Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՐԶԱՆՔ ԸՐԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

September 7, 2024
in Այլազան
0
ՄԱՐԶԱՆՔ ԸՐԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Երբ մկանները ունին իրենց առաձգականութիւնը, մարմինը եւ շարժուձեւերը` աւելի շնորհալի, արագ եւ ճկուն կ’ըլլան: Յաճախ պատահած է որ անձ մը հեռուէն դիտուած իր տարիքէն աւելի երիտասարդի երեւոյթ ունենայ, ու ասիկա պարզապէս իր կայտառ, ճկուն եւ ինքնավստահ քալուածքին կամ շարժումներուն պատճառով։

Մարզանքի լաւագոյն պահը կարելի է նկատել առաւօտը, երբ տակաւին օրուայ գործերուն չէ սկսուած: Անկողiնէն հազիւ դուրս ելած առաջին մտածումը պէտք է ըլլայ բաց պատուհանի առջեւ կենալ եւ 3–5 անգամ շնչառութեան փորձեր կատարել։ Այս փորձէն ետք կարելի է քիչ մը ցատկել եւ տեղքայլ «վազել», որպէսզի մարմինը տաքնայ եւ շարժման մէջ ըլլայ։ Ասկէ ետք, սկսիլ գլխի փորձերուն եւ զանոնք շարունակել` հետեւելով գրքի բացատրութիւններուն։ Իսկ եթէ որեւէ պատճառով առաւօտուն անկարելի ըլլայ 10 վայրկեան մարզանքի տրամադրել, կարելի է ուրիշ յարմար մէկ ժամուն յետաձգել, պայմանաւ որ ճաշէն անմիջապէս ետքը չըլլայ։

 

Գլխու եւ վիզի մարզանքներ

  • Գլուխը միշտ հակամէտ է դէպի առջեւ ծռելու։
  • Պէտք է հակառակ ուղղութեամբ մարզանքներ կատարել:

Մարզանք թիւ 1.- (նկար 1)

ա) Դարձնել գլուխը դէպի աջ մինչեւ որ դանդաղօրէն կզակը եւ ուսերը ուղիղ գծի վրայ ըլլան, յետոյ ետ դարձնել, դէմքին տալով շիտակ դիրքը։

բ) Վերի փորձը նոյն ձեւով կատարել դէպի ձախ։ Ուշադրութիւն ընել որ ուսերը ուղիղ ըլլան, սակայն առանց պրկումի։

 

Մարզանք թիւ 2.- (նկար 2)

ա) Գլուխը եւ ուսերը ուղիղ գիծի վրայ պահելով, աջ ձեռքին թեթեւակի ճնշումով փորձել գլուխը թեքել դէպի աջ ուսը:

բ) Վերի փորձը նոյն ձեւով կատարել դէպի ձախ։

 

Մարզանք թիւ 3.- (նկար 3)

ե) Վերցնել կզակը եւ ձգել որ գլուխը թուլօրէն իյնայ դէպի ետեւ: Այս դիրքի մէջ բերանը քանի մը անգամ բանալ եւ գոցել:

 

Պէտք է հոգ տանիլ գլխուն եւ վիզին շարժումներուն. օրուան որեւէ ժամուն, որ առիթ կայ, պէտք է կատարել այս փորձերը, որոնք արգելք կ’ըլլան վիզի կնճիռներուն եւ կզակի երկրորդ ծալքի կազմութեան, նոյն ատեն օգտակար ըլլալով մկաններուն եւ ջիղերուն, անոնց պրկումը թուլցնելով եւ հանդարտեցնելով: Առօրեայ զբաղումները յաճախ բոլորն ալ աչքերու գիծէն վար ըլլալուն, գլուխը միշտ հակամէտ է դէպի առջեւ ծռելու։ Ուրեմն անհրաժեշտ է հակառակ ուղղութեամբ մարզանքներ կատարել:

 

Արշօ Թիւթիւնճեանի «Կնոջ բարեձեւութիւնը 10 վայրկեան մարզանքով» գրքոյկէն:

Share62Tweet39
Previous Post

ԿԱՆԱՉ ԾԱՂԿԱԿԱՂԱՄԲՈՎ ԵՒ ԱՎՈՔԱՏՈՅՈՎ ԱՂՑԱՆ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՍՈՒՐԲԸ

Next Post
ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՍՈՒՐԲԸ

ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՍՈՒՐԲԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.