Բարունակ.- Սամուէլ, քովդ ի՞նչ նորութիւն կայ:
Սամուէլ.- Բարօ, անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ մէջ շատ հետաքրքրական դէպքի մը ականատես եղայ, որուն քաղաքական իմաստին կ’ուզեմ անդրադառնալ:
30 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան ազգային ռազմական ակադեմիայի շրջանաւարտ մօտ 960 լեյթենանթներու վկայականներու բաշխման եւ դրօշի յանձնման արարողութիւնը, որուն անձամբ ներկայ էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողանը: Արարողութեան աւարտէն յետոյ, նորընծայ սպաներուն կէսէն աւելին, կին սպայի մը գլխաւորութեամբ, անջատուելով ընդհանուր խումբէն, իրենց սուրերը վեր բարձրացուցած սկսան վանկարկել «Աթաթուրքին զինուորներն ենք» կարգախօսը:
Ընթացակարգէն դուրս տեղի ունեցած այս արտառոց դէպքին մասին բանավէճը դեռ կը շարունակուի փորձագէտներու շրջանակներէն ներս: Ուշադրութիւն հրաւիրելով կարգապահութեան բացակայութեան վրայ, զինուորական եւ իրաւական փորձագէտներ նշեցին, որ այս գործողութիւնը կազմակերպուած եւ ուղղուած էր իրենց վկայականները յանձնող նախագահին եւ անոր ղեկավարած կրօնամէտ՝ Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան (AKP) դէմ:
Ըստ անվտանգութեան եւ ռազմավարական հարցերու մասնագէտ, թոշակի անցած գնդապետ Իպրահիմ Քելեշի, աւարտական արարողութեան ժամանակ ոչ կանոնակարգային «սուրի երդումը» անկարգապահութիւն է, մատնանշելով նաեւ, որ արձակուած կարգախօսները կուսակցութեան մը կարգախօսներն են։
Իմ կարծիքովս, Քելեշի ակնարկած կուսակցութիւնը Քեմալական ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնն (CHP) է, որ այս տարուայ Մարտին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն մեծ յաղթանակ տարաւ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին:
Զինուորականներու այս ցուցադրական «մարտահրաւէրի» երեւոյթը Էրտողանի կուսակցութեան տկարացումի նշան է: Իսկ կին սպային ներկայութիւնը, շրջապատուած իր ընկերներով եւ անոր բացայայտ առաջնորդի դեր առնելը, պատասխան է Էրտողանի կուսակցութեան՝ կանանց հանդէպ խտրականութեան քաղաքականութեան:
Իսկ ընդհանուր պատկերին մէջ, Թուրքիա զինուորական յեղաշրջումներու պատմութեան մեծ հռչակ ունի: Ճիշդ է, որ բանակը օրէնքով ապաքաղաքականացուած է եւ զինուորականներուն չի թոյլատրուիր քաղաքականութեամբ զբաղիլ, բայց պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ 1923 թուականին Թուրքիոյ ժամանակակից պետութեան հիմնադրումէն ի վեր, Թուրքիոյ զինուած ուժերը կազմակերպած են երեք ռազմական յեղաշրջում (1960, 1971 եւ 1980 թուականներուն) եւ տարբեր միջամտութիւններ ըրած են երկրի քաղաքական կեանքին մէջ: Ասոնցմէ յատկանշական է 28 Փետրուար 1997-ին բանակին հրապարակած յուշագիրը եւ անոր յաջորդած գործողութիւնները, օրինակ՝ կրօնական հաստատութիւններու, իմամներու եւ քարոզիչներու դպրոցներու փակումը եւ համալսարաններուն մէջ հիճապի արգելումը։
Նշմարեց՝
ՍԱՄՈՒԷԼ ՂԱԶԱՐԵԱՆ