Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՀՀ-Ն ՇԱՏ ՔԱՅԼԵՐ ԿԱՏԱՐԱԾ Է ՕՐԷՆՔԻ ԳԵՐԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՉԱՓՈՐՈՇԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ» Կ’ԸՍԷ ՔՍԱՎՅԷ ՊԵԹԵԼ

September 10, 2024
in Հայաստան
0
«ՀՀ-Ն ՇԱՏ ՔԱՅԼԵՐ ԿԱՏԱՐԱԾ Է ՕՐԷՆՔԻ ԳԵՐԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՉԱՓՈՐՈՇԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ»  Կ’ԸՍԷ ՔՍԱՎՅԷ ՊԵԹԵԼ

 

 

Հայաստանը շատ քայլեր կատարած է, նոյնիսկ ըրած է աւելին՝ օրէնքի գերակայութեան եւ եւրոպական չափորոշիչներու հաստատման ճանապարհին։

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այդ մասին ըսած է Լիւքսեմպուրկի փոխվարչապետ, արտաքին գործերու եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Քսավյէ Պեթելը:

«Առաջին անգամ կ’այցելեմ տարածաշրջան եւ, մասնաւորապէս, Հայաստան։ Այցը կարեւոր է առկայ երկկողմ յարաբերութիւնները սերտացնելու եւ անոնց շարունակական բնոյթ տալու առումով։ Կը տեսնենք, որ համագործակցութեան համար կայ շատ մեծ ներուժ։ Անշուշտ, յիշարժան էր նաեւ պարոն Միրզոյեանի այցը Լիւքսեմպուրկ՝ մեզ մօտ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն բանալու կապակցութեամբ։ Ես ժամանած եմ Հայաստան ձեր երկրին համար կարեւոր փուլին եւ իմ գործընկերոջ հետ բանակցութիւններու ընթացքին համոզուեցայ, որ գործ ունիմ մարդու մը հետ, որ իսկապէս կը փափաքի լուծումներ տալ դժուարին իրավիճակներու մէջ։ Պատմական փորձերէ ելլելով՝ պէտք է նշեմ, որ Լիւքսեմպուրկը նախապէս նոյնպէս ունեցած է դժուար յարաբերութիւններ հարեւան երկիրներու՝ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի հետ։ Յատկապէս Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւնները ամենեւին հեշտ չեն եղած, բայց այսօր մենք անվտանգ միջավայրի մէջ կ’ապրինք համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ՝ իրականացնելով համատեղ ծրագրեր»,- ըսաւ Պեթել։

Ան նշեց, որ իր մեծագոյն ցանկութիւնն է նաեւ, որ հայերը ապրին ապահով իրավիճակի մէջ եւ չվախենան հարեւանի վարքագիծէն։ Ան առանձնայատուկ կերպով  շեշտեց, որ երբեք չէ ընդունած եւ ապագային ալ չ’ընդունիր ուժային մեթոտներով հարցեր լուծելու տարբերակը։

«Իւրաքանչիւր ազգ պէտք է ունենայ խաղաղ պայմաններու մէջ ինքնադրսեւորուելու հնարաւորութիւն։ Երիտասարդները պէտք է տեսնեն, որ Եւրոմիութիւնը երկրագունտի հակառակ կողմը չէ, այլ աւելի մօտ է։ Այսօր Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը սերտացնենք խաղաղութեան գործիքներով, վիզաներու ազատականացման գործընթացի մեկնարկի շուրջ բանակցութիւններ վարելով եւ այդ ամէնը կը վկայէ ընդհանուր արժէքներ եւ նախագիծեր ունենալու իրողութիւնը։ Կ’ուզեմ, որ իմանաք՝ մենք, որպէս Եւրոմիութիւն, պատասխանատուութիւն կը կրենք եւ չենք կրնար հայ ժողովուրդին պարզապէս ըսել, որ լոկ քայլեր կատարեն համարկման ճանապարհին։ Անհրաժեշտ է, որ Հյաստանը կարգաւորէ յարաբերութիւնները իր հարեւաններուն հետ։ Հնարաւոր չէ անցեալը փոխել, բայց կարելի է դասեր քաղել պատմութենէն՝ ապագան կերտելու համար։ Ատիկա բոլորիս պարտականութիւնն է»,- ըսաւ դիւանագէտը։

Պեթել հաւաստիացուց, որ իրենց պարտաւորութիւնն է նաեւ նպաստել, որպէսզի հայ ժողովուրդը ապրի անկախ երկրի մէջ, առանց վախի մթնոլորտի եւ չյայտնուի այնպիսի իրավիճակի մէջ, որ ստիպուած ըլլայ կատարել դժուարին ընտրութիւն։ Ըստ անոր՝ հայ ժողովուրդը պէտք է ունենայ իր ընտրած ուղին, այլ ոչ թէ անցնի ուրիշներու կողմէ նախանշուած ճանապարհով։

 

Share62Tweet39
Previous Post

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՑ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՑ» ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՄԻԱՒՈՐՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒ» ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Next Post

Պաղտատ, 11 Փետրուար 1935

Next Post
Պաղտատ, 11 Փետրուար 1935

Պաղտատ, 11 Փետրուար 1935

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.