Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԼԻՆՔԸՆ. «ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻՆ 90 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑՈՒԱԾ Է»

September 7, 2024
in Միջազգային
0
ՊԼԻՆՔԸՆ. «ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻՆ 90 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑՈՒԱԾ Է»

 

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնին ժողովրդավարներու թեկնածու Թիմ Ուալզ ահազանգեց, թէ պաղեստինցիները եւս իրաւունք ունին խաղաղ ապրելու սեփական պետութեան մէջ, ուստի կարելի չէ թոյլատրել, որ երկար շարունակուի Կազայի մէջ եղածը: Իսկ արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքըն յայտնեց, որ կարելի եղած է համաձայնիլ Կազայի մէջ զինադադար կնքելու համաձայնութեան 90 առ հարիւրին շուրջ, սակայն տակաւին առկայ են տարակարծութիւններ որոշ լուրջ թղթածրարներու շուրջ: «Կը շարունակենք խորհրդակցիլ մեր քաթարցի ու եգիպտացի գործընկերներուն հետ՝ առաջարկելով լուծումի յաւելեալ առաջարկներ», վստահեցուց Պլինքըն: Անոր համաձայն, եթէ զինադադար հաստատուի, ապա հնարաւոր կ’ըլլայ մինչեւ նախագահ Ճօ Պայտընի պաշտօնավարութեան աւարտը բնականոնացնել Իսրայէլ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց Ժընինի մէջ իրականացուած զինուորական լայնածաւալ գործողութեան եզրափակումը: Գործողութիւնը սկսած էր 28 Օգոստոսին՝ ներառելով նաեւ Թուլքարմ եւ Թումաս շրջանները, ուր տեղի ունեցան սպանութիւններ, խուզարկումներ եւ բախումներ: Իսրայէլեան ռատիոկայանին համաձայն, այս գործողութիւնը կը համարուի մեծագոյնը 2002-ի «Պահապան պարիսպ» խորագրեալ յարձակումէն ի վեր:

Պաղեստինեան «Ուաֆա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան կրակոցներէն սպաննուած է պաղեստինցիներուն զօրակցելու համար Այսրյորդանան եկած թրքական արմատներով ամերիկացի կին մը: Միջադէպը տեղի ունեցած է Նապլուսի հարաւային շրջանին մէջ: Բժշկական ծառայութիւններուն համաձայն, 26 տարեկան ամերիկացին կը մասնակցէր իսրայէլեան բնակավայրերու ընդարձակումէն բողոքող ցոյցի մը, երբ ենթարկուեցաւ իսրայէլեան կրակոցներու եւ ծանր վիճակի մէջ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, ուր մահացաւ:

Համաս մեկնաբանեց ամերիկացի կնոջ սպանութիւնը եւ Ուաշինկթընի վարչակազմին կոչ ուղղեց «վերատեսութեան ենթարկելու իր կողմնակալ քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքով ամերիկացի մը մահացաւ իսրայէլեան կրակոցներով»:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՈՒՆ. «ՀՊԱՐՏ ԵՄ ԲԱՆԱԿՈՎ»

Next Post

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱՐԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱՐԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.