Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

100-ԱՄԵԱԿ ԶԱՀՐԱՏԻ ԵՒ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԻ

September 6, 2024
in Յօդուածներ
0
100-ԱՄԵԱԿ ԶԱՀՐԱՏԻ ԵՒ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԻ

 

Հայ գրականութեան եւ մա՛նաւանդ հայ բանաստեղծութեան սիրահարներուն համար ցնծութեան առիթներ կրնան ըլլալ Զահրատի ու Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակները, որոնք կը համընկնին ներկայ 2024 տարուան։ Դարադարձը անփոխարինելի առիթ մըն է վերաշահելու անցեալը, ներշնչուելու անկէ, գրական ապրումներ արթնցնելու մեր հոգիներուն մէջ…։

Պարոյր Սեւակի անունը յաճախ կը յեղյեղուի։ «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» կրկնել կու տանք մեր դպրոցականներուն, ապրիլեան ձեռնարկներու ընթացքին մէկը անպայման հատուած մը կ’արտասանէ Պարոյրին «Անլռելի զանգակատուն»֊էն, ուրիշ մը` հէք բանաստեղծին դիմանկարը կը զետեղէ դիմատետրի իր էջին վրայ ու իմաստալից քաղուածքներ կը դնէ անոր տակ…։ Սա կամ նա ձեւով` Պարոյր Սեւակ…դեռ կ’ապրի մեր մտածումներուն մէջ։ Բարեբախտաբար։

Մտահան պէտք չէ ընել, որ Պարոյր բացառիկ տեղ մը ունեցաւ,- նուաճե՛ց,- մեր ժամանակակից բանաստեղծութեան մէջ։ Եղերաբախտ Չարենցէն ետք զինք կրնանք նկատել երկրորդ մեծագոյն քերթողը խորհրդահայ գրականութեան։ Խորհող ու փիլիսոփայող բանաստեղծն էր ան, որուն քերթուածները ուշադրութիւն կը գրաւէին նաեւ իրենց լեզուական ճոխութեամբ, հայոց լեզուի բառագանձին առաւելագոյն օգտագործումով, բանաստեղծական արտասովոր գիւտերով ու թռիչքներով։ Հազուագիւտ տաղանդ մըն էր ան, որ 50-ական թուականներու վերջերէն մինչեւ իր խորհրդաւոր մահը («աւտովթար»…) մագլցեցաւ բարձունքէ-բարձունք, ի վերջոյ իյնալու համար զարնուած արծիւի մը նման…։ Ծնած էր 1924-ին, Արարատի մարզի Չանախչի գիւղը ու երբ մեռաւ` տակաւին հազիւ 47 տարեկան էր…։

Բոլորովին այլ խմորի արգասիք էր Զահրատ` իսթանպուլահայ երեւելի բանաստեղծը։ Ան եւս ծնած էր 1924-ին։ Դպրոցական ուսմամբ` մխիթարեանական մըն էր, գրեթէ սերնդակից Զարեհ Խրախունիի, Ռ. Հատտէճեանի, Վարդ Շիկահերի եւ քանի մը այլ գրողներու, որոնց երամին հետ միասին ճախրեց Մարմարայի կապոյտ երկնքին տակ ու գլխաւոր դէմքերէն մին հանդիսացաւ 1960-էն մինչեւ 2000-ական թուականները երկարող յիսնամեակի պոլսահայ գրականութեան։

Դիւրին չեղաւ Զահրատի ընտրած ուղին, որ բանաստեղծութեան յեղաշրջումն էր։ «Մեծ քաղաքը»-ը քերթողագիրքը տակնուվրայ ըրաւ շատ-շատերու բանաստեղծական ըմբռնումները, գրելաձեւի այլընտրանքներ դրաւ սեղանի վրայ։ «Շոգեկառքը տի՜ւթ կ’ընէ կ’երթայ…» Գրեց Զահրատ` գայթակղեցնելով աւանդապահները։ Բայց ընթերցող խաւը քիչ-քիչ ընտելացաւ զահրատեան նոր ոճին (ուրկէ ընդմիշտ վտարուած էին կէտադրական նշաններն ու յանգերը) եւ սիրել սկսաւ զայն։ Կարելի՞ էր չսիրել Զահրատի բառախաղերը, սրամտութիւնները, այլաբանական պատկերները, առօրեայ երեւոյթներու իմաստուն եւ հրահանգիչ մեկնաբանութիւնները, խիտ ու սեղմ տողերը, քանի մը բառով շա՜տ բան ըսելու թեքնիքը…։

Զահրատի մահով, 2007-ին, էջ մը փակուեցաւ իսթանպուլահայ գրականութեան մէջ։ Վարագոյր մը իջաւ Պոլսոյ գրական երկնակամարին վրայ, մանաւանդ որ յաջորդող տարիներուն շարունակուեցաւ տերեւաթափը ու մէկը միւսին ետեւէն այս աշխարհին հրաժեշտ տուին. Զարեհ Խրախունին, թատերագիր Արման Վարդանեանը, արձակագիր Երուանդ Կոպէլեանը, տոքթ. Շիկահերը, Արամ Գամպուրեանը եւ այլք…։

Հրապարակը ամայացած է հիմա։

Ո՞վ, իսկապէս ո՞վ պիտի փոխարինէ երէկուան մեծերը, ո՞վ պիտի լեցնէ անոնց թողած սարսափելի պարապութիւնը…

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՆՁՆԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ Է

Next Post

Նշմար 7 ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԲԱՆԱԿԸ ԴԷՄ ԴԻՄԱՑ

Next Post

Նշմար 7 ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԲԱՆԱԿԸ ԴԷՄ ԴԻՄԱՑ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.