Անցնող շաբաթավերջին Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը ապրեցաւ ցնծութեամբ ու ոգեւոր ապրումներով յագեցած օր մը` տօնախմբելով «Մասիս» ամսաթերթի 75-ամեակը։
Հոգեւոր Տիրոջ` Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին հովանաւորութեամբ, «Մասիս»-ի 75-ամեակը առիթ մը հանդիսացաւ թէ՛ յետադարձ հայեացքով մը սեւեռելու անոր պատմութիւնը, թէ՛ ոգեկոչելու զայն սնուցող պատկառելի դէմքերը, թէ՛ ալ ճշդելու անոր տեղն ու դերը լիբանանահայ մամուլի ընդհանուր պատմութեան մէջ։
Այս առթիւ հրապարակ կը հանուէր «Մասիս»-ի 75-ամեակի յոբելենական յուշագիրքն ալ, որ հանրութեան ներկայացնելու համար կը կարդացուէր Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի բաւական ընդարձակ մէկ ուսումնասիրութիւնը, Զուիցերիայէն։
Ճիշդ է որ այս յոբելեանը կը նշուի որոշ յապաղումով մը (թերթը հիմա 77 տարեկան է արդէն), այնուհանդերձ, հարկ է գիտակցիլ, որ տարեթիւէն շա՛տ աւելի կարեւոր պէտք է նկատել հայ մամուլի առաքելութեան նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը ու մանաւանդ` հաւատքը։
Երբեք պէտք չէ մտահան ընել, որ Հայ Կաթողիկէ համայնքին հարազատ հայելին եղած է ու է՛ «Մասիս»-ը։ Համայնքին բոլո՜ր հաստատութիւններուն, կրօնաեկեղեցական կեանքին, դպրոցներուն ու մտաւորական եռուզեռին արխիւային մթերանոցն է «Մասիս»-ը, որուն հին հաւաքածոները կը սպասեն զիրենք պրպտող բանասէրներու…։
Լիբանանի մէջ, թերեւս, նոր սերունդը տեղեակ իսկ չէ «Մասիս»-ի գոյութենէն…։ 75-ամեակն ու շաբաթավերջի յոբելեանը, այս տեսակէտով, անպայման որ կատարեցին իրենց բարերար դերը` ծանօթացնելով ամսաթերթը հանրութեան, մասնաւորապէս երիտասարդ խաւին։
Ինչպէս ծանօթ է, «Մասիս»-ը Հայ Կաթողիկէ համայնքին պաշտօնաթերթն է։ Հրատարակուիլ սկսած է 1 Յունուար 1947-ին, իբրեւ շաբաթաթերթ, ընթացիկ լրագրերու չափով ու ծաւալով։ Ճիշդ է որ համայնքը այդ շրջանին ունէր արդէն իր «Աւետիք» ամսաթերթը (1932֊էն), սակայն «Մասիս» կոչուած էր ըլլալու աւելի ժողովրդական ու լայն խաւերու հասանելի լրաբեր մը։ Առաջին օրէն իսկ անոր խմբագիրն եղած է պր. Հրաչ Քաջարենց, Պարտիզակի զաւակ համբուրելի մտաւորական մը ու բազմահմուտ հայագէտ մը, որ մօտաւորապէս քառորդ դար մնաց պաշտօնի վրայ։ Յետոյ իրեն յաջորդեց բարեյիշատակ Հ. Անդրանիկ վրդ. Կռանեան (1973-էն), հմուտ հայագէտ մը` իր կարգին, որուն համարձակախօս յօդուածներն ու վերլուծումները կը կարդացուէին մեծ յափշտակութեամբ։ Ա՛ն եւս ծառայեց «Մասիս»-ին երկա՜ր տարիներ, այնուհետեւ ղեկը յանձնելով պրն. Սարգիս Նաճարեանին` մեր սիրելի բարեկամին։ Եւ այսպէս, ամսաթերթը քալեց 75 տարի…։
Այժմ ամսաթերթին հոգատարութիւնն ստանձնած է Հ. Մեսրոպ վրդ. Հայունի (Թօփալեան)։
Խմբագրութիւնս ջերմօրէն կը շնորհաւորէ «Մասիս»-ի 75-ամեակը ու անսասան երթ կը մաղթէ անոր` դէպի պանծալի 100-ամեակ։
«Արարատ», իբրեւ երէց անդամներէն մին լիբանանահայ մամուլի ընտանիքին, ի սրտէ կ’ողջունէ իր կրտսեր անուանակիցը (չմոռնալ` Արարատն ու Մասիսը անուններն են միեւնո՛յն սուրբ լեռան.. ) ու կը յուսայ անոր հետ քալել նոյն հաստատակամութեամբ, առանց ընկրկումի ու վհատութեան…։