Աւարայրի ճակատամարտը մեր պատմութեան ամենանափառաւոր էջերէն մէկը կը համարուի: Դպրոցական դասագիրքերուն մէջ, բանաւոր պատումներուն մէջ առանցքային միտքը սա է. «Ըստ Եղիշէի, եւ մասամբ՝ ըստ Ղազարի (Փարպեցի-խմբ.), Վարդանը եւ անոր զինակիցները, որոնք ինկած են մարտին, յաւիտենական փառաց եւ յիշատակաց արժանի սուրբ նահատակներ են: Հակառակ կուսակցութիւնը` Վասակը եւ անոր համախոհները, դաւաճաններ եւ նողկալի երդմնազանցներ են: Փառասիրութենէն եւ անձնական շահագրգռութիւններէն դրդուած` անոնք տեղի տուած են պարսիկներու թելադրանքին, ըստ Եղիշէի, նոյնիսկ ընդունած են պարսից կրօնը եւ գլխաւոր մեղաւորները հանդիսացած երկրի բոլոր աղէտներուն համար» (Նիկողայոս Ադոնց, Երկեր, Պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ, հատոր Ա, 2006 , Երեւան, էջ 181):
«Մեսրոպի կենսագիր Կորիւնը խիստ համակրանքով կը խօսի Վասակի անձնաւորութեան մասին: Կասկած կ’առաջանայ պատմիչներու դատողութիւններու ճշմարտացիութեան մասին, ուստի հարկ է աւելի բանական հիմքեր փնտռել Վասակի գործողութիւններում» (Ն. Ադոնց, նոյն):
«Այդ շարժումը (Վարդանանց պատերազմը-խմբ.) շատ պարզ եւ որոշակի սկզբնաւորութիւն, զարգացում եւ վախճան ունեցած է, որոնք ամենայն մանրամասնութեամբ արձանագրուած են ժամանակակիցներու եւ ականատեսներու ձեռքով: Բայց երեւոյթի խորհրդաւորութիւնը այն բանի մէջ է, որ իրերու ընթացքը՝ իրականութեան մէջ այնպէս տեղի չէ ունեցած, ինչպէս ան կը ներկայացուի գրաւոր յիշատակարաններու մէջ»: (Լէօ, Հայոց պատմութեան, հատոր 2, էջ 47):
Քաղաքական գործիչները, պատմական դէմքերը «դաւաճան» կամ «սուրբ» դասելու առումով մեր քաղաքական միտքը այսօր ալ կը յիշեցնէ հեռաւոր 5-րդ դարը: Պատմական իրադարձութիւնները այսօր ալ առասպելներ կը յիշեցնեն, ուր կայ երկու կողմ՝ սուրբեր եւ «դեւեր», «սեւեր» եւ «սպիտակներ»:
Եւ այսպէս…
387 թուականին Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը կը բաժնուի Սասանեան Պարսկաստանի (80%) եւ Հռոմէական կայսրութեան միջեւ (20%): 428 թուականին, հայ նախարարները կը դիմեն պարսից արքունիքին՝ իրաւազրկել հայոց արքան եւ Հայաստանը վերածել մարզպանութեան։ Ինչը որ տեղի ունեցաւ:
441-451 թուականը Հայաստանի՝ պարսկական տիրապետութեան տակ գտնուող մասի մարզպանը Վասակ Սիւնին էր: Այդ շրջանին Հայաստանի՝ բիւզանդական մասի կառավարիչը Վասակ Մամիկոնեանն էր:
«Մարզպանական շրջանին, մանաւանդ քրիստոնեայ մարզպանի օրով, Եկեղեցին ալ դժգոհութեան պատճառ մը չունէր: Եկեղեցականներ հարկերէ զերծ էին, եկեղեցւոյ եկամուտի աղբիւրները անվթար կը շարունակէին, հայ ժողովուրդի դատաստանական գործերը կը մնային առանձնաշնորհը եկեղեցականներուն: Կրօնական հալածանք չկար Պարսկահայաստանի մէջ: Իսկ հայ տառերու գիւտով անարգել զարգացող հայ եկեղեցական մշակոյթը գիտակից հաւատացեալներու բազմութիւն մը կը ստեղծէր, որ բոլորովին տարբեր էր չորրորդ դարու ծանծաղ հաւատքով մակերեսային քրիստոնեաներէն եւ որ եկեղեցիին համար բարոյական յոյժ մեծ զօրավիգ էր» («Մարզպանը եւ Սպարապետը», Հրանդ Ք. Արմէն):
«150 տարի անցած էր քրիստոնէական կրօնը ընդունելու օրէն, արդէն այդ կրօնը խոր արմատ նետած էր ժողովրդական զանգուածներու մէջ եւ դարձած էր կեանքի գլխաւոր իմաստը: Ուստի երբ պարսիկներու կողմէ կտրական կերպով կրօնափոխութեան պահանջ դրուեցաւ, ամբողջ պարսկահայաստանը վրդոված, անխտիր ոտքի ելաւ իր կրօնի պաշտպանութեան համար: Կրօնի պաշտպանութեան մէջ անխտիր բոլորը իրար հետ համաձայն էին, բայց ուրիշ բան է կրաւորական ձեւով պաշտպանուիլ եւ բոլորովին այլ բան է զէնքով, բացարձակ ապստամբութեամբ պաշտպանուիլ: Վերջին միջոցը լաւ է միայն այն պարագային, յաջողութեան ՝ գոնէ հեռաւոր հաւանականութիւններ կան իրականութեան մէջ: Մարզպան Վասակը եւ իր համախոհ բազմաթիւ նախարարներն ու իշխաններն ընտրած էին կրաւորական հակառակութիւնը, որովհետեւ բացարձակ ապստամբութեան համար հայերը բաւականաչափ ոյժ չունէին» («Մշակ», 1914 թ., N 37):
«Հայոց իշխանները, առաւել եւս երկրի կառավարիչ Վասակը, օժտուած էին քաղաքական խոհեմութեամբ եւ քաջ կը գիտակցէին, որ իրենց համար անհնարին է ուժերը չափել հզօրագոյն միապետութեան հետ» (Նիկողայոս Ադոնց, նոյն):
Յազկերտի նամակին (ուր հայ ժողովուրդին կ’առաջարկուէր ընդունիլ զրադաշտականութիւնը) մերժում ստանալով` պարսից արքան իր մօտ կը կանչէ հայոց, վրաց եւ աղուան նախարարները: Տիզբոնի մէջ «իշխաններու մէջ ամէնէն աւելի կրօնական խոր կրթութիւն ստացած՝ Վարդան Մամիկոնեան, ինքն իր անձին համար խօսելով՝ կրկնեց, թէ ինք սիրով եւ յօժարութեամբ պիտի շարունակէր ծառայել Թագաւորին (խօսքը պարսից թագաւորի մասին է- խմբ. )՝ ստացուածքով եւ կեանքով, ինչպէս անցեալի մէջ ըրած էր անտրտունջ, բայց իր հաւատքը չէր կրնար փոխել: Վաթսուներկու տարեկան Մամիկոնեան Իշխանին խօսքերը անհնազանդութեան համազօր էին: Թագաւորին տրամադրութիւնը փոխուեցաւ: Սպառնաց անհնազանդները աքսորել հեռաւոր վայրեր, իսկ իրենց բոլոր ընտանիքը կորուստի մատնել: …Ամմիանոս Մարկելինոս պատմիչը կը յիշէ պարսիկներու այն խիստ օրէնքը, որու տրամադրութեան համաձայն, մէկ անձի յանցանքին համար իր բոլոր ընտանիքը կը պատժուէր» (Հրանդ Ք. Արմէն, նոյն):
«Վարդան Մամիկոնեանը նախարարական կազմին մէջ աչքի զարնող բացառութիւններէն մէկը կը կազմէր՝ իբրեւ լաւ գրագէտ, ուսում առած մարդ: Ան շատ լաւ ծանօթ էր եկեղեցական գրականութեան, առաւելապէս Ս. Գիրքին: Այս կողմէ ան Սահակ Պարթեւի արժանաւոր եւ գիտակից ժառանգն էր (Վարդան Մամիկոնեանը Սահակ Պարթեւի դուստր Սահականուշի աւագ որդին է-խմբ.): Եկեղեցական գրողները զայն կը ներկայացնեն իբրեւ հաւատքի համար նահատակուելու եւ երկնային փառքը ժառանգելու մեծ տենչանքով լցուած անձնաւորութիւն եւ այս անզուսպ ձգտումով ալ կը բացատրեն անոր գործած ճակատագրական սխալները» (Լէօ, նոյն):
Տիզբոնի մէջ նախարարները ժամանակ կը խնդրեն մտածելու: Կը խորհրդակցին եւ կ’ընդունին որոշում՝ առերես ընդունելու կրօնափոխութեան առաջարկը:
«Եթէ ամէն մէկը կարենայ իր երկրին մէջ ապրիլ` պահելով քրիստոնէութիւնը, այդ պիտի ըլլայ լաւագոյն ելքը, բայց եթէ այդ անհնարին ըլլայ, այն ժամանակ ամէն մէկը կը վերցնէ իր ընտանիքը եւ կ’երթայ օտար աշխարհ: Այս առաջին յայտնի օրինակն է, որ հայը վտանգի առջեւ իր տկարութիւնը նկատելով, կ’ընդգրկէր գաղթելու գաղափարը, որ հետագայ դարերուն այնքան ընդարձակ չափերով արտայայտուեցաւ, դառնալով հայութեան համար տեսակ մը յաւիտենական վիճակ (Հրանդ Է. Արմէն, նոյն):
«Իշխաններու որոշումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց պարսից արքունիքին մէջ: … հակառակ ընդհանուր ուրախութեան՝ Յազկերտ, Աշուշա Բդեշխը եւ Մարզպան Վասակ Սիւնիի երկու որդիները՝ Բաբիկ եւ Ատրներսեհ, պատանդ պահեց արքունիքին մէջ: Վասակ ինքն ալ պատանդ եղած էր այս միեւնոյն արքունիքին մէջ» (Հրանդ Ք. Արմէն, նոյն):
Տիզբոնէն վերադառնալէ ետք «Վարդան Մամիկոնեանը կը վերցնէ իր եւ իր եղբայրներուն ընտանիքները եւ կը ճանապարհուի դէպի Յունական Հայաստան: Այդ փախուստ էր: Սպարապետը ի կատար կ’ածէր այն վճիռը, որ կայացուցած էին նախարարները Պարսկաստանի մէջ: Այս քայլով Մամիկոնեան տոհմը կը վճռէր յօժարակամ հրաժարիլ իր դիրքէն եւ նշանակութենէն, իր մեծ հարստութենէն՝ օտարութեան մէջ հանգիստ գտնելու համար:
Լսելով Մամիկոնեաններուն փախուստը, Վասակ մարզպանը եռանդուն միջոցներ ձեռք կ’առնէ զանոնք համոզելու, որ ետ դառնան: Այս նպատակով ամբողջ պատգամաւորութիւն կ’ուղարկէ Վարդանի մօտ, որ կանգ առած էր Բասենի սահմանին» (Լէօ, նոյն):
«Վասակը դեսպանութիւն յղեց Թէօդոսիոս կայսեր մօտ, որուն հետ հայերը մեծ յոյսեր կը կապէին: Այդ բոլորի մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի բիւզանդական մասի կառավարիչ Վասակ Մամիկոնեանին, ինչպէս նաեւ Անտիոքի ռազմավար Անատոլիոսին եւ կը խնդրեն անոնց աջակցութիւնը: Սուրհանդակներ ուղարկեցին նաեւ հայկական հարաւային նահանգներ` Աղձնիք, Անգեղտուն եւ Ծոփք, որոնք այն ժամանակ Բիւզանդիայի հովանիին տակ գտնուող ինքնավար սատրապութիւններ էին: Կոչեր յղեցին Իբերիաեւ Աղուանք եւ բանակցութիւններու մէջ մտան հոներու թագաւոր Հեռանի եւ ուրիշ լեռնականներու հետ: Վասակը եւ նախարարները կը սպասէին դեսպաններու վերադարձին: Մինչ այդ, հոգեւորականութիւնը եռանդով կը հրահրէր ժողովուրդին կրքերը: Ամբոխը տեղի տուաւ անոնց բոցաշունչ քարոզներու ազդեցութեան, եւ սկիզբ առին թշնամական գործողութիւններ, ցոյցեր ու բախումներ» (Ադոնց, նոյն):
«Վասակը բոլոր իր ոյժով կ’աշխատէր, որ երկրին մէջ ընդհանուր ապստամբութիւն չբարձրանայ. այդ պատճառով ալ ան աշխատեցաւ վերադարձնել Վարդանը, որ անոր միջոցով կարենայ ազդել հայ կղերին վրայ, որոնք կը գրգռէին թէ՛ իշխանները, թէ՛ ժողովուրդը («Մշակ», N 38, 1914 թ.)
«Այդ ճգնաժամային պահուն լուր ստացուեցաւ Թէոդոսիոսի մահուան մասին: Անոր յաջորդ Մարկիանոսը կտրականապէս հրաժարեցաւ աջակցելէ հայերուն: …հանգամանքներու անյաջող դասաւորման հետեւանքով հայերը ինկան անելանելի դրութեան մէջ: Այդպիսի պայմաններու մէջ խզել կապերը պարսիկներու հետ եւ անոնց բացայայտ պատերազմ յայտարարել` կը նշանակէր երկիրը տանիլ դէպի անխուսափելի կործանում: …Վրայ հասաւ յուսախաբութեան ու տատանումներու պահը: Մէկ մասը կանգնած էր յանուն ապստամբութեան եւ խորհուրդ կու տար շարունակել սկսած գործը` յոյսը դնելով սեփական ուժերուն վրայ: Միւս մասը, հասկնալով նման յանդգնութեան ամբողջ վտանգը, խոհեմ կը համարէին կասեցնել հետագայ գործողութիւնները եւ կոծկել գործը: Առաջին կուսակցութեան գլուխ կանգնած էին Մամիկոնեաններն ու Արծրունիները, իսկ երկրորդին` մարզպան Վասակն ու Բագրատունիները: Հաշտութիւն չկայացաւ: Տեսակէտերու անհամաձայնութիւնը շուտով վերաճեցաւ փոխադարձ թշնամութեան» (Լէօ, նոյն):
«Սարսափելի էր Վասակի դրութիւնը: Նա կը նշանակէր իր երկու որդիներուն կորուստը, իր սեփական երկրի`Սիւնիքի կորուստը եւ ընդհանուր հայրենիքի` Հայաստանի կորուստը» («Մշակ», 1914, N 39):
Շուտով հարկ եղաւ պարսից զօրքին դէմ կռուող աղուաններուն օգնութեան երթալ, եւ Վասակը` որպէս մարզպան, յանձնարարեց Վարդան Մամիկոնեանին` իր զօրախումբով, մեկնիլ Աղուանք: Այդպիսով՝ հեռացուց Հայաստանէն: «Վարդանը Աղուանք երթալէ առաջ պահանջ դրաւ, որ գրաւոր կերպով յունաց կայսրին եւ Յունաստանի բոլոր յոյն եւ հայ նախարարներուն ու իշխաններուն դիմում կատարուի օգնութեան համար: Նամակները կնքուեցան առաջին տեղը Վասակի մատանիով, որոնք յետոյ ապացոյցներ ծառայեցին անոր դատապարտութեան համար:
Վարդանի` Աղուանք երթալէ յետոյ Վասակը երկրին մէջ կը մնայ իր համախոհ նախարարներով, «որոնք արդէն հնարաւորութիւն ունեցան ապստամբութեան հակառակ պատրաստութիւններ տեսնել: Եւ որպէսզի վերջնականապէս կարենան կասեցնել ապստամբութիւնը, հաւաքեցին Մամիկոնեանները, Կամսարականները եւ այլ ուխտապահ նախարարներու որդիները, տարին Սիւնիք եւ այնտեղէն ուղարկեցին Պարսկաստան`իբրեւ պատանդ: Վասակը նաեւ բանտարկեց այն հոգեւորականները, որոնք ապստամբութիւն կը գրգռէին: Այս գործողութիւններէն յետոյ երկիրը բաժնուեցաւ երկու թշնամական բանակներու: …անգթութիւններ կը կատարէին ոչ միայն Վասակի կողմնակիցները, այլեւ՝ Վարդանի» («Մշակ», 1914, N 39):
«Եթէ Վարդանանց շարժումը յեղափոխութիւն էր, Վասակը անոր դէմ առաջ կը բերէր հակայեղափոխութիւն` գործելով պարսից կառավարութեան հետ սերտօրէն» (Լէօ, նոյն):
«Սակայն մարզպանը միայն պատժիչ գործողութիւններ չձեռնարկեց: Ան դիմեց Յազկերտին, ներկայացուց երկրին մէջ տիրող դժգոհ մթնոլորտը, նկատեց, որ եթէ ապստամբութիւն բարձրանայ, առեւտուրն ու հողամշակութիւնը այնքան կը տուժեն, որ կը նուազին Պարսկաստանին տրուող հարկերը: Եւ, որ այս աղէտը կանխելու համար պարսից թագաւորը պէտք է հայերէն ետ առնէ կրօնափոխ ըլլալու պահանջը եւ ազատ արձակէ Տիզբոնէն հայ նախարարներուն հետ Հայաստան եկած մոգերու եւ պարսիկ պաշտօնեաներու վրայ յարձակածները: Արքայից արքան Վասակի առաջարկը կ’ընդունի: Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի, որ քրիստոնէութիւնը այլեւս չ’արգիլուիր`պայմանով, որ ապստամբութիւն չըլլայ» («Մշակ»):
Սակայն հոգեւորականներն ու ուխտապահները Վասակին չէին վստահիր: Ըստ Լէոյի` Յազկերտի` կրօնափոխութիւն չպարտադրող որոշումը թուլութիւն եւ լքում մտցուց հայկական ապստամբութեան շարքերուն մէջ, բայց չկանգնեցուց շարժումը:
«451թ. Աւարայրի ճակատամարտին հայերուն յաղթանակը անհնարին չէր ըլլար, եթէ դաշնակիցներ ունենար,- կը գրէ Լէօն: -Հայ գործիչներու կրօնակցական հանգամանքը այնքան հիմնաւոր նախապաշարմունք գոյացուցած էր, որ անոնք շարունակ կը հաւատէին, թէ կրօնակից Արեւմուտքը երբեք չի թողեր, որ ահաւոր Պարսկաստանը իր ոտքերուն տակ ճզմէ թոյլ Հայաստանը: Այս նախապաշարումը մեծամեծ աղէտներ պատճառած է հայ ազգին, եւ այժմ ալ, Վարդանի օրով, կը կրկնուէր նոյն սխալը»: Թէ՛ Եղիշէն, թէ՛ Փարպեցին կը գրեն, որ Վարդանանք յոյս չունէին յաղթելու. «Անոնց կ’ոգեւորէր նահատակուելու ցանկութիւնը»: Սակայն Լէօն կը գրէ. «Եթէ լոկ նահատակուիլը ըլլար ընդհանուր ցանկութիւնը, այն ժամանակ կարիք ալ չէր մնար պատերազմի պատրաստուելու, զօրք ու բանակ կազմակերպելու համար»:
Ուժերու անհաւասարութիւնը չափազանց ակներեւ էր ի սկզբանէ: Ըստ «Մշակ»-ի՝ «անհաւասար կռիւին ինկաւ քաջ ու անձնուէր, առաքինի Վարդանը` իր նոյնքան քաջ ու անձնուէր ընկերակից իշխաններով. քանդուեցաւ, կործանուեցաւ երկիրը»:
Հայոց ապստամբներուն դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ Տիզբոնի մէջ. կը դատէր անձամբ Յազկերտը: «Կալանաւոր ապստամբ առաջնորդները գրեթէ անտարբեր իրենց սպասող պատիժին, վճռած էին վրէժխնդիր ըլլալ Սիւնեաց Իշխանէն» (Հրանդ Ք. Արմէն):
Կը մեղադրուէին 8 քահանայ եւ 31 նախարար:
Լէօ. «Յազկերտը հարց կու տայ մեղադրուող հայ նախարարներուն. «Ի՞նչ համարձակութեամբ, ի՞նչ պատրանքով կամ օգնականութեան ի՞նչ ուժ տեսնելով` դուք դիմեցիք այդ ահաւոր գործին, որուն մէջ կը տեսնէիք ձեր անձերուն եւ աշխարհին կորուստը, ինչպէս որ եղաւ իրօ՛ք, եւ դուք տեսաք»: Նախարարները շատ խղճուկ դիրք կը բռնեն»: Եւ այդ ժամանակ Արշաւիր Կամսարականը ցոյց կուտայ այն նամակները, որոնք ստորագրած էր Վասակը` կնքուած սեփական մատանիով եւ ուղղուած Վրաստանի, Աղուանքի եւ յունաց հայ իշխաններուն` պարսիկներու դէմ օգնութեան խնդրանքով: Հայ նախարարները ամբողջ մեղքը կը դնեն Վասակ Սիւնիի վրայ, կ’ըսէ, որ ա՛ն է ապստամբութեան արմատներուն, որ ա՛ն ետ դարձուց Վարդան Մամիկոնեանը փախուստէն, ա՛ն նամակ գրեց Թէոդոս կայսրին եւ այլն: Թէեւ այդ դատի ժամանակ բացատրութիւններ տուած է նաեւ Վասակ Սիւնին, սակայն «անոնց թշնամի պատմագիրները»`Եղիշէն եւ Փարպեցին, այդ բացատրութիւններէն որեւէ խօսք չեն փոխանցեր մեզ: Յազկերտի դատարանը մահուան կը դատապարտէ ապստամբները: Չեն խնայեր նաեւ Վասակին: Անկէ կը խլեն բոլոր պատուանշանները, մեծամեծ տուգանքներ կը դնեն վրան: Ըստ Եղիշէի՝ Վասակը այն վիճակի մէջ էր, որ անոր համար ծառաները հաց կը մուրային: «Այդպէս էլ Վասակը մնաց Պարսկաստանի մէջ, արքունի դռան առջեւ, մինչեւ որ մեռաւ 68 տարեկանին, ինչպէս կ’ենթադրուի, 455 թուականին (Լէօ, նոյն):
«Այդ դատապարտութիւնը ցոյց կու տայ, որ Վասակը ոչ ուրացող էր, ոչ մատնիչ եւ ոչ ալ հայրենիքի ու ազգի դաւաճան, հակառակ պաարգային ան պարսիկներէն պիտի վարձատրուէր, այլ ոչ այնքան անողորմ ու չարաչար կերպով պատժուէր:…շատ պարզ է, որ եթէ Վասակը դատապարտուած է իբրեւ անհաւատարիմ պարսից շահին, ապա անոր դժուար է դատապարտել իբրեւ անհաւատարիմ հայոց շահին («Մշակ», 1914, N 40):
«Ըստ Ղազարի՝ Վասակը միչեւ կեանքին վերջը մնաց քրիստոնեայ» (Ադոնց, նոյն):
1914 թուականին գրուած «Մշակ»-ի յօդուածը այսպէս կ’եզրափակուի. «Կը թուի, թէ մեզ՝ արդի հայերուս, շատ ալ դժուար պիտի չըլլայ հասկնալ այն ժամանակի հոգեբանութիւնը. Միթէ՞ մեր այսօրուան կուսակցութիւններն ալ մասամբ միեւնոյն եղանակով չեն պայքարիր իրար հետ՝ հակառակորդները դաւաճան, մատնիչ եւ նման խօսքերով որակելով»:
«Mediamax»
(2022)