Սիրելի՛ Սարգիս,
Ջղային եւ հիւանդ հոգեկան այս վիճակիս մէջ միայն քեզի՛ կրնամ գրել: Օրերս կ’անցնին եւ այդ գիտակցութիւնը երբեմն մահու չափ կը յուսահատեցնէ ինձ: Նորէն հեռու կը զգամ ինձ բոլորէն եւ մարդոց հոգիի մթութիւնը ինձ կը խեղդէ: Ի՞նչ կ՚ուզեմ ասոնցմէ, գուցէ ոչինչ, եւ դեռ կը տառապիմ որ անոնք այսքան հասարակ են, այսքան անհամակրելի։
Դպրոցի հարցը դեռ չէ լուծուած. ամէն անգամ «շաբաթ մը եւս» կ’ըսեն: Պիտի սպասեմ մինչեւ այս ամսու վերջը միայն, յետոյ պիտի մեկնիմ: Պիտի գամ հոդ։ Եթէ Բարունակը իջնէ, խնդրե՛մ, միասին գացէ՛ք տեսնելու այն ծերուկը իմ գիւղիս եւ հասկցէք թէ քանիո՞վ կրնայ ինծի համար սենեակ մը տալ, մեր սենեակը գուցէ, եւ թէ կարելի է որ կին մը գայ պառկիլ տանը մէջ։ Չեմ ուզեր Պէյրութ մնալ, կ’ուզեմ հոդ քաշուիլ եւ մնալ ինքս ինծի հետ: Չես մոռնար գրել ինծի այս մասին: Բարունակէն զատ ոչ ոք թող գիտնայ եթէ կարելի է, այնքան հսկայ ատելութիւն կայ մէջս կեանքի եւ առհասարակ ամէն բանի հանդէպ:
Եթէ վարժարանի հարցը կարգադրուի մինչեւ այս ամսու վերջը, պիտի մնամ, ոեւէ մէկուն վրայ բեռ չըլլալու համար: Չեմ կարող, Սարգիս, չեմ կարող հոգիս մեռցնել, եւ ահա իմ խեղճ մարմինս պիտի չարչարուի այսպէս թափառական կեանքի մը, աննպատակ, աններող եւ անհրապոյր կեանքի մը բոլոր խաչելութիւններով։ Ո՞վ պիտի սրբացնէ ինձ. ոչ ոք: «Մեծագոյն տխմարը» պիտի կոչեն ինձ երբ մարդիկ գիտնան թէ իրապէս ինչեր կրնայի ունենալ եւ չունեցայ: Այժմ շատ իսկ կը տեսնեն երբ երազահար տղայ մը իր սիրտը նուիրէ ինծի:
Այս նամակը գուցէ գրելու չէի քեզի, Սարգիս, քու այնքան աղուոր նամակներէդ վերջ, բայց այս րոպէներուն այնքան մօտ կը զգամ քեզի: Ինձ կը թուի թէ քու մաքուր, անշահախնդիր սէրդ միա՛կ վէմն է որու շուքին կարող եմ բոլորովին մոռնալ պզտիկ հոգիները եւ բոլոր «ծուռ քիթեր»ը։ Գրէ՛ ինծի, ըսէ՛ թէ կեանքս անհրաժեշտ է քեզի, տուր որ նպատակ մը, վախճան մը ունենայ այս անիմաստ կեանքը… եթէ միայն գիտնաս…
Տիգրիսի ջուրերը այնպէս տղմուտ են հիմա: Այլեւս պատուհաններս չեն բացուիր անոր վրայ։ Այս վիլլան ուր ես կը բնակիմ, մօտ է կամուրջին, եւ երբ կ՚անցնիմ այդ կամուրջը, դիմացի ափը երթալու համար, շատ անգամներ այնպէս կ՚ուզեմ այդ տղմուտ, հոսող ջուրերուն հետ երթալ, երթալ գլխու պտոյտ տուող անոնց արագութեամբ։
Երկար ատեն է չես գրած ինծի. ինչո՞ւ։ Ըսելիք չունի՞ս, թէ՞ նոր ծիլեր կան այս նոր գարունին բացուած… Ինչ որ ալ ըլլայ, գրէ: Վստահ եղիր թէ քու բարեւներէն եւ երեւոյթներէն աւելի կը հասկնամ եւ հասկցած եմ քեզ։
Գրէ՛, հէ՞։
Քոյդ՝ Սիրան
Առաջին էջի ձախ լուսանցքին գրուած է. «Հայրենիք» ամսագրին քարթ մը ղրկէ եւ քու կամ մեր տունին հասցէն տուր: Խնդրե՛մ։
Յ.Գ. «Հայրենիք» ամսագիրները չեմ ստացած, նաեւ «Ազդարար»ի այն թիւերը, ուր իմ գրութիւնս կայ:
Անթիլիաս, 18 Մարտ 1935
Անուշի՛կ Սիրան,
Վերադարձիդ սպասումովը կ՚անուշնայ հոգիս: Փոթորիկը ժամանակին, որ զինեց բռունցքս մարդերու բարբարոս ու տգեղ թշնամանքին դէմ, կը խոստանայ խաղաղիլ՝ քաղցր վերջալոյսներու եւ երազագեղ գիշերներու երջանիկ գինովութեանը մէջ:
Բայց տարօրինակ ես, շա՜տ: Ինչո՞ւ կ՚ուզես որ երկարի, մահացուօրէն երկարի, ներքին մաքառումին դարաշրջանը: Դա՛ր մը՝ ամէն մէկ վայրկեանը՝ ողջակիզուած այս օրերուն: Գարունը բուրումներ կախեց նարնջենիներու նորազարթ ճիւղերէն, տուաւ Լիբանանի բլուրներուն կանաչութիւն մը կայտառ ու խռովիչ, բայց դուն կ’ուշանաս, հոգիի ծաղիկ, ու կ’ուշանան բառերդ անգամ: Գիտես, դար մը անցաւ վերջին բացիկէդ ի վեր։ Օրերը կը բանան իրենց սպիտակ թեւերը երանութեան մը աւետաբեր մեծ թռչունի մը պէս բարի, բայց կ’ըլլան սեւ, մահագոյժ՝ իրիկունները, ագռաւի մը նման: Խռոված է հոգիդ։ Բայց իմ սէրս աւազան մըն է, ուրախացող ու կապոյտ ջուրերով, աւազան մը խորունկ ու լայն: Եկուր եւ ստուերիդ քնարական քաղցրութիւնը թափէ անոր զովացնող, հանդարտեցնող հայելիին մէջ։ Կը վախնաս հովերէն: Չըսի՞ քեզի թէ իմ կուրծքս վէմն է որ կրնայ արհամարհել բոլոր փոթորիկները անբարեկամ ժամանակին: Բեր քու չարչարուած ջիղերդ ու նահատակ միսերդ հանգչեցնել իմ ձեռքերուս առնագեղ գգուանքին տակ: Թող որ երիտասարդ ու գեղեցիկ մարմինդ վերածաղկի կրկին իմ բազուկներուս ջերմութեանը մէջ։ Աչքերս կը մեռնին քու նայուածքէդ հոսող երազանուշ երանութեանը կարօտէն: Մեղք են սա խունկի գոյն գիշերները, առանց հեռացող հոգիներու։
Երկար ատեն է Պէյրութ չեմ գացած։ Երէկ քանի մը ժամուան համար եկաւ Բարունակը, ու խօսեցանք ամառուան մեր ծրագիրներուն մասին: Հրաշալի տղայ է, լաւ բարեկամ, որմէ, կը հաւատամ, պիտի չունենամ յուսախաբութեան դաւը։ Չորս հոգի պիտի ըլլանք այս ամառ, ու գեղեցիկ, անմոռանալի բաներ պիտի ընենք: Պրն. Տամատեանին գրեր ես թէ Զատիկէն առաջ հոս պիտի ըլլաս: Ուրիշներէ՞ն պիտի լսեմ։ Տարօրինակ չէ՞։
Գրէ՛ ինծի շուտով, լաւ, բարի նամակ մը: Եւ փութացո՛ւր գալդ։ Ծերուկը կը տեսնեմ անմիջապէս որ ստանամ նամակդ: Աւելորդ հաշիւներով մի տանջեր հոգիդ: Ամէն բան կը կարգադրուի, եւ ուզածիդ պէս:
Ղրկած սիկարէթներդ ստացայ, եւ մաս մը պահեցի որ միասին ծխենք, բայց բարկացայ յետոյ ուշանալուդ ու ծխեցի առանձին: Լաւ ըրե՞ր եմ։ Գիտես որ քիչ մը ոխակալ եմ։ Այդ՝ առաջին վրէժը։
Պատկերներ խոստացած էի։ Չղրկեցի, ամէն անգամ յուսալով թէ պիտի կրնայի ձեռքովս բերել քեզի:
Սիրող տղու տաք համբոյրներով՝
Սարգիս