Կարտինալ Աղաճանեանին նման 20-րդ դարու մեծագոյն դէմքերէն մէկուն կեանքին ու գործունէութեան իւրաքանչիւր փուլը եղած է պատմական իրադարձութիւն մը, որ ընդգրկած է ոչ թէ սեղմ իմաստով միայն կաթողիկէ, քրիստոնեայ կամ ընդհանրապէս կրօնական աշխարհը, այլ աշխահը իր ամբողջական առումով, իր բոլոր բաղադրիչներով՝ պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, հասարակական, ընկերային, միջազգային ոլորտներով, եւ այս բոլորին զուգահեռ՝ Հայ Ազգը:
Աստուածապարգեւ շնորհներով օժտուած մարդ մը միայն կրնար արժանանալ միջազգային ընտանիքին վստահութեան, յարգանքին ու համարումին, եւ դառնալ մարդոց ու ժողովուրդներուն միջեւ նախախնամական սիրոյ եւ խաղաղութեան առաքեալ մը։ Յայտնապէս աշխարհի մեծամեծերը այդպիսի առաքեալ մը տեսան Կարտինալ Աղաճանեանի անձին մէջ։
«Կարտինալ Աղաճանեանի եպիսկոպոսական նշանաբանը` Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն (Lustitia et Pax), ինքնին մեզի կը խօսի անոր արիութեան մասին եւ Տիրոջ Աւետարանին հանդէպ անոր ծառայութեան մասին, որպէսզի Խաղաղութիւնը՝ յարուցեալ Քրիստոսի կողմէ իր սարսափած եւ շփոթած աշակերտներուն յանձնուած խաղաղութիւնը, ըլլար այժմէական, ճշմարիտ, իրական, բոլորին, բայց մանաւանդ Հայ ժողովուրդին համար։ Եւ ասոր հետ միասին, մեզի կը խօսի նաեւ արդարութեան մասին, որ Աստուծոյ մէջ ապահով ողորմութիւնն է, բայց որ մարդերուն միջեւ կը գտնուի համակեցութեան եւ ընկերութեան հիմքին վրայ, քանի որ կը փնտռէ ճշմարտութիւնը եւ կը պարգեւէ ներումը։
«Առաջարկել եւ ընծայել խաղաղութիւնը, ինչպէս փնտռել եւ հայցել արդարութիւնը, եղան կեանքի ծրագիրը Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կարտինալին, անոր՝ որ Աստուծոյ այրն էր, Քրիստոսի հաւատացեալն ու բոլորին, եւ ի մասնաւորի՝ իր հայազգի եղբայրներուն ծառան», կը գրէ Ալեսսանտրա Սկոթթօ, Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կարտինալին «Երանացում եւ Սրբադասում»ի դատավարութեան պատմական յանձնախումբին անդամներէն մէկը, իր` Կարտինալ Աղաճանեանի կենսագրութեան նուիրուած «Եկեղեցին․․․, իմ Մայրը» գիրքին մէջ։
Աստուծոյ հանդէպ սիրոյն՝ անքակտելիօրէն՝ շաղուած էր անոր սէրը իր ժողովուրդին եւ իր հայրենիքին հանդէպ
Կարտինալ Աղաճանեանին` այս «հեռաւոր լեռներուն մէջ բուսած տունկ»ին (ինչպէս քնքշանքով զինք կը կոչէր գերապատիւ Հայր Սարգիս Տէր Աբրահամեան, որ մանուկ Ղազարոսը ուղարկեց Հռոմ) անունը, կեանքն ու գործը, վարկն ու համբաւը վաղուց ծանօթ է աշխարհին։ Ծանօթ է ո՛չ միայն իբրեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն մէկ Իշխանը, առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակ մը, որ միջազգային հանրային կարծիքին կողմէ արժանի նկատուեցաւ Սուրբ Պետրոսի արժանաւոր յաջորդներէն մէկը դառնալու, այլ որպէս աւետարանական պատուէրներու հետամուտ կենդանի օրինակ մը։ Իր այցելած ցամաքամասերու՝ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի, Ամերիկայի, Աւստրիալիոյ, Ծայրագոյն Արեւելքի իւրաքանչիւր երկրին, իւրաքանչիւր քաղաքին ու ոստանին մէջ, ո՛չ միայն հոգեւոր իշխանութիւններուն, այլ թագաւորներու, նախագահներու, իշխաններու եւ պետական ղեկավարներու հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին եւ մեծագոյն պատիւներու արժանացած պահերուն, Կարտինալ Աղաճանեան հպարտութեամբ զգացուց առաջին քրիստոնեայ Ազգին իր պատկանելիութիւնը եւ իր կառչումը այդ ինքնութեան, որուն հայկականութեամբ օծուն արմատները կ’երկարին մինչեւ Խոր Վիրապ եւ Օշական։
«Աշխարհի չորս ծագերուն, հոն ուր գնաց ան, անոր անսգիւտ հայասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ` միլիոնաւոր մարդիկ ճանչցան Հայ Ազգը եւ Աղաճանեան կաթողիկոսին արժանիքներու փայլքէն հմայուած՝ սիրեցին Հայ ժողովուրդը։ Աղաճանեանի մաքուր սրտի սիրոյն Աստուծոյ հանդէպ, անքակտելիօրէն շաղուած էր անոր սէրը իր ժողովուրդին եւ իր հայրենիքին հանդէպ, նման մեր սուրբ հայրապետներուն։ Մենք լսած ենք շատ անգամներ օտարներու իսկ բերնէն. «Երանի անոնց որ Աղաճանեանի նման հայ են»։ Հարկ է որ մենք, անոր եղբայրները, ըլլանք եւ մնանք արժանի նոյն երանութեան, որպէսզի ինք երկինքէն տայ իր օրհնութիւնը մեր ժողովուրդին վրայ» (Ներսէս Եպս. Սէթեան, 25 Փետր. 1996, Աղաճանեանի 100-ամեակին)։
«Սիրե՛նք մեր հայրենիքը, սիրեցէ՛ք զիրար, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ մէկ բեկորն է հայրենիքին»
«Սիրե՛նք մեր Հայրենիքը։ Կրնանք չսիրել վարչաձեւը, բայց վարչաձեւերը կ’անցնին, իսկ Հայրենիքը կա՛յ ու կը մնայ։ Սիրեցէ՛ք Ազգն ու Եկեղեցին։ Սիրեցէ՛ք զիրար, եղէք համերաշխ, միաբան, որովհետեւ ուր որ հանդիպիք հայու մը, ան մէկ բեկորն է Հայրենիքին», գոչած էր ան 27 Յունիս 1951-ին, փարիզահայութեան ուղղած իր յորդորին մէջ: Շնորհակալութիւն յայտնելով ֆրանսական կառավարութեան զինք հրաւիրած ըլլալուն համար «այս հիւրընկալ երկիրը», Աղաճանեան կարտինալը ըսած էր․ «Այս պատիւը ուղղուած է անշուշտ Հայ ժողովուրդին, որուն այնքան տոկուն արժանիքները այժմ պարտադրուած են օտար երկիրներու մէջ ալ՝ մեզ ճանչցող ժողովուրդներուն։ Հպարտ պէտք է ըլլանք բոլորս որ կը պատկանինք Հայ ցեղին, որուն մշակոյթը իր բազմակողմանի արժէքներով վաւերական տուրք մըն է քաղաքակրթութեան»։
Արդարեւ, Կարտինալ Աղաճանեան ինքզինքին եւ իւրաքանչիւր հայու մէջ տեսաւ «բեկոր մը Հայաստանի»։ Այն Հայաստանին՝ որուն դռները դժբախտաբար չբացուեցան իր առջեւ, մինչ ամէնէն ինքնակալ երկիրներուն դարպասներն անգամ լայն բացուեցան ընդունելու համար զինք՝ Հայ Ծիրանաւորը։ Սակայն ան Հայաստանը՝ Քրիստոնէութեան առաջին օրրանը, տարաւ իր հետ, ուր որ գնաց:
Եւ ո՛ւր չգնաց մինչեւ ամբողջական ուժասպառումը՝ քաղցկեղին պատճառած ցաւին հետեւանքով։ Հոն ուր որ գնաց ան՝ իր մտքի ու սրտի արժանիքներով առինքնեց իր հիւրընկալները եւ ունկնդիրները, անոնց մօտ արթնուց Հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ կրած արհաւիրքներու մասին հետաքրքրութիւնը։
Պատմութիւնը պիտի ըսէ թէ ինչ են պարտական անոր քրիստոնեայ Հայաստանը եւ բովանդակ Տիեզերական Եկեղեցին
1971-ի Մայիս 16-ին, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կարտինալ Աղաճանեան ննջեց ի Տէր։ Ո՛չ միայն Կաթողիկէ, այլ համայն քրիստոնեայ աշխարհը, մեծ ու փոքր պետութիւններ, չորս ցամաքամասերու բազմամիլիոնաւոր ժողովուրդներ Պօղոս Զ. պապին հետ սրտանց ողբացին կորուստը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիէ Հայոց ԺԵ. Կաթողիկոս-պատրիարքին, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աշխարհահռչակ Կարտինալին, Հաւատոյ Տարածման Ժողովի առաջին հայազգի արտակարգ նախագահին, Առաքելութիւններու «Կարմիր պապ»ին, ինչպէս կը կոչէին զինք Հնդկաստանի մէջ (Տելհիի մէջ, ուր այցելեց 1961-ին եւ կրեց հնդկական աւանդական ծաղկեմանեակը, իբր Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովին Մեծաւոր իր իշխանութեան տակ ունէր 800 եպիսկոպոսներ եւ վիճակաւորներ եւ իր մեծ իշխանութեան եւ զգեստի գոյնին պատճառով զինք կը կոչէին «Կարմիր պապ»)։
Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ ծառային թաղումը մեծ շուքով տեղի կ’ունենայ Հռոմի Ս․ Պետրոս Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ուրբաթ, 21 Մայիսին, Ս․ Պատարագ եւ Պաշտօն կը կատարուի ի ներկայութեան 32 կարտինալներու, 200-է աւելի եպիսկոպոսներու եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու, անձնաւորութիւններու եւ բազմահազար հաւատացեալներու, որոնք եկած էին հրաժեշտի վերջին ողջոյնը տալու իրենց սիրելի Հայ Կարտինալին։
Ս. Պետրոսի Մայր Տաճարի արարողութենէն ետք, մարմինը կը փոխադրուի Լեւոնեան վարժարանի եկեղեցին:
Այժմ երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմինը ամփոփուած է Հռոմի Ս․ Նիկողայոս եկեղեցւոյ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին նուիրուած կողմնակի մատրան դամբանին մէջ։ Ի դէպ՝ Ծիրանաւոր Աղաճանեան իր կտակին մէջ գրած էր. «Կ’ուզեմ որ իմ գերեզմանս Զմմառ հանգչող նախորդներուս քովն ըլլայ»։ Այս էր փափաքն ու կտակը, որ երջանկայիշատակ Կարտինալ Աղաճանեան յայտնած էր Զմմառու վանքի վարչութեան։ (Զուարթնոց 1995, համար 16, էջ 9)։
«Պատմութիւնը պիտի ըսէ թէ ինչ են պարտական անոր Քրիստոնեայ Հայաստանը, կաթողիկէ առաքելութիւնները, Հռոմի Սուրբ Աթոռը եւ բովանդակ Տիեզերական Եկեղեցին», ըսած է Սուրբ Պօղոս Զ., 1971-ի Մայիսի 26-ին իր ցաւակցական խօսքին մէջ, որ արտասանած է յընթացս յատուկ ունկնդրութեան, որ շնորհած է հոգելոյս Ծիրանաւորին իրենց վերջին հրաժեշտը տալու համար Հռոմ ժամանած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա․ի յատուկ ներկայացուցիչներուն, պաշտօնական եւ ժողովրդական պատուիրակութիւններուն` առաջնորդութեամբ Իգնատիոս Պետրոս Պաթանեան կաթողիկոսին։
Սարգիս Նաճարեանի «Երանացման ճանապարհին» գիրքէն
(Շարունակելի 3)