Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՊՀ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ ԵՒ BRICS-Ի ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՐՈՇՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

September 10, 2024
in Հայաստան
0
ԱՊՀ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ ԵՒ BRICS-Ի ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՐՈՇՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

 

Հայաստանը չի կրնար մերժել ԱՊՀ-ի ձեւաչափը, որուն հիմնական փաստաթուղթը՝ Ալմա-աթայի հռչակագիրը, Ատրպէյճանի հետ բանակցային խօսակցութիւններուն մէջ որպէս հիմք դրուած է:

Այս մասին ըսաւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը՝ անդրադառնալով Հայաստանի՝ ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովին մասնակցելու որոշման վերաբերեալ հարցին:

«ԱՊՀ-ի հիմքերէն մէկը կը հանդիսանայ Ալմա-աթայի հռչակագիրը, որով այսօր Հայաստանը իր բոլոր բանակցային ուղղութիւններով աշխատանք կը տանի: Եւ մենք չենք կրնար մերժել ձեւաչափ մը, որուն հիմնական փաստաթուղթը մեր բանակցային հիմնական խօսակցութիւններուն մէջ որպէս հիմք դրուած է: Ատիկա նաեւ անվտանգային առումով շատ կարեւոր է»,- ըսաւ Սիմոնեան:

Անդրադառնալով BRICS-ի առաջիկայ գագաթաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան որոշման՝ ԱԺ նախագահը ըսաւ, որ տնտեսական առումով Հայաստանը կարեւոր կապեր ունի այդ կառոյցի անդամ որոշ երկիրներու հետ: Ըստ Սիմոնեանի՝ Հայաստանը պէտք չէ ինքզինք տարածաշրջանէն դուրս դնէ: «Այս իրավիճակին մէջ, երբ տարբեր պատժամիջոցներ կը գործեն, տարբեր ճանապարհներ կը փնտռուին երկիրներու, գերտէրութիւններու կողմէ տնտեսական հոսքերը որեւիցէ ձեւով տեղափոխելու, Հայաստանը պէտք է իր շահերէն ելլելով մասնակցի»,- նշեց ԱԺ նախագահը:

Սիմոնեան չհամաձայնեցաւ այն տեսակէտին, թէ այսպիսով Հայաստանի իշխանութիւնները ետ կը կանգնին դէպի ԵՄ երթալէ:

«Հայաստանի իշխանութիւնը եւ ժողովուրդը նոյն կարծիքին են: Մենք պէտք չէ մէկ ծայրայեղութենէն միւս ծայրայեղութիւն իյնանք: Մեր արժէքային համակարգը եւ տրամաբանութիւնը որեւիցէ ձեւով չէ փոխուած: Ատիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի տնտեսութեան, իրաւունքներու, արժէքային համակարգին համահունչ ուղղութիւն: Եւ այդ ուղղութիւնը կը շարունակուի»,- յաւելեց ան:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԱՍԻԱՖԻ ՄՕՏ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾ

Next Post

«ՈՐԵՒԷ ԲԱՆ, ՈՐ Կ’ԵՆԹԱԴՐԷ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄ ԵՒ ԱՆՈՐ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒՄ ԱՅԼ ԿՈՂՄԻ՝ ՉԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՐ» ԸՍԱՒ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

Next Post
«ՈՐԵՒԷ ԲԱՆ, ՈՐ Կ’ԵՆԹԱԴՐԷ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄ ԵՒ ԱՆՈՐ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒՄ ԱՅԼ ԿՈՂՄԻ՝ ՉԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՐ» ԸՍԱՒ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

«ՈՐԵՒԷ ԲԱՆ, ՈՐ Կ'ԵՆԹԱԴՐԷ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄ ԵՒ ԱՆՈՐ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒՄ ԱՅԼ ԿՈՂՄԻ՝ ՉԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՐ» ԸՍԱՒ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.