Պէյրութի դատախազ դատաւոր Պիլալ Հալաուէն ստացաւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէի թղթածրարը եւ սկսաւ ուսումնասիրել զայն՝ նախապատրաստուելով յառաջիկայ շաբաթ անոր հարցաքննութեան նիստին:
Նշենք, որ ելեւմտական հարցերու դատախազ Ալի Իպրահիմ զայն ամբաստանեց պետական գումարներու իւրացման, զեղծարարութեան եւ ապօրինի հարստացման յանցանքով:
Նախքան այդ, ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ժամալ Հաժժար աւարտեց Սալամէի հարցին վերաբերեալ իր նախնական հետաքննութիւնը եւ զայն յանձնեց ելեւմտական հարցերու դատախազութեան:
Լեռնալիբանանի Վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն, մեկնաբանելով ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ժամալ Հաժժարի յայտարարութիւնը, նշեց, որ ինք չի կրնար հետաքննել Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէի թղթածրարը, որովհետեւ հարցը կը վերաբերի փաստերու, որոնց ան չէ վերահսկած: Ան յայտնեց, որ այն պարագային, երբ Հաժժարի հասած տեղեկութիւնները ճիշդ են, կը փափաքի իրեն յիշեցնել, որ 111 միլիոն տոլարի թղթածրարը նշուած է «Ալվարեզ եւ Մարսալ» ընկերութեան տեղեկանքին մէջ, որուն հիման վրայ ան ձերբակալուած: Թղթածրար մը, որ բաց է իրեն համար արդեն վեց ամիսէ ի վեր, եւ ան փոխանցած է դրամատուներու շահագրգիռ կողմերու ներկայացուցիչներուն, ըսաւ դատախազ Աուն։
Ղատա Աուն ընդգծեց նաեւ, որ եթէ այն ինչ որ կը կատարուի պարզ փորձ է այս թղթածրարը իր վերահսկողութենէն հանելու, ապա անիկա իսկապէս ցաւալի է, եւ ան իրաւունք չունի այդպէս ընելու, որովհետեւ օրէնքը թոյլ չի տար Վերադատ ատեանին մօտ բացուած թղթածրարը դարձեալ հետաքննելու, անիկա պէտք է փոխանցուի այլ Վերադատ ատեանի: