Այցելութիւն այն բոլոր երկիրները ուր կային թեմեր եւ առաքելութիւններ
Հաւատացեալներուն հանդէպ իր հոգատար սիրոյն վկայութիւնները կը հանդիսանան բազմաթիւ նոր առաքելութիւններու ստեղծումը թէ՛ Միջին Արեւելքի եւ թէ՛ Արեւմուտքի մէջ, Բարձր Ճեզիրէ, Պարսկաստան, Ֆրանսա։ Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, Աղաճանեան հայրապետը կը շրջագայի Միջին Արեւելքի այն բոլոր երկիրները, ուր կային հայ կաթողիկէ թեմեր եւ առաքելութիւններ` Հալէպ, Բարձր Ճեզիրէ, Երուսաղէմ, Ամման, Պաղտատ, Եգիպտոս, Թեհրան, Դամասկոս, Քեսապ, Պոլիս, Յունաստան։ Ան մեծ պատիւներով կ՚ընդունուի այդ երկիրներու պետական ղեկավարներուն կողմէ։ Հաւատարիմ լուսարձակներէ հեռու գործելու վատիկանեան ոճին, ան լուռ ու մունջ կը նպաստէ արաբական նորանկախ պետութիւններուն միջազգային զօրակցութիւններ ապահովելու աշխատանքին եւ կարեւոր դեր կը խաղայ արաբական աշխարհին եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումի գործընթացին մէջ։
Կարտինալ նշանակումը
22 Օգոստոս 1945-ին, Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս-պատրիարքը կը մեկնի Հռոմ, ուր այցելելու առիթը չէր ունեցած ինը տարի (1937-1945) Բ. Աշխարհամարտին պատճառով։ Ան աւերակներու տակ կը գտնէ Իտալիան, ուր կը մնայ չորս ամիս եւ կ’այցելէ երկրին հայկական բոլոր հաստատութիւնները։ Լիբանան վերադառնալէ առաջ կը ներկայանայ Պիոս ԺԲ. Պապին՝ անկէ հրաժեշտ առնելու համար։ Պապը իրմէ կը խնդրէ յետաձգել իր վերադարձը, որ տեղի պիտի ունենար 1946-ի Յունուար 6-ին։
18 Փետրուար 1946-ի կարտինալներու դռնփակ ժողովին, Պիոս ԺԲ. կը նշանակէ 32 նոր կարտինալներ, որոնց շարքին առաջինը կ՚ըլլայ Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքը:
Աղաճանեանի կարտինալ նշանակումին արձագանգը շատ մեծ կ՚ըլլայ միջազգային մամուլին մէջ։ Մեծազդեցիկ թերթեր կը դրուատեն հայազգի կարտինալին բարեմասնութիւններն ու արժանիքները։ Համայն հայութիւնն ալ կը հպարտանայ Աղաճանեանով։
«Հայաստանի եւ իր ժողովուրդին հանդէպ Պետրոսի գահին հոգածութիւնն ու սէրը երբեք չէ դադրած»
Պիոս ԺԲ․ պապին գահակալութեան 7-րդ տարեդարձին առիթով, նորընտիր կարտինալին կը վերապահուի Հայրապետական Սբ. Պատարագ մատուցանել Սիքստեան մատրան մէջ։ Հայկական ծէսով մատուցուած Պատարագի ընթացքին՝ Պիոս ԺԲ. ներկաները կ՚օրհնէ երկու անգամ «Խաղաղութիւն ամենեցուն» հայերէն բառերով եւ այս առթիւ կը խօսի ճառ մը, ուր ի մէջ այլոց կ’ըսէ.- «Մեր ընտրած կարտինալներուն առաջինը կ’ըլլայ ձեր ժողովուրդին զաւակներէն մէկը․․․։ Մենք դիտում ունեցանք անշուշտ վարձատրելու գերազանց արժանիքները յոյժ արժանաւոր եւ ամենահաւատարիմ աւագ եկեղեցականի․․․։ Ուզեցինք միաժամանակ շեշտել հոգածութիւնն ու սէրը, որ Պետրոսի Գահը չէ դադրած երբեք տածելէ Հայաստանի եւ իր ժողովուրդին հանդէպ»։ Ան ապա կը դրուատէ Հայ ազգին քաջութիւնն ու հաւատքը՝ իր պայծառ ու ողբերգական պարագաներուն մէջ։
Աղաճանեան կարտինալը աննախընթաց դիմաւորութեան կ՚արժանանայ Լիբանան վերադարձին, 3 Մայիս 1946-ին։ Համայն հայութիւնը, առանց կուսակցական կամ յարանուանական խտրութեան, կը մասնակցի այդ դիմաւորութեան։
Պաշտօնական եւ ժողովրդային դիմաւորութիւն
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի աշակերտ էի։ Հազիւ իննը տարեկան։ Օրդ. Նուէրին մէկ կարճ բացատրութիւնը ուշադիր բայց առանց շատ բան հասկնալու լսելէ ետք արարողութեան մը մասին, որուն մասնակից պիտի ըլլայինք, անոր առաջնորդութեամբ եւ ամենայն կարգապահութեամբ ելանք դպրոցին յարակից մայր ճամբան, որ դրօշազարդուած էր եւ ուր մեզ կանխած էին ուրիշ մեծ ու փոքր դպրոցականներ ալ։ Շարուեցանք ճամբուն մէկ կողմը, ձեռքերնիս մէկական փոքր դրօշակներ, մէկը լիբանանեան եւ միւսը, շատ աւելի ուշ գիտցայ, որ Վատիկանի դրօշակն էր։ Դեղինով սպիտակ։ Օրդ. Նուէրը պատուիրեց, որ իր նշանին վրայ պիտի ճօճենք զանոնք այնպէս՝ ինչպէս ինքը ցոյց կու տար։ Օրդ. Նուէրին խօսքը պատգամ էր։
Փողոցին մէջ, մթնոլորտը տօնական էր, շրջանի խանութներուն տէրերը եւ բնակիչներն ալ միացած էին աշակերտութեան։ Շատ չանցած նախ լսեցինք ոստիկանութեան մոթոսիքլէթներու շռնդիւնը, ապա նշմարեցինք ճամբուն միւս ծայրէն մօտեցող ինքնաշարժներու երկար շքերթ մը, որ մօտենալով անցաւ մեր առջեւէն, մինչ մենք դրօշակները կը ճօճէինք այնպէս՝ ինչպէս ապսպրած էր ուսուցչուհին՝ ծափերու տարափի մը ներքեւ։ Առաջին ինքնաշարժներէն մէկուն մէջ, որուն մասին Օրդ. Նուէրը ըսաւ, թէ հանրապետութեան նախագահին ինքնաշարժն է, նշմարեցինք ակնոցաւոր «կարմիր զգեստով» ժպտադէմ մէկը, որ կ՚օրհնէր ծափահարող ժողովուրդը։ «Կարտինալն» էր, որուն մասին խօսած էր մեր օրիորդը։ Կը յիշեմ որ Պատրիարքարանի մուտքին ինքնաշարժը կանգ առաւ եւ անկէ դուրս եկաւ կարմիր զգեստով հոգեւորական մը եւ գնաց խոնարհելու Նահատակաց յուշարձանին առջեւ։ Այդ արարողութենէն աւելի բան չեմ յիշեր այսօր։ Սակայն հեռուէն նկատածս այս արարքը անջնջելի մնաց յիշողութեանս մէջ։ Երբ կէսօրին տուն վերադարձանք եւ եղելութիւնը պատմեցի մօրս, «այդ մարդը սուրբ է, կարտինալ է: Կարտինալները կարմիր կը հագնին» ըսաւ մայրս, յանձնարարելով որ երկիւղածութեամբ մօտենամ անոր, համբուրեմ ձեռքը ամէն անգամ որ պատրիարքարան կանչուիմ՝ անոր պատարագին մոմակիր ըլլալու համար եւ չփորձեմ մանաւանդ պատարագէն փախուստ տալ շրջաբակին մէջ խաղալու համար։
Չէի կրնար չհնազանդիլ մօրս պատուէրին։ Սակաւախօս հայրս ալ ըսաւ՝ երբ որ մեծնաս կը հասկնաս։ Այդ օրէն սկսեալ մօրս բերնէն յաճախ կը լսէի «այդ մարդը սուրբ է։ Քէմբի աղքատներուն կ’օգնէ եւ շատ կը սիրէ մանուկները» յանկերգը, առանց շատ բան հասկնալու «սուրբ մարդ», «կարտինալ» եւ «պատրիարք» որակումներէն։ Մեզի բացատրած էին, թէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետն է։ Կը զգայի միայն, թէ «մեծ մարդ» մըն է։ Բայց չէի հասկնար որ ինչպէ՛ս «պետ» մը եւ «մեծ մարդ մը» ցեխոտ քէմբի գաղթական ժողովուրդին տեսութեան երթալու չափ համեստ ու խոնարհ կրնայ ըլլալ։ Շատ աւելի ուշ եւ հօրս «դասախօսութեան» համազօր բացատրութիւններուն շնորհիւ հասկցայ մօրս խօսքերուն իմաստը։
Այսօր, եօթը տասնեակ տարիներ ետք կը զգամ այդ այնքան համակրելի ժպտադէմ «մեծ մարդուն», Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետին աջը համբուրելու եւ պատարագին սպասարկելու բախտաւորութեան ուրախութիւնը։
Չէի գիտեր թէ ի՞նչ կը նշանակէ ծառայ Աստուծոյ
Մանկութեանս տարիներուն չէի գիտեր թէ ինչպէս սուրբ կ’ըլլան մարդիկ: Հետագային, սրբութեան բացատրութիւնը գտայ այն սիրոյն, բարութեան, ողորմածութեան, խոնարհութեան եւ ծառայութեան մէջ, որ Կարտինալը կը ցուցաբերէր տառապահար մարդոց, զրկեալներուն, չքաւորներուն եւ որբերուն։ Հետագային հասկցայ թէ Սէրը, Բարեսիրութիւնը, Ողորմածութիւնը, Ծառայութիւնը, Մարդասիրութիւնը, Արդարասիրութիւնը, Ճշմարտախնդրութիւնը արժանիքներ են, որոնք հոգեւորականը կը դարձնեն իսկական ԾԱՌԱՅ ԱՍՏՈՒԾՈՅ եւ որոնց վկան պէտք է եղած ըլլալ, որովհետեւ անոնք տարեթիւերու մէջ սահմանափակուած չըլլալով` կենսագրութեան մէջ չեն յիշատակուիր, բայց անոր էութիւնը կը կազմեն։
Ինչքա՜ն մեծ եղաւ ակնածալի հիացումս հանդէպ հոգեւորականի մը, որուն առջեւ խոնարհելու եւ աջը համբուրելու ուրախութիւնը ապրելու առիթներ ունեցած էի վաղ մանկութենէս մինչեւ պատանեկութեանս տարիները, երբ արդէն կը սպասարկէի անոր մատուցած պատարագներուն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Աւետումն Սուրբ Կուսին» մատրան մէջ, ապա կը մասնակցէի Պատրիարքութեան հովանաւորութիւնը վայելող Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութեան (ՀԿԵՄ) ձեռնարկներուն, որոնց ներկայ կ’ըլլար Հովուապետը, իբրեւ հոգեւոր վարիչը Միութեան եւ իր ժպտադէմ յորդորներով կ՚առինքնէր պատանիներս։
Հետագային անոր սրբակեաց կեանքին ու Աստուածանուէր գործին ծանօթանալով` անդրադարձայ թէ ինչպիսի մեծութեան մը մօտիկ եղած եմ։ Այս զգացումս պատահական չեղաւ։ Այլ ծնաւ Կարտինալ Աղաճանեանի կեանքին ու աշխարհատարած առաքելութեան իմացութենէս: Կեանք մը եւ առաքելութիւն մը` որ ապրելու եւ հետապնդելու համար՝ Մայրիներու եւ Հայ Կաթողիկէ թեմերը ընդգրկող երկիրներուն սահմանները նեղ եկան։ Ան տիեզերքը դարձուց սահման իր քրիստոնեաճաճանչ աշխատանքին ու տոհմային արմատներու յայտնութեան, որոնցմէ բխած բարեխոհ արժանիքները, հոգիի ու մտքի լոյսը ողողեցին համայն քրիստոնեայ աշխարհը եւ անոր շրջապատը։
Սարգիս Նաճարեանի «Երանացման ճանապարհին» գիրքէն
(Շարունակելի 2)