրը՝ Լիզան, որ տեսած չէր 41 տարիէ ի վեր:
Հարկադիր հրաժարումը Հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռէն
23 Օգոստոս 1962-ին ինքզինք հարկադրուած կը զգայ հրաժարելու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռէն, չկարենալով այդ պաշտօնը կատարել Հռոմէն։ Ան զգացած էր, որ պիտի չկարենայ կրկնել այն ինչ որ ըրած էր 1952-ին, Ամերիկայէն վերադարձին, երբ մէկ առ մէկ այցելած էր Պուրճ Համուտի եւ քէմփի հայ աղքատ ընտանիքներուն, մխիթարութեան արցունքի շիթեր խլելով մամիկներէն ու պապիկներէն։ Իր մեծութեան մէջ անգամ ան չէր կորսնցուցած իր խոնարհութիւնը։
Կարտինալ Աղաճանեան ամէն ծիսակատարումէ կամ հանդիսակատարումէ ետք կը կատարէր այսպէս կոչուած «սիրոյ այցելութիւններ», այցելութիւններ հիւանդանոցներ՝ հիւանդներուն, որբանոցներ, բորոտանոցներ, բանտեր եւ կոյրերու խնամքով զբաղող հաստատութիւններ։
1972-ին Կարտինալ Անճելօ Ռոսսի, որ յաջորդած էր Աղաճանեանին՝ որպէս նախագահ Հաւատոյ Տարածման Սուրբ Ժողովին, Կարտինալ Աղաճանեանի լուսարձակներէ հեռու խոնարհութեան եւ աղքատներու հանդէպ հոգատարութեան մասին կը կատարէր հետեւեալ վկայութիւնը. «Անոր սիրտը աղքատներուն մօտ էր։ Բազմաթիւ առիթներով անոր սէրը լռելեայն գործի կ՚անցնէր Հռոմի արուարձաններու աղքատ թաղամասերուն մէջ։ Աղաճանեանը փայլուն քահանայ մըն էր։ Առանց կարտինալական որեւէ տարբերանշան կրելու, զինք յաճախ կարելի էր արեւածագէն առաջ արդէն գտնել քաղաքի եկեղեցիներէն մէկուն մէկ մութ անկիւնը՝ աղօթքի մէջ ամփոփուած»։
1962-ի Նոյեմբեր 30-ին, իրեն կը յաջորդէ Ամենապատիւ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան կաթողիկոս-պատրիարքը։
Քահանայապետական աթոռին նախընտրեալ թեկնածուն
9 Հոկտեմբեր 1958-ին, Պիոս ԺԲ.ի մահէն ետք, նոյն տարուան Հոկտեմբեր 25-ին տեղի ունեցաւ պապական Ընտրութեան Ժողովը, որուն կը մասնակցէր հայազգի Ծիրանաւորը։ Այս առիթով, Կարտինալ Չելսօ Կոստանդինի` հիւանդութեան պատճառով եւ անկողնին մէջ մահամերձ պառկած, բացակայելով չկարենալով քուէարկել, հետեւեալ գրութեամբ կ’արտայայտէ իր նախընտրութիւնը. «Յանձին Աղաճանեանին՝ Եկեղեցիին կը տրուի արեւելքցի պապ մը, որ կը կարողանայ, այս իսկ պատճառով, հասնիլ քրիստոնէական ողջ աշխարհին։ Աղաճանեանը հոգիով-սրտով առաքեալ է, տեսական ու գործնական պատրաստուածութեամբ մը, որուն նմանը դժուար թէ կարելի ըլլայ գտնել ուրիշ Կարտինալի մը պարագային։ Ան կը տիրապետէ բազմաթիւ լեզուներու, մարդամօտ է, բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած։ Ինչպէս նաեւ կորովի տարիքի մէջ է։ Աւելին, ան կը մարմնաւորէ սրբազան զօդը Լատին Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Եկեղեցւոյ միջեւ։ Ուստի, եզրակացնելով, Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան համար իմ քուէն կ՚առաջարկեմ Հայ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը։ Ան է թեկնածուն, որ կը համապատասխանէ մեր ժամանակուայ անյետաձգելի պահանջներուն» (Ալեսսանտրա Սկոթթօ, «Եկեղեցին․․․, Իմ Մայրը»)։
Այսուհանդերձ կ՚ընտրուի Վենետիկի պատրիարք Անճելօ Ռոնքալլին` Յովհաննէս ԻԳ.ը որ 1959 Փետրուարի 1-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ արտասանած ճառին ժամանակ կ’ըսէ- «Գիտէք որ ձեր Կարտինալը եւ ես հաւասար էինք անցեալ Հոկտեմբերի Ընտրական Ժողովի ժամանակ։ Մեր անունները փոխնիփոխ վեր ու վար կը ցատկռտէին, ինչպէս սիսեռի հատիկները եռացող ջուրին մէջ»:
Սարգիս Նաճարեանի «Երանացման ճանապարհին» գիրքէն
(Շարունակելի 4)