Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՈՒ ԿՐՔՈՏ ՆԿԱՐԱԳՐՈՎ ՍԵԶԱՆ

September 12, 2024
in Յօդուածներ
0
ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՈՒ ԿՐՔՈՏ ՆԿԱՐԱԳՐՈՎ ՍԵԶԱՆ

 

 

Սիրան Սեզայի (Սիրան Զարիֆեան-Քիւփէլեան) անունը սերտօրէն առնչուած է կանանց իրաւունքներու եւ հասարակական դերի բարձրացման խնդիրներու հետ: Ան գրագէտ հայուհի մըն էր, որ շրջանաւարտ ըլլալով Պոլսոյ Ռոպերթ գոլէճէն, ապա Նիւ եորքի Գոլումպիա համալսարանէն, նախընտրած էր վերադառնալ Լիբանան՝ հայուհիներու կրթական մակարդակի ու հասարակական դերի բարձրացման նուիրուելու առաքելութեամբ:

Սեզա Պէյրութի մէջ հիմնած է «Երիտասարդ հայուհի» հանդէսը, որուն ճամբով անդրադարձած է հայապահպանման խնդիրին, կարեւորած է հայ կնոջ դերը մանուկներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ, յարատեւ պայքար մղած է հայ եւ նոյնիսկ օտարազգի կնոջ տարբեր իրաւունքներու նուաճման համար։ Օրինակ, Սեզա էական դեր ունեցած է Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կիներ ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքի ձեռբերման պայքարին մէջ (1953 թուական): 1967 թուականին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հըլու Սեզայի մշակութային եւ հասարակական-դաստիարակչական գործունէութեան համար զայն պարգեւատրած է «Մայրիներու արժանեաց կարգի» շքանշանով:

Ան նամակագրական աշխոյժ կապ ունեցած է իր սերնդակիցներուն հետ, ընդ որում՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի եւ Սարգիս Ապտալեանի (Վահէ-Վահեան): Այդ նամակները ոչ միայն կը պարունակեն յոյժ կարեւոր տեղեկութիւններ 1930-1960-ական թուականներու ազգային, մշակութային եւ գրական շարժումներու մասին, այլեւ գրական-գեղարուեստական արժէք կը ներկայացնեն:

Արդարեւ, այս նամակները տեղ գտան երեւանի մէջ լոյս տեսած՝ Սեզայի «Նամականի»-ի Ա. հատորին մէջ, աշխատասիրութեամբ բանասէր եւ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի:

Սիրան Սեզայի նամականիին հրատարակումը նոր լոյս կը սփռէ անոր թողած գրական ու հրապարակախօսական հարուստ ժառանգութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կը թափանցէ անոր զգայուն ներաշխարհը, անոր հոգիին ամենախորուկ ծալքերը, ուր կը տեսնենք անոր յախուռն, պոռթկուն բնաւորութիւնը, իր ուրոյն տեսակէտերը, որոնք պաշտպանած է ծայրայեղ կրքոտութեամբ: Հոն կը տեսնենք անոր ըմբոստ, երամէն դուրս ճախրելու, սակայն իր սկզբունքներէն երբեք չզիջող նկարագիրը:

Մեծապէս գնահատելով Գէորգ Եազըճեանի կատարած հսկայական աշխատանքը, կը շնորհաւորենք զայն եւ անհամբեր կը սպասենք յառաջիկայ հատորներու լոյս ընծայման:

Արդ, «Արարատ» իր «Մշակութային» էջով պարբերաբար պիտի արտատպէ Սեզայի փոխադարձ նամակագրութենէն՝ իր, Վահէ-Վահեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի միջեւ:

Share62Tweet39
Previous Post

ԹՈՐՈՍ ՌՈՍԼԻՆ

Next Post

ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՍՈՒՐԲԸ  

Next Post
ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՍՈՒՐԲԸ   

ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՍՈՒՐԲԸ  

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.