Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՄԱՔՍԱՒՈՐԸ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀԸ ՊԻՏԻ ՀՍԿԵՆ ՍIՒՆԻՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

September 5, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅ ՄԱՔՍԱՒՈՐԸ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀԸ ՊԻՏԻ ՀՍԿԵՆ ՍIՒՆԻՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը չէ բացառած, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւոր ճանապարհային հաղորդակցութիւններու անվտանգութեան ապահովումը կրնայ պատուիրակուիլ անվտանգութեան մասնաւոր գործակալութիւններու։

Մնացական Սաֆարեանը այդ մասին ըսած է Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ անդրադառնալով թեմային վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ օրերս հնչեցուած յայտարարութեան։

Մնացական Սաֆարեան ընդգծաղ է՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ հաղորդակցութիւններու անվտանգութեան ապահովումը անվտանգութեան մասնաւոր գործակալութիւններուն պատուիրակելը հնարաւոր է։ «Այո՛, ըսած է, որ հնարաւոր է։ Եթէ յաւելեալ տեղեկատուութիւն ըլլայ, կը տեղեկացնենք։ Խօսուած է միայն անոր հնարաւորութեան մասին»,- նշած է արտաքին գործերու փոխնախարարը՝ յաւելելով, որ նման պարագային մասնաւոր անվտանգութեան ընկերութիւնը պէտք է պաշտպանէ նաեւ հաղորդակցութիւններու այն հատուածը, որ պիտի անցնի Ատրպէյճանի տարածքով։

Անդրադառնալով հարցին, թէ հաղորդակցութիւններու պաշտպանութեան իրաւունքը մասնաւոր ընկերութեան տալը չի՞ խախտեր երկրի ինքնիշխանութեան սկզբունքը՝ փոխնախարարը պատասխանած է․ «Ոչ, ի հարկէ չի խախտեր», եւ յաւելած է, որ սահմանին ներկայ պիտի ըլլան հայ սահմանապահներն ու մաքսաւորները։

Փոխնախարարին խօսքով՝ սա Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի տրամաբանութեան մէջ է, իսկ նախագիծին տրամաբանութիւնը յայտնի է բոլորին։

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԿԱՅԱՆԱԼԻՔ «ՊՐԻՔՍ»-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ

Next Post

ԽԱՆԴԱՆԵԱՆ. «ՀՀ-ԻՆ ԵՒՍ ԿԸ ՄՏԱՀՈԳԷ ՊԱՔՈՒԻ ԶԻՆՈՒԻԼԸ»

Next Post
ԽԱՆԴԱՆԵԱՆ.  «ՀՀ-ԻՆ ԵՒՍ ԿԸ ՄՏԱՀՈԳԷ ՊԱՔՈՒԻ ԶԻՆՈՒԻԼԸ»

ԽԱՆԴԱՆԵԱՆ. «ՀՀ-ԻՆ ԵՒՍ ԿԸ ՄՏԱՀՈԳԷ ՊԱՔՈՒԻ ԶԻՆՈՒԻԼԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.