Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆՁՆԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ Է

September 6, 2024
in Այլազան
0
ԱՆՁՆԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ  ԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ Է

 

 

Առական քանի մը անուններ.

ԱԶՆԱՒՈՒՐ – Կազմուած է հայերէն «ազն» արմատէն, որ կը նշանակէ «երեւելի մարդ»,             «հսկայ», «դիւցազն»։ Մեզմէ անցած է վրացիներուն՝ Ազնաուրի ձեւով։ Շատ կը       հանդիպինք Ազնաւուրեան մականունին, սակայն իբրեւ անձնանուն գրեթէ      չի գործածուիր:

 

ԱԼՊէՐ – «Gothic» (հին գերմաներէն) «Albrecht»-ն է, որ կը նշանակէ «ազնուափայլ»: Այս            անունը Albert ձեւով այժմ տարածուած է ինչպէս Եւրոպայի, այնպէս ալ հայերուս           մօտ:

 

ԱԼԵՔՍԱՆ – Ալեքսանտր (յունարէն «Alexandros») անունին կրճատ ձեւն է, որ կը            գործածուի իբրեւ ինքնուրոյն անձնանուն: Կազմուած է alexeo եւ andros բառերէն, կը           նշանակէ «մարդիկ պաշտպանող»: Հայերէնի մէջ այս անուան կը հանդիպինք            հետեւեալ ձեւերով՝ Ալեքսան, Ալեք, իսկ Հայաստանի մէջ նոյնիսկ Սաշա       (ռուսական) ձեւերով:

Տարածուած է նաեւ Ալեքսանեան մականունը:

 

ԱՂԱՍԻ – Թրքական «agasi»-ն է, որ կը նշանակէ «տէր», «տիրակալ իշխան»:        Գործածական է նաեւ արեւելեան շատ մը ժողովուրդներու մէջ։ Հայերու մօտ      սկսած է տարածուիլ 17-րդ դարէն, պարսկական տիրապետութեան ժամանակ:          Այստեղէն ալ՝ Աղասեան մականունը:

 

ԱՐՍԷՆ – Յունարէն «arsen» բառն է, որ կը նշանակէ «առնական», «ամրակուռ»:

Այժմ գործածական անուն է: Ունինք նաեւ Արսէնեան մականունը:

 

ԱՐՏԱԿ – Պահլաւոնեան «artak» «սրընթաց» բառէն: Հին ժամանակ գործածական անուն            եղած է: Այժմ նոյնպէս, շատ տարածուած է:

 

ԱՐՏԵՄ (Արտիոմ) – Յունարէն «artemes» բառն է, որ կը նշանակէ «ամրակազմ», «ջլապինդ»:

 

 

Իգական քանի մը անուններ.

 

ԱԼԻՆԱ – Ռուսական «alevtina» անուան փաղաքշական ձեւերէն մէկն է։ Ունի յունական ծագում՝ «aleuo» բառէն, որ կը նշանակէ «անմատչելի», «անմերձենալի», «անորսալի»: Այժմ գործածական անուն է:

 

ԱԼԻՍԱ – Ծագումով ռուսական, Ֆրանսերէնի «alice» անունն է, որ տարածուած է նաեւ հայերուս մօտ: Կը նշանակէ «ազնուական»: Գործածական է նաեւ Ալիս ձեւով։ Ասոր փաղաքշականն է՝ Ալլա։

 

ԱԼՎԻՆԱ – Ռուսերէն «alvina» անունէն, որ կը նշանակէ «շիկահեր», «սպիտակադէմ»: Ծագած է լատինական «albus» բառէն, որ կը նշանակէ «սպիտակ»:

 

ԱՇԽէՆ – Պահլաւոնեան «akhsen», «գորշ» բառէն (իսկ զենդտերէն՝ «akhšaena» «թուխ»): Մեր հնագոյն անուններէն է։ Մովսէս Խորենացին կը յիշատակէ Աշխէն կոյսը, որ Աշխադարի դուստրն էր: Շատ հաւանական է, որ այս անունը կազմուած ըլլայ յիշեալ Աշխադար անուան մէկ մասէն (Աշխ) եւ պարսկական փաղաքշական «en» ածանցէն (Աշխէն):

 

ԱՐԱՔՍԻ – Հայաստանի մայր գետի՝ Երասխի եւրոպական «arax» ձեւին սեռական հոլովն է, որ կը նշանակէ «Արաքսի դուստր»: Բաւական տարածուած անուն է: Կը հանդիպի նաեւ Արաքսիա:

 

ԱՐՄԻՆէ – Արմէն անուան իգական ձեւն է, որ բաւական տարածուած է: Կազմուած է այժմ շատ գործածական «ինէ» վերջնամասնիկով (ինչպէս՝ Կարինէ, Զարմինէ):

Share62Tweet39
Previous Post

  Ջերմ Զրոյց   ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ՎԱՍՆ ԱԶԱՏ «ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ»

Next Post

100-ԱՄԵԱԿ ԶԱՀՐԱՏԻ ԵՒ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԻ

Next Post
100-ԱՄԵԱԿ ԶԱՀՐԱՏԻ ԵՒ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԻ

100-ԱՄԵԱԿ ԶԱՀՐԱՏԻ ԵՒ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.