55 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ՝ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ
Հ.Մ.Մ.-Ի ՊԱՍՔԷԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՆՈՒԱՃԷ Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
ՀՄ.Մ. – ԱՆՆԻՊԱԼ՝ 53 – 52
Լիբանանի քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմը իր կործանարար հետքը ձգեց լիբանանահայ գաղութի բնականոն ընթացքին վրայ, բոլոր բնագաւարներէն ներս հաւասարապէս: Լիբանանահայ մարզական կեանքին նահանջը ակներեւ է այսօր յատկապէս գերարհեստավարժ մշակոյթի անջրպետին մէջ: Յո՞ կ’երթաս, հայոց մարզաշխարհ, եւ մարմնակրթութեան ինչպիսի՞ տուեալներ կը փոխանցես հայ նոր սերունդին:
Դժբախտաբար, այսօր աւելի շատ կը վերյիշենք մեր անցեալի մարմնակրթական փառահեղ յաջողութիւնները, քան կ’արձանագրենք ներկայի մարզական միջոցառումները, կը պանծացնենք հա՛յ մարզիկներուն անունները:
Նմանօրինակ պանծալի յիշատակ մըն ալ այս թիւով պիտի հրամցնենք յարգելի ընթերցողներուն:
Մինչեւ 4 Սեպտեմբեր 1969 թուականը Հ.Մ.Մ.-ի պասքէթի խումբը կը պայքարէր Բ. դասակարգին մէջ: Նախորդ տարին՝ 1968-ի ախոյեանական մրցաշարքին, «Հ.Մ.Մ.-ի պասքէթը Ա․ դասակարգ բարձրացած պիտի ըլլար, եթէ եզրափակիչ մրցումին չպատահէր տհաճ դէպք մը»։ Սակայն պէտք էր սպասել մինչեւ այդ ճակատագրական օրը՝ 4 Սեպտեմբեր 1969: Հ.Մ.Մ.-ի պասքէթպոլիստներուն միայն յաղթանակ մը կրնար ապահովել Ա. դասակարգ բարձրանալու իրաւունքը: Եւ այդպէս ալ պատահեցաւ: Հ.Մ.Մ.-ի տինամիք կազմը 53-52 արդիւնքով արդար յաղթանակ մը ապահովելով Զահլէի «Անիպալի»ն նկատմամբ, իրաւունք կը ստանայ 1970-էն սկսեալ մրցելու Լիբանանի հզօրագոյն խումբերու հետ Ա. դասակարգին մէջ:
Այժմ մրցումին հպանցիկ մեկնաբանութիւնը յանձնենք այն ատենուան Հ.Մ.Մ.-ի ատենապետ ընկ. Տիգրան Սարաֆեանին:
«Ա.»
Աչքառու վերելք ունեցաւ պասքէթի տղոց կազմը։ Նախատեսութիւնները արդարացան։ Խումբը արդէն պաշտօնական ճանաչում ստացած էր Լիբանանի Սփորի տնօրէնութեան կողմէ։ Իր մասնակցութիւնը բերաւ պասքէթի Բ․ դասակարգի ախոյեանական խաղերուն։ Յանձնախումբի ընկերներուն եւ մանաւանդ փորձառու մարզիչ (քոչ) ընկ. Յակոբ Խպոյեանի ջանքերուն շնորհիւ խումբը, իր կազմութեան առաջին տարին իսկ, Բ․ դասի մրցաշարքին մէջ, հասաւ աւարտականի շեմին, եւ եթէ եզրափակիչ մրցումին չպատահէր տհաճ դէպք մը, Հ.Մ.Մ.ի պասքէթը անպայման Ա․ դասակարգ բարձրացած պիտի ըլլար։
Յաջորդ տարին, շարունակելով իր յամառ ու հետեւողական մարզումները, խումբը, շարքէ դուրս ձգելով մրցակիցները, կրկին հասաւ Բ․ դասակարգի ախոյեանական խաղերու ֆինալին։ Բայց Ա․ դասակարգ բարձրանալու համար պէտք է յաղթէր Բ․ դասակարգի պարագլուխ՝ Զահլէի «Աննիպալ»ին։ Նախատեսութիւնները այս վերջինին ի նպաստ էին, հաշուի առնելով կազմին փորձառու եւ ուժեղ անդամներ ունենալը։
Սակայն, Հ․Մ․Մ․ի ուժական (տինամիք) կազմը, իր անդամներուն միութենասէր ոգին, անոնց գաղափարական լիցքաւորումն ու տոկուն կամքը եկան շուտով եկան ապացուցանելու ասոր հակառակը։ Շրջեցին բոլոր կանխատեսութիւնները։
Ճակատագրական այդ մրցումը «Աննիպալ»ի հետ տեղի ունեցաւ Պէյրութի «Սփորթինկ Գլապ»ի դաշտին վրայ, խուռներամ մարզասէրներու ներկայութեան, որոնց մէջ ստուար թիւ կը կազմէին Հ.Մ.Մ.-ականները։ Հոն էին նաեւ պասքէթպոլի Լիբանանի ֆետերասիոնին անդամները, զլխաւորութեամբ Միութեան անկեղծ բարեկամ Պրն․ Ենովք Պալիկեանի։
Մրցումը, որ անցաւ ծայրէ-ծայր անձկութիւն պատճառող մթնոլորտի մէջ, զայն ամբողջութեամբ նկարագրելու պէտք չենք տեսներ։ Բայց ըսենք` անմիջապէս, որ Հ.Մ.Մ.-ի տղաքը մեծ ոգեւորութեամբ եւ գերազանց խաղարկութեամբ տարին փառաւոր յաղթանակ մը, արժանանալով ներկայ մարզասէրներուն եւ ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներուն անվերապահ գնահատութեան։ Ապա Հ.Մ.Մ., յաղթելով Ա․ դասակարգի վերջին խումբին՝ Պեքաայի «Սըքքէ»ին, բարձրացաւ Ա․ դասակարգ։
Դեռ պատանի Մայք Հասմինեան, որ այդ օր առաջին անգամ ըլլալով հանդէս կու գար Հ.Մ.Մ.-ի պասքէթի կազմով, հետագային դարձաւ ոչ միայն Հ.Մ.Մ.-ի, այլեւ Լիբանանի լաւագոյն «պասքէթպոլիստ»ներէն մէկը։ Շատ աւելի ուշ՝ Լիբանանի քաղաքացիական աւերիչ պատերազմին հետեւանքով, երբ մարզական մթնոլորտը անհետացած էր երկրին մէջ, Լոնտոն հրաւիրուեցաւ տեղւոյն Հ.Մ.Մ.-ի վարչութեան կողմէ, որ մաս կազմէ շրջանի խումբին որպէս մարզիկ եւ խմբապետ։ Աւելի ետք՝ գնահատուած մարզիչի իր հանգամանքով, ծառայեց այլ խումբերու, տանելով շնորհակալ աշխատանք։
Նկարը: Պասքէթպոլի յաղթական խումբը։
Կանգնածներ՝ ձախէն աջ՝ Յակոբ Խպոյեան (մարզիչ), Տիգրան Սարաֆեան (Հ.Մ.Մ.-ի Վարչ․ Ա․ Պետ), Բենիամին Ժամկոչեան (Սահակեան Բարձ․ Վրժ.ի Տնօրէն), Միլէտ Ապտըլ Սաթէր, Յարութիւն Քիպարեան, Գրիգոր Տէմիրճեան, Ղազարոս Ջրբուճեան, Յարութիւն Չպուգճեան, Տիգրան Մկրտիչեան, Պետրոս Մուշեան։
Նստածներ՝ ձախէն աջ՝ Յովսէփ Մելքիսէթեան, Սէմի Նըժմ, Յովհաննէս Մելքիսէթեան, Փիէռ Արապեան, Ժիրայր Գապաքեան։
Տիգրան Սարաֆեանի «Հայ մարմնամարզական միութեան պատմութեան հետքերով…» հատորէն