2023 Փետրուարէն սկսեալ, ԳԼԱՐԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄը, որ կը գտնուի ԱՄՆ` Ֆրեզնոյի մէջ, աւելի քան մէկուկէս տարի է, օգնութիւն կը տրամադրէ Լիբանանի կարիքաւորներուն, նպատակ ունենալով ապահովել անհրաժեշտ սննդամթերք և բժշկական աջակցութիւն անապահով համայնքներուն, ուր կարիքաւորներուն հասանելի ըլլան սննդարար սնունդը եւ կարեւոր առողջապահական ծառայութիւնները:
Կարեկցանքի եւ նուիրուածութեան միջոցով ԳԼԱՐԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄը կը ձգտի մեղմելու սովը եւ բարելաւելու խոցելի բնակչութեան բարեկեցութիւնը:
ԳԼԱՐԱ ՄԱՐԳՈՍԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄի տնօրէն Տքթ. Վարուժ Ալթեպարմաքեանը նպատակ ունի ապահովել առողջ սնունդ եւ դեղորայք՝ կեդրոնանալով այսօր Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ անհատներու կամ համայնքներու առողջութեան ու բարեկեցութեան աջակցելուն:
Օգոստոս 2024-ին դեղորայք պատրաստեցինք եւ մատակարարեցինք Թրիփոլի համայնքէն 57 անհատներու համար։ Դեղերը պատրաստուեցան անհատական փաթեթներով՝ բժիշկի դեղագիրի նշանակմամբ՝ չորս ամսուայ օգտագործման համար:
Պէյրութի Ա. խումբին համար չորս ամսուայ դեղորայքը պատրաստ ըլլալով, Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2024֊ին բաժնեցինք զանոնք, Լիբանանի Մքալլէսի մէջ գտնուող «Dantziguian Hrayr Automation System» հաստատութեան մէջ:
Պէյրութի Բ. խումբին համար չորս ամսուայ դեղորայքը պիտի բաժնուի Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2024֊ին, նոյն վայրին մէջ, ժամը 9:00-13:00:
Անդամները կը փոխանցեն իրենց փոքր մասնակցութեան գինը, կը ստորագրեն եւ կը ստանան իրենց անհատական բժշկական փաթեթը:
Բոլորը կ’արտայայտեն մեծ գնահատանք, անսահման բաւարարուածութիւն, ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն։
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի անդամներէն կազմուած յատուկ խումբը՝ Յասմիկ Քէշիշեան Հատտատի, Մարիա Քէշիշեանի, Անի Ումուտեանի եւ ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ լծուեցան դեղերը պատրաստելու աշխատասէր, հոգատար եւ նուրբ աշխատանքին, բժշկական դեղագրերու հիման վրայ, համայնքի 145 անդամներուն չորս ամսուան անհրաժեշտ դեղերը պատրաստելու համար։
Համայնքի անդամները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն (Վաղարշապատ, Հայաստան) կը ստանան նաեւ քաջառողջութեան յատուկ բարեմաղթանքներ եւ օրհնուած մոմեր:
Տոքթ. Վարուժ Ալթեպարմաքեան կը շարունակէ իր թանկ առաքելութիւնը, յատկապէս Լիբանանի այս դժուարին եւ տնտեսական ճգնաժամային օրերուն, ուր դեղորայքը հազուադէպ կը գտնուի եւ սուղ է, ինչ որ մեծ անհանգստութիւն եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ լիբանանահայ կարիքաւորներուն:
ԳԼԱՐԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄին խորին նպատակն է թեթեւցնել տառապանքը, բարելաւել կեանքի որակը եւ նպաստել Լիբանանի հանրային առողջութեան ընդհանուր բարելաւման, ինչպես նաև հոգալ այն անհատներուն բժշկական բուժման ծախսերը, որոնց չեն կրնար հասնիլ, այսպիսով նուազեցնելով անոնց բուժման ֆինանսական բեռը:
Անահիտ Պուլտուքեան Տանձիկեան
Պէյրութ, Լիբանան