Յորդանանի ապահովական մարմինները որոշեցին այսօր ուղեւորներուն առջեւ վերաբանալ թագաւորութիւնը Այսրյորդանանին կապող Հըսէյն թագաւորի անուան կամուրջը, սակայն արգիլել բեռնափոխադրումները: Ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց նաեւ, որ նախանցեալ օր կամուրջին վրայ տեղի ունեցած միջադէպին պատասխանատու յորդանանցի Մահէր Ժազին էր, որ ատրճանակով սպաննեց իսրայէլացի երեք զինուոր, ապա սպաննուեցաւ սահմանապահներուն կրակոցներով: «Այժմ կը փորձենք ստանձնել անոր մարմինը՝ զայն Յորդանանի մէջ թաղելու համար», յայտարարեց նախարարութիւնը: