Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  Ջերմ Զրոյց   ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ՎԱՍՆ ԱԶԱՏ «ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ»

September 6, 2024
in Յօդուածներ
0
   Ջերմ Զրոյց     ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ՎԱՍՆ ԱԶԱՏ «ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ»

 

Ատրպէյճանի մէջ Սեպտեմբեր 1-ին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք խորհրդարան հասցուցին մարդիկ, որոնք մեծաւ մասամբ դաշնակից են նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր գերդաստանական իշխանութեան։

Իշխանութեան փափաքին համաձայն յարմարցուած ու նախապէս պատրաստուած այս ընտրութիւնները երկրին վեց միլիոնէ աւելի ընտրողներուն սահմանափակ ազատութիւն նոյնիսկ չտուին, որպէսզի Ալիեւի 5-րդ գահակալութեան շրջանի այս ընտրութիւններուն արդիւնքը հոսի վատահամբաւ նախագահի շահերու գանձանակին մէջ։

Ալիեւի իշխանութեան խարիսխը տասնամեակներէ ի վեր կազմուած է նախապէս մտածուած խարդախ կարգադրութիւններէ, քարիւղի եկամուտով հայթայթուած կաշառքներէ եւ վերջերս Արցախի անկումով անոր շահած անարդար համբաւով։ Մինչդեռ Արցախի անկումը մղած էր միջազգային եւ տեղական դէտերը կռահելու, թէ այլեւս Ալիեւ Ատրպէյճանի մէջ կը յարգէ ժողովուրդն ու ժողովրդավարութիւնը եւ անխարդախ ընտրութիւններու կ՛առաջնորդէ երկիրը։

Ալիեւ ընտրական դաշտը գրաւելով, որեւէ իսկական այլընտրանք մը չձգեց քուէարկողին համար։ Ան սայթաքեցաւ Եւրոպական միութեան աչքին առջեւ, սակայն անոր փոյթը չշարժեցաւ, որովհետեւ քարիւղի արծաթին ու ոսկիին սիրոյն, գիշեր ցերեկ «ժողովրդավարութիւն» եւ «ազատութիւն» պոռպռացող Արեւմուտքի ղեկավարները հերթով ու քծնանքով ջերմօրէն շնորհաւորեցին զայն, երբ անցեալ Փետրուարին երկարաձգեց իր նախագահական շրջանը, կեղծ ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք։ Այժմ, նոյնպէս, վերոյիշեալ ղեկավարները կը կրկնեն իրենց կատարած կապիկութիւնը, ջերմօրէն շնորհաւորելով զայն՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանը իր գրպանը դնելուն համար։ Այս բոլորին մէջ, սակայն, Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինը Ալիեւը քաջալերու արարքին մէջ բոլոր միւս ղեվարները գերազանցեց (Համացանցային Կայքէջ․-https://www.rferl.org/a/azerbaijan-elections-aliyev-democracy)։

Այսպիսով Իլհամ Ալիեւ ապահոված կ՛ըլլայ ամբողջ սերունդ մը՝ կազմուած զաւակներով այն տարէց պնակալէզներուն, որոնք իր շուրջը կը դառնան եւ ի նպաստ իրեն օրէնսդրութիւն կը կատարեն, փոխան նիւթական վարձատրութեան։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՄՆ Կ’ԱՒԵԼՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒՈՂ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐԸ

Next Post

ԱՆՁՆԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ Է

Next Post
ԱՆՁՆԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ  ԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ Է

ԱՆՁՆԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՆՈՒՆԴ Ի՞ՆՉ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.