Երբ կ՛ուզենք բաղդատել պատանիները կամ երիտասարդները իրար հետ, կը նկատենք, որ մէկը միւսէն աւելի ինքնավստահ, կամքով զօրաւոր, արթուն, վստահելի եւ ճարպիկ է։
Երբ անձ մը ինքզինք լաւ կը ճանչնայ՝ իր վրայ կ’աշխատի, ինքզինք կը սրբագրէ, ապագայի ծրագրերը կ’ուզէ իրականացնել եւ լաւ ու յաջող մարդոց հետ ընկերութիւն կ’ընէ։
Մարդիկ կ’ըլլան, որ կը սիրեն խրատներ ու խորհուրդներ տալ, նոյնիսկ եթէ անձին լաւ ալ չեն ճանչար՝ կը փորձեն անոր օգնել, իրենց կեանքի փորձառութենէն ելլելով։
Յաջողութիւններու հասնիլը դիւրին չէ, պայքար եւ հետապնդում կը պահանջէ, սակայն երբ նպատակիդ կը հասնիս՝ կ’երջանկանաս։
Յաճախ առաջին խորհուրդն է` ներշնչէ ինքդ քեզ, որ դուն զօրաւոր ես։ Սակայն պէտք է հասկնալ, որ ինքնաներշնչումը լաւագոյն եւ ճիշդ ձեւը չէ…
Ի՞նչ է ինքնավստահութիւնը:
Սեփական ուժերու եւ կարողութիւններու մէջ համոզուած պէտք է ըլլալ, նաեւ հանգիստ ու ոչ լարուած, վստահ հաւատալ, որ կրնայ լուծել որեւէ խնդիր:
Ինքնավստահութիւնը թոյլ կու տայ դուրս գալ հանգիստի շրջանէն եւ շարժիլ դէպի յաջողութիւն:
Քանի մը կարեւոր քայլ դէպի ինքնավստահութիւն.
● Հետեւէ տեսքիդ եւ առողջութեանդ:
● Ճիշդ սնուիր, բաւարար քնացիր ու մարզուիր. այդ կը դառնայ քու առօրեայիդ
անբաժանելի մասը:
● Իմացիր արդիւնաւէտ շփման գաղտնիքներ:
● Նախապէս պատրաստուիր, սորվիր շփման եւ արդիւնաւէտ զրոյցի վարման
կանոններ:
- Նախապէս ծանօթացիր նիւթին, զրոյցի ժամանակ ցոյց տուր հետաքրքրութիւն: Ձայնդ ճիշդ օգտագործէ։
- Մի´ համեմատուիր ուրիշներու հետ, որովհետեւ ամէն ոք ունի տարբեր անհատականութիւն։ Հաւատա՛ ուժերուդ եւ կուրօրէն մի՛ հետեւիր ուրիշներու գաղափարներուն։ Մի՛ սպասեր ուրիշներուն գովաբանութիւնը։ Գործէ՛ քու սեփական շահերէդ ելլելով:
● Բարեկամացիր լաւ, ուրախ եւ ուժեղ մարդոց հետ:
● Վերջ տուր ինքդ քեզ քննադատելուն։ Յիշէ, որ ձախողումը կ’օգնէ քեզի յաջորդ
անգամ չվախնալու եւ վստահաբար գործելու` հաշուի առնելով նախկին փորձը:
● Օգտակար է ունենալ օրագիր մը եւ արձանագրել քու կեանքիդ մէջ պատահած լաւ իրադարձութիւններն ու յաղթանակները։
● Մի´ կենդրոնանար խնդիրներու վրայ:
● Փորձէ՛ աւելի թեթեւ վերաբերուիլ հարցերուն:
- Միշտ լաւատես եղի՛ր։
Դուն երիտասարդ ես, ուրեմն ամէն ինչ քու առջեւդ է: Դուն ունիս շատ մեծ հնարաւորութիւններ յաջողելու: Հպարտացիր քու փոքր յաջողութիւններով։ Դիր նպատակներ, թեկուզ պարզ եւ փոքր, փորձէ անոնց հասնիլ եւ կը գտնես քու սեփական ճանապարհը:
ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ-ԱՍՄԻՆԵԱՆ