Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ «ՓԱՒԱՐՕԹԹԻՆ»՝ ԳԷՈՐԳ ԿԱԿՈՍԵԱՆ

September 12, 2024
in Մշակութային
0
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ «ՓԱՒԱՐՕԹԹԻՆ»՝ ԳԷՈՐԳ ԿԱԿՈՍԵԱՆ

Գէորգ Կակոսեան, լիբանանահայ վաղամեռիկ տաղանդաւոր օփերային երգիչ: Հայ երաժշտութեան հազուագիւտ որպէս հզօր բամբ («պաս») երգիչ: Գէորգ Կակոսեանի կեանքը ունեցաւ 27 գարուններ միայն, շուտով խամրելու համար դաժան եւ առեղծուածային մահով:

 

ԳԷՈՐԳ ԿԱԿՈՍԵԱՆ ծնած է Պէյրութ, 9 Յունիս 1942-ին, հաճընցի ծնողքէ։ Նախակրթական եւ բարձրագոյն ուսումը ստանալէ ետք հայկական վարժարաններէն ներս, իր երաժշտական ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ազգային Երաժշտանոցին մէջ: Ան 1961-էն սկսեալ կանոնաւորապէս եւ շարունակաբար աշակերտած է Ալեքսիս Քարնաուքոֆի եւ վերջին տարին ալ լիբանանցի ծանօթ եւ սիրուած երգչուհի Տիկ․ Սամիա Սանտիի, որ զինք հասցուցած է պետական քննութեան:

 

14 Փետրուար 1966, Երկուշաբթի օր, Գէորգ Կակոսեան յաջող քննութիւն մը տուած ըլլալով 13 հոգինոց Ազգային Երաժշտանոցի ուսուցչական կազմին ներկայութեան, արժանացած է վկայականի։ 1966-ին, վկայուելով Ազգային Երաժշտանոցէն, Գէորգ Կակոսեան կը մեկնի Հռոմ՝ կատարելագործելու համար իր արուեստը: Ապահոված ըլլալով կրթաթոշակ մը ամերիկահայ բարերար Տիար Փիլիպպոսեանէն կ՛երթայ Իտալիա, Հռոմի Սանթա Չիչիլիա երաժշտանոցին մէջ մայեսթրօ Ճորճօ Ֆաւարեթթոյի հսկողութեան ներքեւ տարի մը կը հետեւի կատարելութեան դասընթացքներուն։ Կը ստանայ պատշաճ վկայական։ Ապա, տարի մըն ալ կը հետեւի Սանթա Չեչիլիա Ակադեմիայի կատարողական եւ մեկնաբանման արուեստին: Միաժամանակ, յաջորդական երեք ամառներու ընթացքին կը հետեւի Օփերայի՝ եւ Սենեկային Երաժշտութեան կատարելագործման դասընթացքներուն, Սիենայի Քիճիանա Երաժշտական Ակադեմիային մէջ, մայեսթրոներ Ճինօ Պեքիի եւ Ճորճօ Ֆաւարեթթոյի մօտ: Յաճախած է նաեւ Սիենայի Չիկիանա Երաժշտութեան Ակադեմիա (Chigiana Musical Academy) եւ ստացած՝ Տիփլոմ Էմէրիթ։

 

Իր բազմաթիւ մենահամերգներով Պէյրութի, Հռոմի, Սիենայի, Հալէպի, Պուխարեստի մէջ եւ այլուր, ժողովրդականութիւն շահած տաղանդաւոր երգիչին առջեւ կը բացուին փայլուն ապագայի լուսաւոր հեռանկարներ, հեղինակաւոր վարպետներու շունչին եւ հովանաւորութեան տակ:

 

1968-1969 թուականներուն Կակոսեանը մենահամերգներով հանդէս կու գայ Խ. Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ: Յաճախակի ելոյթներ կ’ունենայ նաեւ Երեւանի ռատիոյէն եւ հեռատեսիլէն:

Մենահամերգներուն երգեր է հայ դասական ու ժամանակակից (Կոմիտաս, Տիգրան Չուխաճեան, Արմէն Տիգրանեան, Դ. Ղազարեան եւ ուրիշներ), արեւմտա-եւրոպական (Լիուտուիկ վան Պէթհովէն, Ռոպերթ Շուման, Մոտեսթ Մուսորկսքի, Մորիս Ռավել, Ճորճէ Էնեսքու եւ ուրիշներ) երաժշտահաններու օփերային եւ սենեկային երկեր։

 

Այնուհետեւ հրաւէրներ ստացած է բազմաթիւ հայաշատ գաղութներէ՝ համերգային մեծ շրջապտոյտով մը այցելելու համար գլխաւոր քաղաքները Միջին Արեւելքի, զոյգ Ամերիկաներու, Գանատայի, Իտալիոյ եւ Խորհրդային երկիրներու:

 

Ձեռնարկած է այդ «մեծ շրջապտոյտի» առաջին փուլին, մեկնելով Եգիպտոս, շարք մը համերգներ տալու համար: 16 Նոյեմբեր 1969-ին, Գահիրէի Նայլ Հոլին մէջ կու տայ երգահանդէս մը, որ կը պսակուի փայլուն յաջողութեամբ:

 

Գահիրէի երգահանդէսը կը հանդիսանայ տարաբաղդ Գէորգի կարապի երգը: Ճակատագրի անգութ հարուածը կը զգետնէ զինք 25 Նոյեմբեր 1969-ին, անակնկալօրէն ի յայտ եկած անհանգստութեան մը հետեւանքով, խոր սուգի մատնելով լիբանանեան երաժշտասէր հասարակութիւնը եւ արուեստի օտար շրջանակները:

 

Մահուան սնարին մօտ հսկող բարեկամներու վկայութեան համաձայն, Գէորգ Կակոսեան մինչեւ վերջին վայրկեան, հոգեվարքի պահերուն իսկ, շարունակած է երգել եւ երգելով ալ աւանդած է իր հոգին, նուիրագործելով Հայ բանաստեղծին հետեւեալ խօսքը. «Եu երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ»:

 

Հայութիւնը խորունկ վշտով կը սգայ սիրուած երգիչին մահը, կատարուած զոյգ ազգային յուղարկաւորութիւններու ընթացքին, ի ներկայութեան ծովածաւալ բազմութեան: Առաջինը՝ 27 Նոյեմբերին Գահիրէի մէջ, իսկ երկրորդը՝ 29 Նոյեմբերին, Պէյրութի մէջ։

 

Համացանցէն եւ Յակոբ Կակոսեան արուեստագէտին նուիրուած «Գէորգ Կակոսեան» հատորէն, Պէյրութ, Նոյեմբեր 1974

 

 

 

 

 

 

Share80Tweet50
Previous Post

Պաղտատ, 11 Փետրուար 1935

Next Post

ԹՈՐՈՍ ՌՈՍԼԻՆ

Next Post
ԹՈՐՈՍ ՌՈՍԼԻՆ

ԹՈՐՈՍ ՌՈՍԼԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.