«Առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ»
Հ.Մ.Մ.-Պէյրութի արիներուն տարեկան մեծ բանակումը տեղի ունեցաւ «Ռաս էլ Մէթն»ի մէջ, 31 Օգոստոսէն մինչեւ 8 Սեպտեմբեր 2024, որուն կը մասնակցէին գայլիկներու, արծուիկներու, արիներու, արենուշներու եւ երէցներու երկսեռ շարքեր:
Օգոստոս 31-ի ցերեկը, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի ակումբը երուզեռ մթնոլորտի մէջ էր: Ծնողներ եւ հարազատներ եկած էին իրենց զաւակներu ճամբելու տարեկան մեծ բանակումին դէպի առողջարար բնութեան գիրկը, հեռու քաղաքին անհանգիստ ու հեղցուցիչ մթնոլորտէն:
Հ.Մ.Մ.-ի նորակազմ վարչութեան արժանաւոր ատենապետ ընկ. Փօլ Մուղալեան, վարչական ընկերներու ներկայութեամբ, բանակումին մասնակից միաւորները եւ ծնողները մտահոգող հարցերուն կը պատասխանէին, վստահեցնելով անոնց, որ իրենց զաւակները պիտի վայելեն պատասխանատու մարմիններուն խնամքն ու գուրգուրանքը:
Շատ չանցած, Հ.Մ.Մ.-եան երգերով ու բարձր տրամադրութեամբ փոխադրակառքերը շարժեցան դէպի «Ռաս էլ մէթն»ի բանակավայրը, ուր երէցական կազմը դիմաւորեց զիրենք:
Ամայի բանակավայրը կը վերակենդանանայ կենսայորդ պատանիներու եւ երիտասարդներու կանչերով, աշխոյժ եւ եռանդուն աշխատանքով: Կը հաստատուին վրանները, նախագծուած օրինապահութեամբ կը կատարուին կազմակերպչական աշխատանքներն ու գործի բաժանումը, որոնք կ՚արդիւնաւորուին անմիջական պատրաստակամութեամբ օժտուած միաւորներու յանձնառու ոգիով:
Օրերը կը յաջորդեն զիրար, սլանալով նպատակադիր գործունէութեան ոլորտներուն մէջ, միահիւսելով Ս.Դ.Հ.Կ.ի գաղափարախօսական համակարգը, Հ.Մ.Մ.ի ընկերային-բարոյագիտական հիմունքներն ու սկաուտական շարժման դաւանած մարդակերտման գործօնները:
Արշաւներու, լեռնագնացութեան, շրջապտոյտներու եւ հետախուզական ձեռնարկներու կողքին, կը կատարուի անհրաժեշտ ու հրատապ հարցեր արծարծող դասընթացք՝ մշակելու սկաուտին ներաշխարհը յուզող ազգային ու հասարակական մտահոգութիւններու ենթահողը, կը պատրաստուին ձեռային աշխատանքներ, որոնք իրենց նրբահիւս բանուածքով կ’արտացոլեն սկաուտական ձիրքերու նրբաճաշակութիւնն ու ճարտարութիւնը:
Արեւածագէն մինչեւ վերջալոյս երկարող սկաուտական հեւքոտ ու տենդայոյզ օրը խարոյկին շուրջ բոլորուած գիշերային հաւաքոյթով կը ստանար տարբեր գոյն ու երանգ, կը միախառնուին երգը, պարը, ծիծաղը, սրամտութիւնը, կանչերն ու խաղերը, որոնք կ’աւարտին խմբապետին սուլիչով, ապա կը յայտարարուի ճրագմար, որուն կը յաջորդէ հսկիչ պահակներուն պարտականութիւնները:
Երեքշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի բանակավայրը կ’այցելեն Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանը, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագեսեանի, եւ Հ.Մ.Մ. Պէրութի վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Փօլ Մուղալեանի: Ընկ. Քէօշկէրեան, ընկ. Տագեսեան եւ ընկ. Մուղալեան կը փոխանցեն իրենց սրտին խօսքերը՝ շեշտը դնելով կարգապահութեան, միութենական եւ սկաուտական սիրոյ վրայ, միեւնոյն ժամանակ լուսարձակի տակ առնելով առօրեայ խճողումէն անջատուելու եւ բնութեան հետ աւելի մտերմանալու գաղափարը:
Իսկ յաջորդ օրը՝ Չորեքշաբթի, բանակավայր կ’այցելէ եւ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական խումբին իր օրհնութիւնն ու ոգեւորիչ խօսքը կը փոխանցէ Ռըմէյլի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը:
Բանակումին 8 օրերը կը թռչին երազի նման, շուտով կը հասնի հրաժեշտի օրը: Ամբողջ բանակավայրը զօրաշարժի ենթարկուած կը ջանայ բանակումին նպատակադիր գործունէութիւնը պսակել խարոյկահանդէսով:
ԽԱՐՈՅԿԱՀԱՆԴԷՍԸ
Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտական խորհուրդին կազմակերպած խարոյկահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերի երեկոյեան, բանակավայրին մէջ, ներկայութեամբ բազմահարիւր Հ.Մ.Մ.-ականներու, ծնողներու եւ համակիրներու:
Նախ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը կը կատարէ իր փառաշուք երթը, առաջնորդութեամբ ընկեր Նարեկ Ղարիպեանի: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Մ.-ի քայլերգներու ունկընդրութենէն ետք, ընկեր Ղարիպեան կը կատարէ բացման խօսքը, որուն մէջ կ’ըսէ. «Կրկին անգամ բարի եկած էք Հ.Մ.Մ. Պէյրութի 2024 տարեշրջանի խարուկահանդէսին՝ «Մեր մոլորակը, մեր ծաղկուն ապագան» խորագիրին տակ։ Ազգասիրութեամբ, զոհաբերութեամբ եւ համերաշխութեամբ ծնունդ առած Հ.Մ.Մ.-ը իր զանազան մարզաձեւերով կը կազմաւորէ հայ երիտասարդին ուղին: Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական շարժումը իր ճամբով կը հանդիսանայ ազգագործօն իտէալը եւ մինչեւ օրս կը գործէ ամէն տեսակի դժուարութիւններ յաղթահարելով։ Հայ իրականութենէն ներս Հ․Մ․Մ․-ը եղաւ կեդրոնաձիգ ոյժ մը, ոգեշնչեց իր անդամներն ու համակիրները եւ կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ։ Այն բոցավառ լոյսը, որ տարիներ շարունակ լուսաւորած է երիտասարդութեան ոգին, հայեցի դաստիարակութիւն տալով իր շարքին, կը մնայ անմար: Նոյն այս տեսլականով, Հայ Մարմնամարզական Միութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնները: Պէյրութի Սկաուտական խորհուրդը անսասան հաւատքով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը երիտասարդութեան սատարելով»։
Ընկեր Նարեկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողաց՝ իրենց զաւակները Հ.Մ.Մ-ին վստահելու համար, եզրափակեց՝ ըսելով. «Սիրելի Հ.Մ.Մ.-ականներ,
սիրենք զիրար, վստահինք եւ իրարու օգնենք՝ ձեռք-ձեռքի տալով, ըլլանք միասնական։ Զինուինք գիտութեամբ, չմոռնալով մեր Հայրենիքը, Մայրենի լեզուն եւ մշակոյթը, որովհետեւ ասոնցմով պիտի վայելենք բոլորին յարգանքը»։
Բացման խօսքէն ետք, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական բոլոր միաւորները երգելով կը ներկայանան հրապարակ: Տեղի կ’ունենայ դրօշակի եւ երդման արարողութիւնները: 10 սկաուտներ եւ արենուշներ կը ստանան իրենց անդրանիկ «ֆուլարներ»ը: Այնուհետեւ կը կատարուի առաջնորդներու եւ փոխառաջնորդներու, ինչպէս նաեւ փոխխմբապետներու պաշտօններու բարձրացումները, նաեւ «լաւագոյն», «արագաշարժ» եւ «տիպար» խմբակային եւ անհատական մրցանակաբաշխումները: Սկաուտական դափնիներու տուչութիւնը կ’եզրափակուի «2-րդ կարգ»ի, «ողիմպիական», «աշխատանքի» կրծքանշաններու («պաճ») յանձնումով:
Հասած էր սպասուած ժամը: Սկաուտներ եւ արենուշներ զոյգեր կազմած ջահերթով շրջան կազմեցին պատրաստուած փայտերուն շուրջ եւ, ահա՜, կը բռնկի խարոյկը՝ ազդարարելով 2023-24 սկաուտական տարեշրջանի եզրափակիչ արարողութիւնները:
Կը ներկայացուին գեղարուեստական յայտագրի խանդավառ օղակները, որոնք ծափողջոյններու տենդով կը վարակեն ներկաները: Բանակումին մասնակից բոլոր միաւորները կը ներկայացնեն արուեստի զանազան նմոյշներու պարեր եւ արդիական ոճով մատուցուած կրակով մարզական խաղեր: Հետաքրքրական էր արիներուն եւ արենուշներուն պատրաստած՝ Մեծ առաջնորդ Սարգիս Տխրունիի աքսորման, դատավարութեան եւ ահաբեկման մասին ներկայացուած դրուագները:
Խանդավառուած մթնոլորտէն, կ’ըլլան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Հ.Մ.Մ.-ի տարեկան մեծ բանակումը իր աւարտին կը հասնի եզրափակիչ խարոյկահանդէսով: Յաջորդ օր, սկաուտական վաշտը հրաժեշտ կու տայ բանակավայրին, յաջորդ տարի հանդիպելու ցանկութեամբ:
Կեցցէ՛ Հ.Մ.Մ.-ը,
Փառք, պատիւ եւ լարգանք Հ.Մ.Մ.ի հիմնադիրներուն: