Ռուսիան երբեք չէ հրաժարած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացին մէջ «ազնիւ միջնորդի» իր դերէն, ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:
Անոր խօսքով՝ անոր վառ ապացոյցն են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին հանդիպումները գործընկերներու հետ, մասնաւորապէս անոր պետական այցը Ատրպէյճան եւ անկէ ետք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, որոնց ընթացքին քննարկուած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցերը:
Ան աւելցուց, որ Մոսկուայի երկու դաշնակիցներու միջեւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը Ռուսիան կը նկատէ անբաժանելի անվտանգութեան եւ կայուն ընկերային-տնտեսական զարգացման ճարտարապետութեան կառուցման անփոխարինելի նախապայման։